Լրահոս

ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՍՈՒՐԲ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑԻ

Ուրբաթ, Ապրիլ 11-ին, Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան եւ Արժպ. Տ. Մեսրոպ Քհն. Լագիսեան՝ Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ (Նիւ Եորք) հոգեւոր հովիւ, ընդունեցին Լոս Անճելըսի «Ալեք եւ Ռոզ Փիլիպոս» վարժարանի 8-րդ դասարանի 53 աշակերտները, իրենց վեց ուսուցիչներով եւ պատասխանատուներով, որոնք եկեղեցին այցելեցին իբրեւ մէկ մասը իրենց արտադասարանային ծրագրի դէպի արեւելեան շրջան ճամբորդութեան։ Անոնց կ՚ընկերանային Նիւ Ճըրզիի «Յովնանեան» վարժարանի 8-րդ դասարանի 9 աշակերտները, դպրոցի ուսումնական պատասխանատու՝ տիկ. Հերա Մախուլեանի հետ։

Տէր Մեսրոպ Լագիսեան քահանայ բարի գալուստ մաղթեց ուրախութեամբ յայտնեց, թէ 15 տարիներէ ի վեր հաստատուած այս աւանդութիւնը այսօր եւս կը շարունակուի։ Ապա, Սրբազան Հայրը գնահատեց զոյգ դպրոցներու դաստիարակչական այս ծրագիրը եւ քաջալերեց, որ աշակերտները օգտագործեն իրենց ուսման տարիները եւ այդ շրջանին ամբարած պաշարը լաւագոյնս կիրարկեն իրենց կեանքին մէջ։

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button