Լրահոս

«ՊՈՍԹԸՆ ՓՈՓՍ»-Ի ԵԼՈՅԹ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ ԱՆԻ ԱԶՆԱՒՈՒՐԵԱՆ

 

ՊՈՍԹԸՆ.- Հայ Մշակոյթի Բարեկամներու Հիմնարկը (Friends of Armenian Culture Society) հաղորագրութեամբ մը, կը տեղեկացնէ թէ, Շաբաթ Մայիս 31-ին, 72-րդ անգամ ըլլալով պիտի նշուի «Պոսթըն Փոփս»-ի հայկական յատուկ երեկոն, հանրածանօթ «Սիմֆընի Հոլ» սրահին մէջ:
Այս տարուան արուեստագէտն է, երիտասարդ Անի Ազնաւուրեանը, որ աւելի քան հինգ տարիէ ի վեր Քալիֆորնիոյ հանրածանօթ սենեկային երաժշտութեան Camerata Pacifica խումբին թաւջութակահարն է։ Անիին հայրն ալ՝ Փիթըր Ազնաւուրեանը հանրածանօթ թաւջութակահար եղած է։ Անցեալ տարուայ հայկական «Պոսթըն Փոփս»-ին ելոյթ ունեցած էր Անիին քոյրը՝ դաշնակահար Մարթա Ազնաւուրեանը։
«Պոսթըն Փոփս»ի ղեկավարն է մաէսթրօ Քիթ Լոքըրթը, որ 30 տարիէ ի վեր իր պաշտօնին վրայ է եւ պիտի ստանայ յատուկ յուշանուէր մը։ Այդ օրուան յայտագիրը կ՛ընդգրկէ գործեր շարժապատկերի երաժշտութեան մէջ մասնագիտացած Ճոն Ուիլիըմսէն։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար.- www.FACSBoston.org:

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button