ԳլխաւորԼրահոս

ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՆ ՇԱԲԱԹԸ

 

Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմէին Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Լիլիթ Գալստեան եւ Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելեան, այցելեց Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպանատուն, ուր տեսակցութիւն մը ունեցաւ դեսպան Մեհտի Սոպհանիի հետ։

Հ.Յ.Դ. պատուիրակութիւնը ներկայացուց կուսակցութեան դիրքորոշումները՝ հարաւային կովկասեան զարգացումներուն, Հայաստանի ապահովութեան եւ ներքաղաքական հարցերուն վերաբերեալ։ Իր կարգին, Սոպհանի կարեւորեց տարբեր մարզերու մէջ Հայաստանի եւ Իրանի ներուժներուն աւելի օգտագործման անհրաժեշտութիւնը։

*

28 Մայիսին, Հ․Յ․Դ․ Հայաստանի Գերագոյն մարմինին կազմակերպութեամբ՝ Սարդարապատի մէջ նշուեցաւ Հայաստանի առաջին հանրապետութեան հռչակման 107-ամեակը:

Տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակ զետեղելու արարողութիւնը՝ Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանի արձանին մօտ, ապա օրուան խորհուրդին նուիրուած հանդիսաւոր ձեռնարկը՝ Սարդարապատի յուշահամալիրին մէջ:

Հ․Յ․Դ․ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելեան Սարդարապատի ճակատամարտի վճռորոշ յաղթանակին առիթով՝ Գերագոյն մարմինին անունով շնորհաւորեց հայ ժողովուրդը:

Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան շնորհաւորեց հայ ժողովուրդը մեծ եւ փառաւոր յաղթանակին առիթով, ապա դիմելով ՀՅ Դաշնակցութեան շարքերը անցնիլ պատրաստուող 55 նորագիրներուն՝ ըսաւ. «Սիրելի նորագիրներ, երդման արարողութիւնը ամենակարեւոր, առանցքային իրադարձութիւնն է իւրաքանչիւր դաշնակցականի կեանքում: Դա առաջին քայլն է, որով դուք միանում էք Դաշնակցութեան մեծ ընտանիքին եւ ոչ միայն գործող դաշնակցականներին, այլ ժողովրդի ոգին պահող եւ այդ ոգով մեզ առաջնորդող բոլոր նահատակներին: Դուք դառնում էք նրանց ընկերը, նրանք դառնում են ձեր ուսուցիչը, դառնում ձեզ ուղղորդողը: Դաշնակցութեան եւ դաշնակցականի համար, սա, սոսկ պարզ երդում չէ, սա ուխտ է, որ ամէն անձ, անհատապէս, որոշում է կայացնում այլեւս ապրելու առաջին հերթին հայրենիքի, ժողովրդի եւ յետոյ միայն իր համար»:

Աւարտին, Արմէն Ռուստամեանի կնքահայրութեամբ՝ կատարուեցաւ երդման արարողութիւնը:

Սարդարապատի մէջ տօնախմբութիւններու աւարտին տեղի ունեցաւ ընկերային մեծ խրախճանք մը, որուն ընթացքին հնչեցին ազգային-յեղափոխական երգեր:

*

Սուրբ Էջմիածնի Մայր Աթոռի արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժանմունքի պատասխանատու Նաթան արքեպիսկոպոս Յովհաննիսեան Սարդարապատի յուշահամալիրին մէջ յայտարարեց, որ եկեղեցին իր կարծիքը չէ փոխած, ինչ կը վերաբերի Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջին։

Նաթան սրբազան նշեց, որ Մայր Աթոռը հրաւէր չէ ստացած պետական դասին հետ մասնակցելու Սարդարապատեան միջոցառումներուն, բայց ասիկա առաջին տարին չէ, որ հոգեւոր դասը առանձինն կը մասնակցի։ Աւելի՛ն։  Անցեալ տարի արձանագրուած պատահարէն ետք հրաւէր չէին ակնկալեր։ Անցեալ տարի ոստիկաններ փորձած էին արգելք հանդիսանալ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին, որ իր յարգանքի տուրքը մատուցէ Սարդարապատի յուշահամալիրին մէջ։

Տեղին է նշել ,որ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը այս տարի Սարդարապատի յուշահամալիր չայցելեց, որովհետեւ կը գտնուէր Զուիցերիա, Պերնի մէջ մասնակցելու համար Եկեղեցիներու Համաշխարհային խորհուրդի նախաձեռնած Արցախի մշակութային ժառանգութեան պահպանման նուիրուած միջոցառումին։

*

Նաթան արքեպիսկոպոսի յայտարարութենէն մէկ օր ետք, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան քննադատեց Մայր Աթոռը՝ յայտարարելով, որ մեր եկեղեցիները շտեմարաններու վերածուած են, բառին ամբողջական իմաստով։ Ան կ՛ակնարկէր միջնադարեան քանի մը եկեղեցիներու, որ այցելած էր կրթութեան եւ գիտութեան նախարարին ընկերակցութեամբ։ « Հարց կու տամ՝ այս եկեղեցիները պատմամշակութային արժէ՞ք են, որոնք ոչ կառավարութեան, ոչ համապատասխան մարմիններուն կողմէ կը կառավարուին։ Պաշտօնապէս կը յայտարարեմ, որ մեր եկեղեցիները չուլանացուած են։ Չուլան ռուսերէն կը նշանակէ շտեմարան։

Ընդհանրացնելով այս խնդիրը, որ բնականաբար այպանելի երեւոյթ մըն է, Փաշինեան կը հակադարձէր Մայր Աթոռին որդեգրած պաշտօնական դիրքորոշման՝ իր հրաժարականին վերաբերեալ։

Մայր Աթոռին պատասխանը չուշացաւ։ Շիրակի թեմի առաջնորդ Միքայէլ արքեպիսկոպոս Աջապահեան յայտնեց, որ եկեղեցին եւս կը պայքարի այս յոռի երեւոյթին դէմ եւ կարիքը ունի պետական աջակցութեան, որպէսզի եկեղեցիներուն կից կառուցուին պահեստանոցներ։

Իր կարգին, Մայր Աթոռի դիւանապետ Արշակ արքեպիսկոպոս Խաչատրեան յայտնեց, որ գնահատելի է, որ գործող վարչապետը ի վերջոյ ընկալած է յուշարձանի կարգավիճակ ունեցող սրբավայրերու պահպանութեան գործին մէջ իր եւ իշխանութիւններուն պատասխանատուութիւնը։ Սակայն ցաւալի է, որ նման նուրբ հարցի շուրջ արտայայտուելու ընթացքին վարչապետը չի յաջողիր ծածկել կրթութեան պակասը, որովհետեւ պէտք է տեղեակ ըլլալ, որ յուշարձանի կարգավիճակ ունեցող սրբավայրերու պահպանութեան առնչութեամբ տակաւին 2019-ին եկեղեցին քանի մը անգամ դիմած է պետական մարմիններուն եւ ընդգծած հարցերը միասնաբար քննարկելու անհրաժեշտութիւնը։ Սակայն այս դիմումները մինչեւ այսօր անպատասխան մնացած են։

*

Գրաւեալ Բերձորի՝ Լաչինի մէջ կազմակերպուած տօնախմբութեան ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ դարձեալ Հայաստանէն  հողային պահանջներու մասին խօսեցաւ եւ յայտարարեց, որ Արեւմտեան Զանգեզուրը անջատուեցաւ Ատրպէյճանէն եւ կցուեցաւ Հայաստանի։ «Ասիկա մեծ անարդարութիւն էր եւ ատրպէյճանցիները նման անարդարութիւններու բախեցան իրենց ամբողջ պատմութեան ընթացքին», աւելցուց ան։ Ատրպէյճանցիները Արեւմտեան Զանգեզուր կը կոչեն Սիւնեաց մարզը։

*

Երեւան եւ Պաքու աշխատանքային կարգով կարծիքներ եւ առաջարկներ կը փոխանակեն՝ սահմանազատման աշխատանքներու յառաջիկայ հանգրուաններուն շուրջ, հաղորդեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը, առանց յստակացնելու, թէ Ատրպէյճան պատասխանա՞ծ է հայկական կողմին առաջարկներուն։ Նախապէս վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հաղորդած էր, որ Երեւան գրաւոր  առաջարկներ յղած է Պաքուի։

Արտաքին գործոց նախարարութիւնը նաեւ շեշտեց, որ խաղաղութեան համաձայնագիրը համաձայնեցուած է եւ Երեւան պատրաստ է ստորագրելու զայն։ Սակայն Պաքու երկու նախապայման դրած է՝ խաղաղութեան համաձայնագրին ստորագրման համար։ Ատրպէյճանցիները կը պահանջեն, որ Հայաստանի Սահմանադրութիւնը փոխուի եւ լուծարուի Մինսքի խումբը։ Իր կարգին, Երեւան առաջարկած է համաձայնագիրը ստորագրել եւ Մինսքի խումբը լուծել՝ միեւնոյն ժամանակ։

*

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց, որ քննարկումները կը շարունակուին՝ Կապանի մէջ ռուսական հիւպատոսարանի բացման շուրջ։

Ռուսիա Սիւնիքի մէջ հիւպատոսարան բանալու մտադրութեան մասին կը խօսի տարիներէ ի վեր։ Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով վերջերս Երեւանի մէջ յայտարարած էր, որ նախարար Միրզոյեանի հետ մանրամասնօրէն քննարկած է ռուսական հիւպատոսարանի բացման հարցը՝ աւելցնելով,որ նախապատրաստական աշխատանքները ընթացքի մէջ են։ Իսկ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա Լաւրովի Հայաստան այցելութենէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին շեշտած էր, որ հայկական կողմին պէտք է հարց տալ, թէ ինչու Սիւնիքի մէջ ռուսական հիւպատոսարանը տակաւին չէ բացուած։

*

Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութեան պետական նախարար Մոհամէտ Խալիֆա Երեւանի մէջ տեսակցութիւն մը ունեցաւ Հայաստանի Ապահովութեան Խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի հետ, որ ողջունեց պետական նախարարին Հայաստան այցելութիւնը եւ կարեւորեց փոխադարձ այցելութիւնները։

Հանդիպման ընթացքին  ընդգծուեցաւ Հայաստան- Քաթար յարաբերութիւններուն բարեկամական բնոյթը եւ վերահաստատուեցաւ երկկողմանի համագործակցութեան թափ տալու պատրաստակամութիւնը։ Քաթարցի պաշտօնատարը շեշտեց, որ քաթարեան իշխանութիւնները պատրաստ են նպաստելու տարբեր մարզերու մէջ գործակցութեան ընդարձակման։

 

 

 

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button