ԱզգայինԼրահոս

ԳԼԽԱՒՈՐՈՒԹԵԱՄԲ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ՝ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ԺԱՄԱՆԵՑ ԳԱՀԻՐԷ

 

Ուրբաթ, 16 Մայիսին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ժամանեց Եգիպտոսի մայրաքաղաք՝ Գահիրէ  մասնակցելու հայ, ղպտի ու ասորի ուղղափառ եկեղեցիներու գործակցութեան կառոյցի տարեկան նիստին, ինչպէս նաեւ Նիկիոյ տիեզերական առաջին սուրբ ժողովի 1700-ամեակի նշման հանդիսութիւններուն:

Վեհափառ Հայրապետը կը գլխաւորէ տասը եպիսկոպոսներէ ու երեք վարդապետներէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը:

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button