ՈՒԱԹԸՐԹԱՈՒՆԻ ՄԷՋ ԾԱՂԿԱԶԱՐԴԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒԱԾ ԽՈՐԱՆԻ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ
Կիրակի, Ապրիլ 13-ին, Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան, Սուրբ Պատարագ մատուցանեց Ուաթըրթաունի (Մասաչուսէց) Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ ։ Ծաղկազարդի առիթով Առաջնորդ Սրբազան Հօր ներկայութիւնը Ուաթըրթաունի մէջ աւանդութիւն մը դարձած է այլեւս։
Փակ խորանով Մեծ Պահքի 40 օրերէն ետք, հաւատացեալները անհամբեր կը սպասէին մասնակցելու բաց վարագոյրով Սուրբ Պատարագին։ Սրբազան Հայրը իր քարոզին մէջ գնահատեց ծուխի նուիրումն ու Թեմի հիմնասիւնն ու ողնաշարը ըլլալու յանձնառութիւնը։
Սուրբ Պատարագը նաեւ յատուկ արարողութիւն մը ունէր, որուն ընթացքին օրհնուեցաւ վերանորոգ խորանն ու դասը։ Վերանորոգութիւն կարելի դարձած էր շնորհիւ տէր եւ տիկ. Յակոբ եւ Սօսի Ներսէսեաններու։ Գերպ. Տ. Հրանդ Ծայր. Վրդ. Թահանեան՝ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը, շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնց մասնակցութիւնը սատարած էր ծրագրի յաջողութեան։
Օրհնութենէն ետք, տեղի ունեցաւ Ծաղկազարդի մանուկներու թափօրը, Կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտներու եւ բոլոր ներկայ երեխաներու մասնակցութեամբ։ Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ Դռնբացէքի արարողութիւնը, որուն ընթացքին վարագոյրի բացուելուն կնքահայրն էր երիտասարդ ծխական Շիրակ Պէրէճիքլեանը։ Եկեղեցւոյ Տիկնանց Միութիւնը կազմակերպած էր անուշեղէններու վաճառքը, որմէ ետք Սրբազան Հայրը այցելեց նաեւ Հայ Մշակութային եւ Կրթական Կեդրոնը, ուր մասնակցեցաւ Ծաղկազարդի ճաշկերոյթին եւ յաւուր պատշաճի իր խօսքով բարձրօրէն գնահատեց շրջանի հայութեան հոգեւոր, մշակութային եւ ընկերային կեանքի ծաղկազարդումը։