Լրահոս

ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՆ ՇԱԲԱԹԸ

 

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Երեւանի մէջ խորհրդակցութիւններ ունեցաւ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ։ Քննարկուեցան հայեւռուսական յարաբերութիւնները, շրջանային զարգացումները եւ երկու երկիրները յուզող հարցեր։

Տեսակցութենէն ետք մամլոյ միացեալ ասուլիսին ընթացքին լաւրով յայտարարեց, որ հարաւային կովկասի խնդիրները եւ հարցերը պէտք է լուծուին առաջին հերթին շրջանին պետութիւններուն եւ մերձակայ դրացի պետութիւններուն կողմէ։ Ան նաեւ խօսեցաւ երեք առաւել երեք ձեւաչափին մասին եւ յայտարարեց, որ Մոսկուա համամիտ է, որ յաջորդ երկու հանդիպումները կայանան Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի մէջ։

Իր կարգին, Միրզոյեան  հաստատեց, որ Երեւան չի պատրաստուիր վերատեսութեան ենթարկել Ռուսիոյ հետ դաշնակցային իր յարաբերութիւնները։ Ան սակայն աւելցուց, որ Երեւան հարկադրուած եղաւ ապահովութեան համակարգը վերակազմաւորելու, հոլովոյթ մը որ շարունակական է։

Միրզոյեան միեւնոյն ժամանակ յայտնեց, որ Հայաստան մտահոգութիւններ ունի՝ նշելով, որ նախատեսուած մեքանիզմները միշտ չէ, որ սահմանուած կարգով գործած են։ Ան նկատել տուաւ, որ Երեւան բաւարարուած չէ Հաւաքական Ապահովութեան Պայմանագրի կազմակերպութենէն եւ իր գործունէութիւնը սառեցուցած է  այս դժգոհութիւններուն պատճառով։

*

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ Ներկայացուցիչներու Տան մէջ յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ պատերազմի իսկական վտանգ գոյութիւն ունի եւ թէ Միացեալ Նահանգներ կը ջանան զայն կանխարգիլել։

Ռուպիօ նաեւ անդրադարձաւ պատերազմական հայ գերիներու եւ Ատրպէյճանի մէջ մարդու իրաւունքներու հարցերուն, Ռուպիօ նշեց, որ այս հարցերը կարեւորագոյն նշանակութիւն ունին՝ աւելցնելով, որ Միացեալ Նահանգներ Ատրպէյճանի մէջ ամերիկեան դեսպանատունը այս հարցերուն առնչութեամբ գործածելու ցանկութիւն ունին։

*

Ատրպէյճանի նախագահ իլհամ Ալիեւ հաստատեց,որ Պաքուի համար գոյութիւն ունին երկու նախապայմաններ՝ Հայաստանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիրը կնքելու համար։

Հունգարիոյ մայրաքաղաք Պուտափէշթի մէջ նախագահ Վիքթոր Օրպանի հետ իր տեսակցութեան ընթացքին Ալիեւ յայտարարեց, որ նախ պէտք է փոխուի Հայաստանի սահմանադրութիւնը եւ լուծուի Մինսքի խումբը, որպէսզի կարելի ըլլայ համաձայնագիրը կնքել։ Ան պնդեց, որ Պաքուի այս պայմաններուն մէջ տարօրինակ ոչինչ կայ։

Ալիեւի համաձայն,Երեւանի իշխանութիւնները ուշ կամ կանուխ համաձայն պիտի գտնուին Պաքուի այս նախապայմաններուն։

Միւս կողմէ, Ալիեւ յայտարարեց, որ Արեւմտեան Ատրպէյճանցիներու վերադարձի հարցը Պաքուի քաղաքական օրակարգէն պիտի չհանուի, այնքան ատեն, որ անոնք չեն վերադարձած։Ատրպէյճանի իշխանութիւնները արեւմտեան ատրպէյճան կը կոչեն ինքնիշխան Հայաստանի տարածքին մէկ մասը։Ան շեշտեց, որ Արեւմտեան ատրպէյճանցիներու վերադարձի ցանկութիւնը Հայաստանի նկատմամբ տարածքային պահանջներ չեն՝ նշելով,որ բնականաբար անոնց վերադարձը նաեւ կ՛ենթադրէ ապահովական երաշխիքներ։

Ալիեւի այս յայտարարութեան հակադարձեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը, որուն բանբերը շեշտեց, որ Հայաստանի տարածքին Արեւմտեան Ատրպէյճան գոյութիւն չունի։

*

Ատրպէյճանի նախագահի օգնական եւ արտաքին քաղաքականութեան հարցերով վարչութեան ղեկավար Հիքմէթ Հաճիեւ յայտարարեց,որ Հայաստանի հետ խաղաղութեան համաձայնագրին թեքսթին մէջ կան բաց հարցեր, որոնց շուրջ համաձայնութիւն չէ գոյացած։

Հաճիեւի համաձայն, անհրաժեշտ է վերջ դնել Հայաստանի Սահմանադրութեամբ Ատրպէյճանէն հողային պահանջին, որպէսզի շրջանին մէջ տէ ֆաքթօ խաղաղութիւն տիրէ։ Ան ըսաւ, որ Ատրպէյճան իր ճիգերը պիտի շարունակէ՝ իրաւականօրէն ամրագրելու խաղաղութեան համաձայնագիրը։

Տեղին է նշել,որ մինչ Երեւանի իշխանութիւնները կը յայտարարեն, որ պատրաստ են ստորագրելու խաղաղութեան համաձայնագիրը, Պաքու նախապայման կը համարէ Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութիւնը եւ Մինսքի խումբին համանախագահութեան լուծարումը։

*

Պաքուի մէջ գործող Կովկասի իսլամներու վարչութիւնը իր նիստին ընթացքին որոշեց ստեղծել Երեւանի մասնաճիւղը։ Նիստին, որուն նախագահեց Կովկասի իսլամներու վարչութեան նախագահ, Ալահշիւքիւր Փաշազատէ, մասնակցեցան բարձրաստիճան հոգեւորականներ, խորհրդարանի անդամներ եւ կառավարութեան ներկայացուցիչներ։ Պաքուի աղբիւրներ պնդեցին, որ խօսքը կը վերաբերի Երեւանի Ղազիաթին, որ գոյութիւն ունեցած է ցարական Ռուսիոյ  տարիներուն եւ համակարգած է Երեւանի նահանգին մէջ բնակած իսլամներու հոգեւոր կեանքը։

Քաղաքական մեկնաբաններ նկատել տուին, որ Արեւմտեան Ատրպէյճան քաղաքական ծրագրին թափ տալու ճիգերուն զուգահեռ, Պաքուի իշխանութիւնները կը ջանան տարբեր միջոցներով տարածել այն պատրանքը, թէ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներուն վրայ ատրպէյճանցիներու քաղաքական, հողային եւ կրօնական իրաւունքները անպայման պէտք է վերականգնել։

*

Հայաստանի  Ապահովութեան խորհուրդի  քարտուղար Արմէն Գրիգորեան Թեհրանի մէջ կայացած Երկխօսութեան ֆորումին ընթացքին յայտարարեց, որ այսպէս կոչուած Զանգեզուրի միջանցքի շուրջ ոչ մէկ քննարկում գոյութիւն ունի՝ աւելցնելով,որ Երեւան այդ անունը չի գործածեր։

Գրիգորեան ըսաւ, որ Երեւան հետաքրքրուած է, թէ ինչպէս կարելի է հարաւային կովկասեան հաղորդակցութեան միջոցները վերագործարկել՝ խաղաղութիւն եւ կայունութիւն ապահովելով շրջանին մէջ։

Պաքու Հայաստանէն կը պահանջէ ճանապարհ, որ Ատրպէյճանը կը կապէ Նախիջեւանի։ Ատրպէյճանցիները այս ճանապարհը կը կոչեն Զանգեզուրի միջանցք, ուր մաքսային հսկողութիւն պէտք չէ ըլլայ։ Երեւան կը պնդէ, որ այդ ճանապարհները պէտք է գործեն երկիրներու գերիշխանութեան տակ՝ մերժելով միջանցքային տրամաբանութիւնը։

*

Ատրպէյճանի մէջ կայացաւ ատրպէյճան- իրան միացեալ ռազմափորձին բացման պաշտօնական արարողութիւնը, որուն առիթով կատարուեցաւ միացեալ զօրահանդէս՝ իրանցի եւ ատրպէյճանցի զինուորականներու մասնակցութեամբ։

Արազ 2025 ռազմափորձը,ըստ իրանցի եւ ատրպէյճանցի պաշտօնատարներու, պիտի նպաստեն երկու բանակներուն միջեւ փոխադարձ վստահութեան ամրապնդման։Յատկանշական է, որ իրանեան լրատու գործակալութիւնները կը շեշտեն, որ միացեալ ռազմափորձը կը կատարուի այսպէս կոչուած ազատագրուած ղարաբաղի շրջանին մէջ։

*

«Մոնյումընթ Ուուչ» կազմակերպութիւնը կը յայտնէ, որ ատրպէյճանցիները ոչնչացուցած են Ասկերանի շրջանի հայրենական պատերազմի յուշահամալիրը եւ հրասայլ- յուշարձանը։

Ատրպէյճանցիները քառասուն չորս օրեայ պատերազմէն ետք ծրագրուած կերպով սկսած են քանդել հայրենական պատերազմին նուիրուած յուշակոթողները, որոնք կառուցուած են Արցախի տարածքին։ Այս յուշարձաններուն կողքին նաեւ կը քանդուին Արցախեան ազատամարտի նահատակներուն յիշատակին եւ հայոց պատմութեան նշանակալից թուականներուն նուիրուած յուշարձանները։ Վերջին հինգ տարիներուն ընթացքին նման համալիրներէն շատերը անհետացած են Շուշիի, Հատրութի, Ազոխի, Մեծ Թաղերու եւ այլ վայրերու մէջ։

Ասկերանի յուշահամալիրին աւերման պատճառը ատրպէյճանական նոր ճանապարհներու կառուցման ծրագիրներն են։

*

Վրաստանի իշխանութիւնները կը շարունակեն արգելակել հայկական քոնեակի վրացական հողերէն արտածումը՝ դէպի Ռուսիա եւ Պիելոռուսիա, պնդելով, որ արտածուած քոնեակին բաղադրութիւնը պէտք է ստուգուի Վրաստանի մէջ։

Հայ քոնեակագործները վրացական այս քաղաքականութեան դէմ իրենց բողոքը դարձեալ արտայայտեցին հաւաք մը կազմակերպելով Հայաստանի մէջ Վրացական դեսպանատան դիմաց։ Հայաստանի գործատուներու հանրապետական միութեան ղեկավար Գագիկ Մակարեան հաղորդեց, որ վրացիները ձեռք կը ձգեն քոնեակ արտածողներու փաստաթուղթերը, անոնց բովանդակութենէն կը ստանան հայկական քոնեակի բաղադրութեան գաղտնիքներ՝ ենթադրելով, որ այդ տուեալները կը փոխանցուին վրացի քոնեակագործներուն, որպէսզի հայկական շուկան խափանեն։

Խնդիրը այն է, որ հայ քոնեակագործներուն դժգոհութիւնները լսելի չեն Երեւանի իշխանութիւններուն կողմէ, որոնք ոչ մէկ քայլի կը դիմեն հայկական քոնեակի վաճառքը արգելակող վրացական քաղաքականութեան դէմ։Տեղին է նշել,որ հայկական քոնեակով բեռնաւորուած տասնեակ բեռնատարներ ամիսէ մը ի վեր կը սպասեն վրացական սահմանային անցակէտի վրայ, իրենց բեռը Ռուսիա եւ Պիելոռուսիա փոխադրելու համար։

*

Զուիցերիոյ մայրաքաղաք Պեռնի մէջ իր աշխատանքներուն սկսաւ տասնինը երեսփոխաններէ բաղկացած միջկուսակցական յանձնախումբը, օժանդակելու համար արցախահայութեան վերադարձի իրաւունքի իրացման համար միջազգային անհրաժեշտ մեքանիզմներու ստեղծման աշխատանքներուն, որոնք ընթացք պիտի առնեն՝ Զուիցերիոյ խորհրդարանի վերին պալատի տասնութ մարտի որոշման հիմամբ։

Այս նախաձեռնութեան նպատակն է նաեւ աջակցիլ Զուիցերիոյ յանձնառութեան՝ կարելիութիւններ ստեղծելու բաց երկխօսութեան, Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն եւ Արցախի հայ բնակչութեան ներկայացուցիչներուն միջեւ, բանակցելու համար պատմականօրէն բնակուած հայ բնակչութեան ապահով եւ համատեղ վերադարձին շուրջ։

 

 

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button