Արտերկիր

Վարշաւայի Մէջ «Հայաստանի Մշակոյթի Օր»

Մարտ 28-ին, Լեհաստանի հայ ուսանողներու կազմակերպութեամբ եւ Հայաստանի դեսպանութեան օժանդակութեամբ, Վարշաւայի կեդրոնին յարակից Նաթոլինի՝ Եւրոպայի գոլէճին մէջ կատարուեցաւ «Հայաստանի մշակոյթի օր»-ուան ձեռնարկը:

Այս առթիւ, տեղի ունեցաւճատրակի մրցաշարք, հայկական տարազներու եւ արուեստի գործերու ցուցադրութիւն, հայկական քոնեակի համտեսում եւ այլն։ Ուսանողները հանդէս եկան հայկական երաժշտական եւ պարային կատարումներով։

Ձեռնարկի ծիրէն ներս դեսպան Ալեքսանդր Արզումանեան հանդիպում ունեցաւ Գոլէճի դասախօսական կազմին եւ ուսանողներուն հետ՝ պատասխանելով վերջիններուն՝ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան վերաբերող հարցումներուն։

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button