Քոնկրէսականներ Ոգեկոչեցին Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակը
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․- Հայոց Ցեղասպանութեան 110-րդ տարելիցի առթիւ, Ծերակոյտի եւ Ներկայացուցիչների Պալատի երկու կուսակցութիւններ ներկայացնող տասնեակ անդամներ, հանդէս եկան հրապարակային յայտարարութիւններով, համայնքային հանդիպումներով եւ ընկերային ցանցերով կատարուած գրառումներով: Անոնք վերահաստատեցին իրենց յանձնառութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ, դեռ աւելի՛ն, պահանջեցին արցախահայութեան վերադարձն ու հայ ռազմագերիներու անյապաղ ազատ արձակումը։
Այս յայտարարութիւններով, անոնք հակազդեցին Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի շարունակական ժխտողականութեան, միաժամանակ նպաստելով քաղաքական յստակ քայլերու իրականացման՝ Ատրպէյճանի նկատմամբ պատժամիջոցներ կիրառելու եւ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները խորացնելու ուղղութեամբ։
«Քոնկրէսի անդամները ցուցաբերեցին բացառիկ դիրքորոշում՝ ինչպէս Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակը ոգեկոչելու, այնպէս ալ Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի նկատմամբ իրականացուած ցեղասպանական ցեղային զտումներու համար պատասխանատուութիւն պահանջելու հարցերու առնչութեամբ։ Անոնց սկզբունքային դիրքորոշումը կը զօրացնէ ցեղասպանութեան կանխարգելման գործը, կը խթանէ քաղաքական յստակ քայլեր՝ Ատրպէյճանի նկատմամբ պատժամիջոցներ կիրառելու ուղղութեամբ։ Այսօր մեզ, առաւել քան երբեք, անհրաժեշտ է Քոնկրէսի այս առաջնորդութիւնը, յատկապէս երբ Սպիտակ Տունը ձեռնածալ կը մնայ», յայտնեց Հայ Դատի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեանը։
Բազմաթիւ քոնկրէսական առաջնորդներ իրենց դժգոհութիւնը արտայայտեցին նախագահ Թրամփի՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը պատշաճ կերպով չճանչնալուն պատճառաւ։
Հայ Դատի յանձնախումբը կը շարունակէ աշխուժօրէն գործել՝ աջակցելու այն օրէնսդրական նախաձեռնութիւններուն, որոնք կ՛արգելափակեն ամերիկեան ռազմական աջակցութիւնը Ատրպէյճանին, եւ կ՛ամրապնդեն Ա․Մ․Ն․ – Հայաստան անվտանգութեան համագործակցութիւնը եւ Թուրքիայէն կը պահանջեն պատասխանատուութիւն՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը շարունակաբար ժխտելու համար։
Նաեւ, վերջին օրերուն Հայ Դատի յանձնախումբի Ուաշինկթընի գրասենեակի պատասխանատուները տարբեր նահանգներու մէջ հանդիպումներ ունեցան հայ համայնքներու եւ այդ շրջաններէն ընտրուած քոնկրէսականներու հետ։
Իւրաքանչիւր ելոյթի ընթացքին, այս ղեկավարները ամերիկահայերուն կոչ ըրին ձեռնարկել ազդու գործողութիւններ՝ յանձնախումբի քաղաքական առաջնահերթութիւններու շրջանակէն ներս։ Նաեւ, շարունակ նշուեցաւ «Ազատութեան աջակցման» oրէնքի 907-րդ կէտի կիրարկումը՝ Ատրպէյճանի ռազմական օգնութիւնը ամբողջութեամբ դադրեցնելու նպատակով, ինչպէս նաեւ՝ Ալիեւի վարչակարգին տրամադրուող ռազմական աջակցութեան լիակատար ընդհատումը։ Հայ Դատի յանձնախումբը հետեւողական ձեւով հանդէս կու գայ ատրպէյճանցի այն պաշտօնեաներու, որոնք պատասխանատու են պատերազմական յանցագործութիւններու համար։ Հայ Դատը նաեւ կոչ կ՛ընէ Մ․Ա․Կ․-ի անվտանգութեան խորհուդին դիւանագիտական ջանքեր իրականացնել՝ ապահովելու արցախահայութեան անվտանգ վերադարձի իրաւունքը։
Հուսկ, Հայ Դատը կը պահանջէ, որ Թուրքիան դադրեցնէ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը, ինչպէս նաեւ անյապաղ քայլեր ձեռնարկէ Երուսաղէմի Հայկական թաղամասի պաշտպանութեան ուղղութեամբ։ Այս բոլոր պահանջներու ընթացքին, յանձնախումբը կ՛ընդգծէ Ա․Մ․Ն․-ի՝ Ցեղասպանութեան ժխտման գործով, մեղսակից չըլլալու հրատապութիւնը՝ միաժամանակ պահանջելով դադրեցնել զէնքի վաճառքը Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի, ինչպէս նաեւ ճնշում բանեցնել Պաքուի վրայ՝ առանց նախապայմանի հայ ռազմագերիներուն ազատ արձակելու ուղղութեամբ։