Նորընտիր Պապին Հայկական Ծագման Հերթական Առասպելը
ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ
14 Մայիսի առաջին ժամերուն, WhatsApp-ր իրերայաջորդ կարճ հաղորդագրութիւններ բերաւ մեզի, Մոնթէվիտէոյէն մինչեւ Պոլիս, հարց տալով, թէ ճի՞շդ է, որ նորընտիր Լեւոն ԺԴ. Պապը հայկական արմատներ ունի, որոնք կ՚երթան մինչեւ… Արժանթին։ Արձագանգն էին վարդապետի մը գրածին, որուն տեղ տուած էին լուրջ համարուող հայկական լրատուամիջոցներ ալ, որ կը կրկնէր թրքահայ ոմն Նուրհան Չեթինքայայի անլուրջ պնդումը, թէ իր մեծ մայրը քոյրն էր ծիրանաւոր Ռոպըրթ Ֆրէնսիս Փրեւոստի (Լեւոն ԺԴ. Պապի) մեծ հօր՝ էվէրէկցի Սեդրակ Բարսեղեանի, որ 1915-ին Արժանթին գաղթած էր, ուր ըստ երեւոյթին անունը փոխած կ՚ըլլար, իսկ յետոյ՝ Միացեալ Նահանգներ գաղթած, որդին ալ ըլլալով Louis Marius Prevost։ Մինչ էվէրէկցիները (եւ կեսարացիները ընդհանրապէս) 1910-1914 թուականներուն նկատելի թիւ մը եղած են դէպի Արժանթին գաղթականութեան, չենք կրցած հասկնալ, թէ ո՞ւր եւ ի՞նչ հիմքով «Բարսեղեան» մականունը պիտի դառնար Preboste (որ ֆրանսերէն prevost բառի սպաներէնն է, հաշուելով որ ենթադրեալ անուանափոխութիւնը տեղի ունեցած էր Արժանթինի մէջ), որուն հետ ամենահեռաւոր առնչութիւնն իսկ չունի։
Երբ այս տողերը կը գրենք, նետուած գնդակը արդէն ձիւնագնդակ դարձած է ընկերային ցանցերուն մէջ, ուր չեն պակսիր մարդիկ, որոնք կը հաւատան նման անփաստ «յայտնութիւններ»ու։ Հոգ չէ թէ Պապին ֆրանսական, իտալական եւ գարիպեան արմատներուն մասին արդէն ընդարձակ ու վաւերական կերպով գրուած է։ Ինչպէս այլ ժողովուրդներու պարագային, շատեր հակամէտ կ՚ըլլան հաւատալու այս կամ այն հռչակաւոր մարդու հայկական արմատներուն, մանաւանդ՝ չփաստուած տեսակէն։ Նման օրինակներ ծիծաղելիութեան աստիճանին կրնան հասնիլ, բայց զանոնք թուարկելու պէտք չկայ[1]։
Թերեւս ոմանք մեզ կշտամբեն, որ չէր արժէր այս առասպելով զբաղիլ, բայց մեր համակարգիչին խորերը թաղուած գրառումի մը երեւան գալը ճիշդ այս օրերուն առիթը տուաւ մէկ քարով երկու թռչուն զարնելու։
Այսպէս, գրառումներու հին արխիւներ աչքէ անցընելու եւ «մաքրելու» ընթացքին, հանդիպեցանք 2008-ին Նիւ Եորքի հանրային գրադարանին մէջ մեր կարդացած իտալերէն յուշագրութենէ մը մէկ-երկու քաղուածքներու, որոնք մեր ուշադրութիւնը գրաւած էին՝ «չես գիտեր վաղուան օրը ի՞նչ կը բերէ» բանասիրական անգիր սկզբունքին հետեւելով։
Իտալահայ լրագրող Ֆրանքա Ֆեսլիքէնեան, որ մահացած է 2022-ին Միլանոյի մէջ, հրատարակած էր բաւականին իւրայատուկ գիրքեր, որոնցմէ նոյնիսկ ֆրանսերէն (“Faut-il croire aux cartes divinatoires,” “Լ’avenir revelé par les tarots” եւ “Guide de la serenité et de la sagesse: Les plus beaux proverbes chinois”, զոր օրինակ) եւ սպաներէն թարգմանութիւններ գտանք համացանցի վրայ։
2000-ին ան լոյս ընծայած է «Ժայռը եւ նուռը» խորագրով ընտանեկան յուշապատումը (վերատպուած՝ 2009-ին), ուր մեծ տեղ կը գրաւէ հայկական նիւթը։ Ֆրանսացի (արդար չէ՞ ըսել՝ ֆրանսահայ) նշանաւոր հայագէտ եւ հայոց լեզուի հմուտ մասնագէտ Ֆրետերիք Ֆէյտիի (1908-1991) կողակից Հերմինէ Ֆեսլիքէնեանը (1906-1995) հօրաքոյրն էր Ֆրանքա Ֆեսլիքէնեանի, որ իր յուշապատումին մէջ ութ էջ տրամադրած է պատմելու անոր հանդիպումն ու հետագայ ամուսնութիւնը Ֆէյտիի հետ՝ 1935-1937-ին[2]։
Սա՝ ի միջի այլոց։ Մեզ հետաքրքրողը այդ յուշագրութեան հետեւեալ պարբերութիւնն է, զոր պիտի մէջբերենք նախ բնագրով եւ ապա՝ թարգմանաբար.
“Infatti il famoso generale Von Guderian, l’inventore delle troppe corazzate tedesche, capo delle famose divisione di panzer, era nostro cugino in cuanto sua madre era cugina della nonna Nevrig [Geyvelian. V.M.]. Si erano incontrati a Milano, lui e mio padre [Dott. Aram Feslikenian. V.M.]. La famiglia Guderian era fuggita prima dei miei, nel 1916, in Germania, il padre di quello che poi era diventato generale, aveva ottenuto il “von” dall’imperatore e si era naturalizzato tedesco” [3].
(«Իրականին մէջ, հռչակաւոր զօրավար ֆոն Կիւտերեան՝ գերմանական զրահապատ զօրքերու գիտարարը եւ Փանցըր հրասայլերու հռչակաւոր զօրաբաժնի պետը, մեր զարմիկն էր, քանի որ անոր մայրը մեծ մօրս Նեւրիկի [Կէյվէլեան. Վ.Մ.] զարմուհին էր։ Ան [Կիւտերեան. Վ.Մ.] եւ հայրս հանդիպած էին Միլանոյի մէջ։ Կիւտերեան ընտանիքը 1916 թուականին՝ իմ ընտանիքէս առաջ, Գերմանիա փախած էր, իսկ ապագայ զօրավարին հայրը կայսրէն «ֆոն»-ը ստացած էր եւ գերմանահպատակ դարձած»)։
17 տարի առաջ կարդալով այս պարբերութիւնը, սկիզբը տպաւորուեցանք, եւ սակայն առիթն ու ժամանակը չունենալով փաստական ստուգում մը կատարելու, մէկ կողմ դրինք ու մոռացութեան մատնեցինք… մինչեւ որ «վաղուան օրը» բերաւ հերթական առասպելի արծարծումը։
Բանիմաց ընթերցողը թերեւս յիշէ, որ Բ. Աշխարհամարտի օրերուն (եւ հետագային ալ), հայ եւ օտար մամուլին մէջ յաճախ գրուեցաւ զօրավար Հայնց ֆոն Կիւտերեանի (1888-1954) հայկական ծագման մասին, որ սակայն մեր օրերուն հերքուած կը համարուի[4]։ Անգլերէն «Ուիքիփետիա»-ին դիմելը բաւարար եղաւ։ Անոր մէկ հաւաստի աղբիւրէն քաղեցինք հետեւեալ տուեալները.
ա) Կիւտերեանի 1888 թուականին ծնունդը Արեւմտեան Փրուսիոյ Քիւլմ (այժմ՝ Լեհաստանի Խելմնօ) քաղաքը արդէն վերոյիշեալ 1916 թուականի «փախուստը» ի չիք կը դարձնէ։
բ) Կիւտերեանի հայրը (Ֆրիտրիխ Կիւտերեան) եւ մեծ հայրերը փրուսիական բանակի սպաներ եղած են։ Պարզ է, որ սերունդներով գերմանացի էին եւ ո՛չ թէ յետին թուով «գերմանահպատակ»։
գ) Կիւտերեանի մօր անունը Գլարա Քիրչհոֆ էր[5]։
Ի վերայ այսր ամենայնի, Իրթա Օթիլի Գլարա Քիրչհոֆ (Irta Ottilie Clara Kirchhoff) ծնած էր Խելմնոյի մօտերը 1865-ին եւ մահացած՝ Պերլին, 1931-ին։ Ծնողքին անուններն էին Լուիս Քիրչհոֆ եւ Աննա Փուհան[6]։
Եթէ ընթերցողը կրնայ հայկական ծագումի մը նշոյլը գտնել եւ հաստատել Կիւտէրեանի մօր ազգակցական կապը իտալահայ Նեւրիկ Կէյվէլեանի հետ, կը խնդրենք որ մեզ տեղեակ պահէ։
Մարդ կը յուսայ, որ սեւով ճերմակի վրայ գրուած Կիւտերեանի հայկական «արմատներ»-ուն հիմնազուրկ պնդումը թերեւս ականջը խօսի անոնց, որոնք նման չնաշխարհիկ հաստատումնր, ինչպէս եւ նորընտիր Պապի պարագային, պատրաստ են կուլ տալու… դեղահատի պէս։
[1] Հետաքրքրուող ընթերցողներուն կը թելադրենք կարդալ հայրենի բանասէր Արծուի Բախչինեանի յառաջաբանին վերջին էջերը (Արծուի Բախչինեան, Հայազգի գործիչներ. հնագոյն ժամանակներից մինչեւ մեր օրերը, Երեւան, «Զանգակ-97» հրատարակչութիւն, 2002, էջ 7-12)։ [2] Franca Feslikanian, La roccia e il melograno, Milano, Mursia, 2000, pp. 106-114. [3] Անդ, էջ 143։ [4] Ա. Բախչինեան չէ ընդգրկած Կիւտերեանը իր կենսագրական բառարանի զոյգ հրատարակութիւններուն մէջ, իսկ «խիստ կասկածելի» նկատած է անոր հայկական ծագումը առաջինին մէջ (Արծուի Բախչինեան, Ծագումով հայ են, Երեւան, «Ապոլլոն», 1993, էջ 7)։ [5] Russell A. Hart, Guderian: Panzer Pioneer or Myth Maker?, Washington, D.C., Potomac Books, էջ XI, 5։ [6] https://www.geni.com/people/Irtha-Ottilie-Clara-Kirchhoff/6000000041030233843։