Լրահոս

«Արցախը Մ՛երն է…» Մանկապատանեկան Գիրքի Գինեձօն

Երեքշաբթի, Մայիս 13-ին, Ուաթըրթաունի «Բաբգէ՝ն Սիւնի» ակումբին մէջ, կազմակերպութեամբ Արեւելեան Ա.Մ.Ն.-ի Հ.Օ.Մ.-ի Շրջանային Վարչութեան, պիտի կատարուի «Արցախը Մերն է…» մանկապատանեկան նկարազարդ գիրքին գինեձօնը։

Գիրքը ներկայացուած է երկխօսութեամբ մը, որ կ՛ընթանայ երեխաներու եւ «Արցախ»-ի միջեւ. երեխաները «Արցախ»-ին կ՛ուղղեն զիրենք հետաքրքրող հարցերը, վերջինս ալ կը պատմէ իր՝ պատմութեան, բնութեան, եկեղեցիներու, զինանշանի, նահագներու եւ կարեւոր վայրերուն մասին։

Արեւելեան Ա.Մ.Ն.-ի Հ.Օ.Մ.-ի Շրջանային վարչութիւնը՝ համագործակցելով ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ-ի հետ, հրապարակած է  այս մանկապատանեկան նկարազարդ գիրքը, որուն հեղինակն է Լիբանանի «Համազգայինի հայագիտական հիմնարկ»-ի (լեզու եւ գրականութիւն), Երեւանի Պետական Համալսարանի (կրթութեան կառավարում՝ մանկավարժութիւն-հոգեբանութիւն) բաժինները, ինչպէս նաեւ Graphic Design դասընթացը աւարտած Նայիրի Մկրտիչեան։ Գիրքին խմբագիրն է «Համազգայինի հայագիտական հիմնարկ»-ի (Պատմութիւն) եւ Երեւանի Պետական Համալսարանի «Արուեստի Պատմութիւն» բաժինը աւարտած Թամար Հերկելեան։

Գիրքէն օրինակ մը ստանալու համար դիմել.- Հ.Օ.Մ.-ի Արեւելեան Ա.Մ.Ն.-ի Շրջանային Վարչութեան գրասենեակ: Հեռ: 617-926-3801 կամ ե-նամակ: arseastus@gmail.com

 

 

 

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button