ԽՈՐԷՆ ԱՐՔ. ՏՈՂՐԱՄԱՃԵԱՆ՝ ՔԸՆԷԹԻՔԸԹԻ ՍՈՒՐԲ ՍՏԵՓԱՆՈՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀՈՎԻՒ
Կիրակի, 18 Մայիսին, Քընէթիքըթի Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ իր անդրանիկ պատարագը մատուցեց եւ քարոզեց, շրջանի նոր հոգեւոր հովիւը՝ Գերշ. Տ. Խորէն Արքեպիսկոպոս Տողրամաճեան: Ա.Մ.Ն. Արեւելեան թեմի Բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան, Վատիկանի մէջ նորընտիր Պապի գահակալութեան ներկայ գտնուելուն պատճառով, զինք ներկայացուց Կրօնական Ժողովի ատենապետ՝ Գերպ. Տ. Արտակ Ծ. Վրդ. Արապեանը: Խորանին վրայ սպասարկեցին Էտուըրտ Ա. Սրկ. Վարժապետեան, Յակոբ Սրկ. Տողրամաճեան, Յովհաննէս Սրկ. Տաղլեան եւ դպիր Քիթ Քէօլէեան: Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեցին դպիր-դպրուհիներ եւ հիւրաբար ներկաներ, խմբավարութեամբ եւ երգեհոնի նուագացութեամբ՝ Տիկին Սիւզըն Շահպազեանի: Պատարագին ներկայ գտնուեցան շրջանէն եւ այլ քաղաքներէ եկած աւելի քան 65 հաւատացեալներ: Պատարագիչ Սրբազանը իր քարոզին մէջ պատմականը կատարելէ ետք Երեւման Ս. Խաչին, անդրադարձաւ խաչի իմաստին եւ անոր լոյսին ու ըսաւ.
«Մենք, որպէս դարաւոր քրիստոնեայ ժողովուրդ, միայն Խաչին կը հաւատանք։ Յաճախ պէտք չէ հաւատանք ինչ որ կը տեսնենք մեր աչքերով, բայց մեր նայուածքը ուղղենք միայն դէպի այն ինչ որ հոգիին աչքերը կը տեսնեն, Խաչին երեւման, երկինքի երեւման, ամենահրաշալի Արարիչը»։
Պատարագէն ետք, եկեղեցւոյ սրահէն ներս հոգաբարձութեան կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ սիրոյ ճաշ եւ գործադրուեցաւ կոկիկ յայտագիր մը: Բարի գալուստի խօսքն ու սեղանավարութիւնը կատարեց հոբարձութեան անդամ՝ Էտուըրտ Ա. Սրկ. Վարժապետեանը: Սրբազան Հօր սեղանի օրհնութեան աղօթքէն ետք, Ազգային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ տոքթ. Հուրի Տաղլեան, յանուն վարչութեան հետեւեալը ըսաւ. «Վստահ ենք, որ ձեր գործունեայ եւ ժրաջան նոր հովիւը թարմ շունչ մը պիտի բերէ ձեր ծուխին, երբ կը դիմէք դէպի աւելի փայլուն ապագայ ու կը պատրաստուիք տօնելու Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ 100-ամեակը»։ Ապա, Կրօնական Ժողովի ատենապետ Գերպ. Տ. Արտակ Ծ. Վրդ. Արապեանը բարի գալուստ մաղթեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր Ազգային Վարչութեան Կրօնական Ժողովին անունով։ Զուգահեռ մը ընելով Երեւման Ս. Խաչի տօնին հետ, շեշտեց. «Սուրբ Խաչի սրբազան յայտնութեան եւ վերանորոգ հաւատքի ոգիով բարի գալուստ կը մաղթենք Գերշ. Տ. Խորէն Արքեպիսկոպոսին, հովիւ մը, որու ներկայութիւնը Աստուծոյ շնորհքի տեսանելի նշան մըն է այս օրհնեալ համայնքին համար»։
Անկէ ետք, Հ.Օ.Մ.-ի ներկայացուցիչ՝ տիկ. Մարգարիտ Պապիկեան, նոր հոգեւոր հովիւ Սրբազան Հօր բարի գալուստ մաղթելէ ետք յայտարարեց թէ շրջանը պիտի ունենայ իր մասնաճիւղը՝ «Վան» անունով, որ 36-րդ մասնաճիւղը պիտի ըլլայ եւ անդամները հրաւիրուեցան իրենց ուխտը կատարելու: Ապա, Ազգային Վարչութեան նախկին ատենապետ՝ փաստաբան Ռիչըրտ Սարաճեան, իր սրտի խօսքը ըսաւ: Տիկ. Սիւզըն Շահպազեան շնորհակալութեան խօսք յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք սատարած էին օրուան ձեռնարկի յաջողութեան։ Հուսկ, Խորէն Արքեպիսկոպոս իր սրտի խօսքը արտասանելով, շնորհակալութիւն յայտնեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, որ տնօրինած էր իր նոր ծառայութեան, եւ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեանին, Ազգային Վարչութեան, որ հոգաբարձութեան հետ համախորհուրդ անոր ծառայութիւնը Քընէթիքըթի մէջ շարունակելու որոշումը տուած էր։ Ձեռնարկը փակուեցաւ «Կիլիկիա» երգով եւ «Պահպանիչ» աղօթքով: