Մայիս 28, 2025-ի վաղ առաւօտեան, Ուաթըրթաունի (Մասաչուսէց) մէջ իր մահկանացուն կնքեց ականաւոր օփերային երգչուհի եւ դերասանուհի Էլվիրա Ուզունեանը (1934-2025):
Ծնած Յունուար 2, 1934-ին, Թիֆլիսի (Վրաստան) մէջ, ան աւագ դուստրն էր ցեղասպանութիւնէն ճողոպրած Սիրարփի Զաքարեանի եւ Գրիգոր Ուզունեանի (Կարին/էրզրում): Թիֆլիսի պետական երաժշտանոցէն շրջանաւարտ, ան մուտք գործած է օփերայի եւ թատերական ասպարէզ. Երեւանի Սպենդիարեանի անուան ազգային երաժշտանոցին մէջ, ելոյթ ունենալով, որպէս սոփրանօ մենակատար՝ 1962-1991 թուականներուն: Ճարտարապետ Ալեքսանտր Թամանեանի կառուցած շքեղ օփերայի համալիրին մէջ, Ուզունեան անմոռանալի ելոյթներ ունեցաւ զանազան դերեր ստանձնելով, որոնց կարգին «Անուշ» (Արմէն Տիգրանեան), «Լա Թրաւիաթա» (Ճուզեփէ Վերտի), եւլն:
Ան կատարած է բազմաթիւ ճամբորդութիւններ եւ ելոյթներ ունեցած՝ Ասիոյ եւ Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ, որոնց կարգին յատկապէս Նիւ Եորքի հանրահռչակ «Քարնըկի Հոլ»-ին մէջ, 1970 թուականին: Ան դեր ստանձնած է վեց ժապաւէններու մէջ, որոնց կարգին «Գառնի» (1966) «Երիտասարդութեան ափը» (1969), «Սպիտակ ափեր» (1975), «Եւս հինգ օր» (1978), «Հիւրանոց “Տատիկ”» (1980), and «Մասնակի դէպք» (1983):
Ուզունեան լոյս ընծայած է բազմաթիւ ձայնապնակներ եւ 1978-ին արժանացած է իբրեւ Խորհրդային Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտ, իսկ 1985-ին՝ Վրաստանի ժողովրդական արուեստագէտ:
Հայաստանի անկախութենէն ետք, Ուզունեան հետզհետէ աւելի այցելեց Պոսթըն, իր կարգ մը հարազատներուն մօտ եւ շարունակեց հայ երաժիշտներու յաջորդ սերունդի գեղարուեստական ղեկավարի եւ դաստիարակի գործունեայ ասպարէզը, իր բարեգործական հիմնադրամով` «Help Young Talents»:
Եզակի տիպար մըն էր Էլվիրա Ուզունեանը, իր հեզ նկարագրով, առատաձեռնութեամբ եւ անշուշտ մտարուեստական գերազանցութեամբ:
Հայրենիքէն հեռու, անոր կիզակէտը շարունակ կը մնար Հայաստանը եւ յատկապէս Երեւանի Օփերան: Իր ժողովուրդի ամենամութ պահերուն, ան կ՛ապրէր հաւաքական ճակատագրի վերելքի եւ անկման հոսքով:
Անոր բացակայութինը խորապէս պիտի զգան ոչ միայն իր ընտանիքն ու ընկերները, այլեւ երաժիշտներու, արուեստագէտներու եւ հասարակութեան զանազան սերունդները, թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ սփիւռքի մէջ:
Հանգուցեալին սգակիր հարազատներն են.- Քոյրը՝ Լօրա Ուզունեան, դուստրը՝ Զառա Ուզունեան – Հալփին, թոռնուհին Լարա Ուզունեան – Հալփին, եւ փեսան Անթոնի – Հալփին։ Ընտանեկան յուղարկաւորութիւնը տեղի պիտի ունենայ Երեքշաբթի, Յունիս 3-ին, Սուրբ Խաչ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ (200 Lexington St, Belmont, MA 02478) մէջ, առաւօտեան ժամը 11:30-ին: Կը խնդրուի, փոխան ծաղկեպսակի, կատարել նուիրատրութիւններ տեղւոյն Սուրբ Խաչ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ:
(https://www.giragosianfuneralhome.com/obituary/elvira-ouzounian?lud=3AAC214EDA74727A0D6542D781F603B8).