Լրահոս

ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՇՈՒՐՋ

 

 

Գրաւեալ Բերձորի՝  Լաչինի մէջ կայացաւ Ատրպէյճանի, Թուրքիոյ եւ Փաքիստանի նախագահներուն հանդիպումը, որուն ընթացքին Իլհամ Ալիեւ երախտագիտական խօսքեր ուղղեց Անգարայի եւ Իսլամապատի իշխանութիւններուն, 44-օրեայ պատերազմին ընթացքին Ատրպէյճանի ցուցաբերուած քաղաքական եւ բարոյական աջակցութեան համար։ Ալիեւ յատուկ կերպով ընդգծեց Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի եւ Փաքիստանի միջեւ զինուորական համագործակցութեան կարեւորութիւնը։ Ըստ Ալիեւի, երեք երկիրներուն միջեւ զինուորական համագործակցութիւնը կ՛ամրապնդէ խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը՝ Հարաւային Կովկասի մէջ։

*

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէփ Էրտողան Լաչինէն վերադարձի ճանապարհին օդանաւին մէջ պատասխանելով լրագրողներուն հարցումներուն, անդրադարձաւ այսպէս կոչուած Զանգեզուրի միջանցքին եւ յայտարարեց, որ կ՛ակնկալէ Իրանի աջակցութիւնը։

Էրտողանի համաձայն, Զանգեզուրի անցքը Ատրպէյճանի համար ոչ միայն ցամաքային կապ է Նախիջեւանի հետ, այլեւ՝ համարկման նոր գիծ մը, որ կը տարածուի դէպի թրքական աշխարհ՝ Թուրքիոյ միջոցով։ Ան ըսաւ ,որ Զանգեզուրի միջանցքին բացումը նաեւ կ՛ամրապնդէ Կովկասի փոխադրութեան եւ ուժանիւթային ենթակառոյցները։

*

   Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Քրեմլինի մէջ ընդունեց Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանը, որ Ռուսիոյ նախագահին հետ քննարկեց Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ պատերազմին դադրեցման նպատակով կատարուած վերջին նախաձեռնութիւնները, ինչպէս նաեւ՝ 16 Մայիսին, Պոլսոյ մէջ կայացած խաղաղութեան բանակցութիւններէն ետք արձանագրուած զարգացումները։

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ տնտեսութեան եւ ուժանիւթի մարզերուն մէջ ռուսեւթրքական գործակցութեան կապուած խնդիրներուն։ Փութին – Ֆիտան տեսակցութեան ներկայ գտնուեցաւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրով։

Տեղին է նշել, որ Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարները ունեցան հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննարկեցին Հարաւային Կովկասի ընդհանուր իրավիճակը։ Հաքան յայտարարեց, որ Թուրքիա կը զօրակցի Ատրպէյճանի քայլերուն, որոնց նպատակն է բարելաւել Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները։ Իսկ Լաւրով նշեց, որ Ռուսիա եւ Թուրքիա հետաքրքրուած են խաղաղ եւ կանխատեսելի Հարաւային Կովկասով, որուն կարելի է հասնիլ միացեալ ճիգերով եւ 3+3 համագործակցութեան հարթակով։

*

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան նաեւ այցելեց Ուքրայինա, ուր մայրաքաղաք Քիեւի մէջ խորհրդակցութիւններ ունեցաւ արտաքին գործոց նախարար Անտրէ Սիպիկայի հետ։ Ֆիտան ապա յայտարարեց,որ Թուրքիա կը փափաքի հիւրընկալել Թրամփ – Փութին – Զելենսկի հանդիպում մը Անգարայի մէջ։

Սիպիկա, իր կարգին, հաղորդեց, որ Ուքրայինա պատրաստ է Ռուսիոյ հետ բանակցութիւններուն յաջորդ փուլին, սակայն կը սպասէ Մոսկուայի առաջարկները՝ զինադուլի մասին։

Տեղին է նշել,որ Հաքան Ֆիտան նախապէս այցելած էր Մոսկուա, ուր տեսակցութիւններ ունեցած էր նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ։

*

Միացեալ Նահանգներ – Թուրքիա առեւտրական բանակցութիւններուն երրորդ ռաունտը կայացաւ Ուաշինկթընի մէջ, ուր թրքական պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցաւ առեւտրական հարցերով փոխ ներկայացուցիչ Պրայընթ Թրիքի եւ այլ պաշտօնատարներու հետ։

Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ միջեւ առեւտրական գործառնութեան տարեկան պատկերը շուրջ 100 միլիառ տոլար է։ Հանդիպումներուն ընթացքին քննարկման առարկայ դարձան թուրքեւամերիկեան առեւտրական գործակցութեան առաւել զարկ տալու կարելիութիւններն ու հեռանկարները։Խորհրդակցութիւններուն առանցքը դարձան նաեւ նորարութիւններու, արհեստագիտութեան, արուեստական բանականութեան եւ այլ մարզերու մէջ գործակցութեան զարկ տալու քայլերը։

*

Կոստանդնուպոլսոյ գրաւման 572 ամեակին առիթով, Պոլսոյ մէջ կազմակերպուեցան մեծ թիւով հանդիսութիւններ եւ ձեռնարկներ, որոնց նպատակն էր լուսարձակի տակ բերել քաղաքին պատմական  հարուստ անցեալը, ուր բիւզանդական կայսրութեան կառավարման շրջանին ծաղկած են արուեստները՝ իրենց բոլոր մարզերուն մէջ։ Օսմանցիները բիւզանդական այս մշակութային բացառիկ ժառանգութիւնը իւրացնելով՝ Պոլիսը վերածեցին կայսրութեան մայրաքաղաքին, հոն վերաբնակեցնելով հայեր, յոյներ, ասորիներ, իտալացիներ, հրեաներ եւ այլ ազգութիւններէ մարդիկ, որպէսզի օգտուին անոնց տնտեսական, վաճառականական, արուեստներու, արհեստներու  եւ այլ մարզերու մէջ կարողութիւններէն։

29 Մայիս 1453-ին 21-ամեայ Մեհմէտ Բ սուլթանը գրաւեց Կոստանդնուպոլիսը՝ վերջ տալով բիւզանդական տիրակալութեան։

 

 

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button