Լրահոս

ԼԱՒՐՈՎ ԱՅՑԵԼԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆ

Երեքշաբթի, Մայիս 21-ին, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով, երկօրեայ աշխատանքային այցելութիւն մը կատարեց Երեւան: Անոր դիմաւորեց Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Մնացական Սաֆարեանը:

Հ․Հ․ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ տեսակցութեան ժամանակ, յստակ էր, թէ տարակարծութիւններ կային երկու երկիրներուն միջեւ։

«Դէմ չենք, որ արտատարածաշրջանային պետութիւնները զարգացնեն իրենց յարաբերութիւնները տարածաշրջանի երկիրներուն հետ, բայց որ այդ համագործակցութիւնը պէտք չէ ստեղծէ տարածաշրջանէն ներս լարուածութիւն եւ շահերու արհամարհմանք», ըսաւ Լաւրով։

Նշենք, թէ Լաւրովի այցելութենէն առաջ, Երեւանի տարբեր շրջաններուն մէջ հակառուսական գրութիւններով պաստառներ պարզուած էին:

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button