Հինգշաբթի, Մայիս 29-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ժամանեց Աթէնք։
Վեհափառ Հայրապետը օդակայանին մէջ պաշտօնապէս դիմաւորուեցաւ Յունաստանի կառավարութեան ներկայացուցիչին, Յունաստանի եկեղեցւոյ պետ Երոնիմոս Բ.ի ներկայացուցիչներուն, Յունաստանի Հայոց Թեմի առաջնորդին, Կաթողիկոսարանի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ տոքթոր Արմէն Տէրեանի եւ թեմի ազգային վարչութեան ատենապետ Թագւոր Յովակիմեանի կողմէ:Ժամանումէն անմիջապէս ետք, առաջին հերթին, Նորին Սրբութիւնը հանդիպում ունեցաւ վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիսի հետ: Ապա, Հայրապետն ու վարչապետը ընդհանուր քննարկման առարկայ դարձուցին Միջին Արեւելքի պարզած աշխարհաքաղաքական կացութիւնը:
Հանդիպման սկզբնաւորութեան, Նորին Սուրբ Օծութիւնը վարչապետին ներկայացուց Յունաստանի Հայոց Թեմի նորընտիր առաջնորդ Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Եմիշեանը, ինչպէս նաեւ իրեն ընկերացող պատուիրակութեան անդամները՝ Կաթողիկոսարանի դիւանապետ Գերշ. Տ. Տաճատ Եպս. Աշըգեանը, Լիմասոլի հոգեւոր հովիւ Գերպ. Տ. Յովհաննէս Ծ. Վրդ. Սաղտճեանը եւ Կաթողիկոսարանի Միջին Արեւելքի միջ-եկեղեցական եւ միջ-կրօնական յարաբերութեանց պատասխանատու Հոգշ. Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեանը: Իր պատուիրակութեան ներկայութեան, Վեհափառ Հայրապետը վարչապետին յանձնեց Բարձր Բերդի Աւետարանի կրկնօրինակը: Ապա, Նորին Սրբութիւնն ու վարչապետը առանձնանալով՝ առանձին զրոյց ունեցան վարչապետի գրասենեակին մէջ:
Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Յունաստանի անվտանգութեան ընդհանուր պատասխանատուին։ Հանդիպման քննարկումները ընդգրկեցին ընդհանրապէս Միջին Արեւելքը, յատկապէս քրիստոնեայ համայնքները։
Ապա, Հայրապետին այցելեց Յունաստանի կրթութեան, կրօնական հարցերու ու մարմնակրթութեան նախարար Սոֆիա Զախարաքի։ Սոյն հանդիպման ներկայ էին նաեւ Յունաստանի Հայոց Թեմի ազգային իշխանութեան ներկայացուցիչները։ Հանդիպումը առիթ եղաւ լայնօրէն քննարկելու հայկական ազգային վարժարաններուն օժանդակութեան հետ աղերս ունեցող ծրագիրներ։ Նախարարը իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց սիրով ընդառաջել ազգային վարժարաններուն կատարուող պետական օժանդակութիւնը առաւել ծաւալելու Նորին Սրբութեան առաջարկին։ Քննարկումի նիւթ դարձան նաեւ համազգային ու եկեղեցական որոշ խնդիրներ։
Արամ Ա. Կաթողիկոսին այցելեց Աթէնքի եւ ամբողջ Յունաստանի ուղղափառ եկեղեցւոյ պետ Երոնիմոս Բ. Արքեպիսկոպոսը։ Այս առիթով, ի պատիւ Վեհափառ Հայրապետին, Արքեպիսկոպոսը պաշտօնական ճաշկերոյթ կազմակերպեց, որուն ընթացքին պաշտօնական խօսքեր արտասանուեցան եւ նուէրներու փոխանակում կատարուեցաւ։ Նորին Սրբութիւնը Արքեպիսկոպոսին նուիրեց Նարեկ Աղօթամատեանի բնագիրի կրկնօրինակը, իսկ Արքեպոսկոպոսը Հայրապետին՝ յոյն եկեղեցւոյ յատուկ կրօնական զարդարուեստ մը։
Ապա, Վեհափառ Հայրապետը հանդիպում ունեցաւ Յունաստանի կրօնական հարցերու ընդհանուր տնօրէնին հետ, ներկայութեամբ Յունաստանի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Եմիշեանի։
Աթէնքի խորհրդարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Արամ Ա. Կաթողիկոսի անգլերէն լեզուով հեղինակած «Հայ Եկեղեցին» գիրքի յունարէն թարգմանութեան շնորհահանդէսը, ներկայութեամբ Աթէնքի եւ ամբողջ Յունաստանի ուղղափառ եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Երոնիմոս Բ. Արքեպիսկոպոսին եւ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին:
Նշենք, որ Նորին Սրբութեան գիրքը թարգմանուած է շուրջ տասը լեզուներու եւ լայն շրջանառութիւն ու ընդունելութիւն գտած օտար շրջանակներու կողմէ: Յիշեալ գիրքը յունարէնի թարգմանեց յոյն եկեղեցւոյ բարձրաստիճան եպիսկոպոսներէն Ֆիլատէլֆիոյ առաջնորդ Կապրիէլ եպիսկոպոսը եւ հրատարակուեցաւ Յոյն Պատրիարքարանին կողմէ:
Շնորհահանդէսը տեղի ունեցաւ յոյն թէ հայ յատուկ հրաւիրեալներու ներկայութեամբ: Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր խօսքին մէջ ընդգծեց, թէ այս գիրքը յստակօրէն ցոյց կու տայ հայ ու յոյն եկեղեցիներուն ու ժողովուրդներուն պատմական յարաբերութիւնը: Այդ յարաբերութիւնը ո՛չ միայն եղած է սերտ, այլ համապարբակ, ներառելով մեր եկեղեցւոյ ու կեանքի զանազան բնագաւառները: Ան աւելցուց, թէ այս գիրքը կը ներկայացնէ հասարակաց աւանդութիւններն ու արժէքները, որոնք միշտ գոյութիւն ունեցած են մեր եկեղեցիներուն ու ժողովուրդներուն միջեւ: Այսօր եւս մենք ունինք հասարակաց դատ եւ, հետեւաբար, մեր գործակցութիւնը պէտք է աւելիով սերտանայ։
Մայիս 30-ին, Յունաստանի պաշտպանութեան նախարար Նիքոս Տենիտաս, ի պատիւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, ճաշկերոյթ մը սարքեց, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ Յունաստանի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Եմիշեան եւ Հայրապետին պատուիրակութեան անդամները: Նշենք, որ պաշտպանութեան նախարարը Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարն էր նախապէս եւ մօտէն ծանօթ է Հայաստանի ու Միջին Արեւելքի կացութեան: