Հայաստանի մէջ, մեծ խանդավառութեամբ կը նշուի կանանց միջազգային օրը, որ փաստօրէն Մարտ 8էն մինչեւ Ապրիլ 7-ը տեւող տօնական Փառատօն մըն է:
Այսպէս, Հայաստանի Ազգային Ժողովի որոշումով, պետական տօներու շարքին աւելցուած է Մարտ 8-ը, որպէս Կանանց միջազգային օր` պահպանելով նաեւ նախապէս հաստատուած Ապրիլ 7-ի տօնը, որպէս մայրութեան եւ գեղեցկութեան օր: Տիկնայք Փափկասունքին նուիրուած, յառաջիկայ քանի մը շաբաթները, յիշատակելի առիթ մըն է նշելու թէ առհասառակ որքա՜ն կը գիտակցինք հայ կնոջ առաքինութեան եւ սրբազնագոյն առաքելութեան:
Այրեր թէ կիներ յարգանքի տուրք կը մատուցանեն բոլոր անոնց, որոնք պայքարեցան անցեալին, բայց եւ անոնց, որոնք կը շարունակեն պայքարիլ ու աշխատիլ, յատկապէս իգական սեռի կեանքի պայմանները բարելաւելու համար տեղական թէ միջազգային իմաստով:
Այս օրը առիթ մըն է անդրադառնալու նաեւ միասնականութեան իմաստին ու հետեւողական աշխատանքի կարեւորութեան, որ կ՛առաջնորդէ իմաստալից փոփոխութիւններ յառաջացնելով, ընկերութիւններէն ներս:
Կանանց Միջազգային տօնին արթիւ, լոյս կ’ընծայենք Սրբուհի Տիւսաբին մասին գրութիւն մը, Սիպիլի (Զապէլ Ասատուրեան) կողմէ.-
ՍՐԲՈՒՀԻ ՏԻՒՍԱԲ
Կիրակի օր մըն էր. երբեք չպիտի մոռնամ: Ծաղիկ հասակի բոլոր արիւնս վերածնած կը զգայի իմ մէջս, եւ մանկութեան երկչոտութիւններով կը բաբախէր սիրտս, երբ զարկի իր տան դուռը:
Առանձին էի. կը յուսայի առանձին գտնել զինքը: Շատ խօսքեր ունէի իրեն, ինչպէս հին մտերիմի մը, որ տարիներով օրօրած էր սիրտս իր տաքուկ զգացումներով եւ անուշ, շատ անուշ պատկերներով:
Յուզուած ելայ սանդուխէն վեր եւ նախասենեակէ մը անցնելով, ինքզինքս գտայ փոքրիկ սրահի մը մէջ բազմութեամբ լեցուն, ուրկէ բացակայ էր տան տիրուհին: Տիւսաբ փաշան ընդունեց զիս, եւ ծանուցանել տուաւ այցելութիւնս Տիկինին: Հազիւ ներկայացման ձեւակերպութիւնները աւարտեր էին, երբ Տիկին Տիւսաբ ներս մտաւ սրահէն, եւ իր առաջին ժպիտով բոլոր երկչոտութիւնս փարատեց: Սեւեր հագած էր, գլուխը սեւ ժանեակով քօղարկուած, որուն տակէն գորշ մազեր խորհողի աղուոր ճակատը կը շրջանակէին կիսովին: Դէմքին անայլայլ տժգունութեան վրայ տրտմութիւնը յոգնած բան մը կը դնէր. իր ձայնը դաշն, երկայն գուսաներգութենէ մը ետքը` բեկած շեշտերով կը հատնէր կարծես: Ու քանի կը խօսէր, կը կերպարանափոխուէր, իր աչքերուն մէջ կը վառէր հուրքը հանճարին, ձայնին ելեւէջները անսովոր թրթռումներով կը հնչէին ջինջ, իր շարժուձեւերը, աշխուժ, փութկոտ ու վայելուչ, զինքը կ՛երիտասարդացնէին: Ճակտին հազուագիւտ կնճիռները կը պարզուէին ու հիմա թանձր սրահակներու մթնշաղին մէջ` դեռահաս կին մը կ՛երեւար ինծի անդիմադրելի հրապոյրներով, հեգնոտ շրթունքով, իր վիճաբանողի անստգիւտ յատկութեամբը, որ բոլոր սրահին կը տիրապետէր: Գլուխը վեր բռնած, հասակը մեծցեր էր եւ դէմքը կը ճառագայթէր:
Ու հիացումէ հիացում, զարմանքէ զարմանք կ՛անցնէի, տեսնելով թէ ինչպէս կը յաջողէր ամբողջ հիւրերը գոհացնել, բոլոր բազմութիւնը զբաղեցնել:
Նիւթէ նիւթ կը թռչտէր շնորհալի ոստումներով, մինչ եկաւ հասաւ իր հոգին գրաւող բուն նիւթին ու խօսելով իր վաղամեռիկ աղջկանը վրայ, սկսաւ բացատրել ինծի, թէ կը սիրէր առանձին ապրիլ իր յիշատակներուն հետ, թէ տանը մէջ իր Տորինին նուիրուած տաճար մը ունէր, ուր կ՛երթար աղօթել անոր պատկերին առջեւ ժամերով, օրերով անդադար: Եւ այս նիւթին հետ կը փոխուէր նորէն իր աչքերուն, այտերուն, ձայնին արտայայտութիւնը, այլապէս գեղեցիկ, սրտի մորմոքներու ցոլացումովը գեղեցիկ, առանց ձեւակերպութեան:
Որքա՜ն կը զմայլէի իր վրայ, այնպէս պարզ, բնական տեսնելով զինքը իր ներշնչումներուն մէջ, եւ այնքան ազնիւ: Այդ տաղանդաւոր կինը, առանց արդուզարդի արուեստականութեան, գիտէր գերազանցօրէն վայելուչ ըլլալ իր հողին ու մտքին ուժովը միայն:
Հիմակ կը հասկնայի կնոջ դերին, կնոջ պաշտօնին, կնոջ բարձր կոչման վրայ իր ըմբռնումները: Այդպէս պէտք էր ըլլալ երբ իր վրայ կը դատէր ուրիշներ: Իրեն համար կեանքը` պարտականութեան, սիրոյ եւ մտային բարձրագոյն հաղորդակցութեանց հանդիսավար մըն էր, ուր ապրեցաւ իր գաղափարներուն, իր զգացմանց եւ իր վիշտերուն համար. ու իր հոգին այդ երրեակ հրայրքներուն մէջ դալարուելով, այրելով ալ աւելի ազնուացաւ: Իր միտքը հասարակ միտքը չէ, ո՛չ կեանքը հասարակ կեանք: Ինքը հացի կամ փառքի համար գրող մը չէր եւ իր կնոջական արժանապատուութիւնը պահեց միշտ: Իր հոգին գթութեամբ լեցուն էր իր սեռին նկատմամբ, գրեց անոր համար, խօսեցաւ անոր համար, գործեց անոր համար, Դպրոցասէր Տիկնանց գլուխը անցնելով: Կնոջ տխուր վիճակը իր մտքի զրկանքն էր: Կը տառապէր տեսնելով աղքատ կինը, լքեալ կինը, խաբուած կինը, ինկած կինը: Բոլոր յանցանքները անոր կը տանջէին զինքը իր բարոյական բարձրութեան մէջ, ուր չէին կրնար հասնիլ մոլութեան տուայտանքները: Կը յիշեմ Հօպս անգլիացի իմաստասէրին սա տեսակ մէկ գաղափարը, թէ »Գթութիւնը մեր անձին նկատմամբ աղէտքի վախն է` ուրիշներուն դժբախտութենէն առաջ եկած«: Թերեւս ճշմարտութիւն մը ըլլայ ասիկա, եւ այս պատճառաւ է որ գերազանցապէս սքանչելի կը գտնեմ Տիկին Տիւսաբը իր անշահախնդիր կարեկցութեան մէջ: Միակ զգացում մը, միակ հրայրք մը, միակ վիշտ մը կրցաւ յաղթել այդ հզօր զգացման.- մայրութիւնը: Իր մէջ մայրը կնոջմէն եւ գրագէտէն աւելի զօրաւոր եղաւ: Սիրեց իր աղջիկը ամէն բանէ վեր, զոհեց անոր ինչոր ունէր իր մէջ բարձր ու գեղեցիկ, եւ երբ ամէն բան ամփոփեց անոր վրայ, իր հոգիին բոլոր ազնուութիւնները, իր արուեստին բոլոր դիւթութիւնը, իր մտքին բոլոր գեղեցկութիւնը եւ իր սիրոյն բոլոր հրաշալիքը, մահը եկաւ իր գրկէն առաւ տարաւ իր Տորինը, եւ Տորինն ալ իր հետ տարաւ ամէն ինչ որ մայրը տուած էր իրեն:
Իր տպուած եւ անտիպ երկերուն մէջ, ի՜նչ յուզեալ շեշտերով, ի՜նչ գորովոտ երանութեամբ կը խօսի հէք մայրը այդ մեծ սիրոյն վրայ: Ի՜նչ ստառուչ գուրգուրանքով, ի՜նչ անճառ պաշտումով կը պարուրէ իր աղջիկը այդ ջերմիկ աղապատանքին մէջ: Իր գորովին բոլոր բանաստեղծութիւնը դրած է ֆրանսերէն օրօրի մը մէջ, որուն ինչպէս ինքը կ՛ըսէ, եղանակ մը յօրինախ կ՛երգէ եղեր աղջկանը օրօրոցին քով, եւ զոր երգեց մինչեւ մահ աւա՜ղ, անոր նուիրուած տաճարին մէջ` իր խարտեաշ »Տորինին յաւիտենական քունը օրօրելու համար«:
ԶԱՊԷԼ ԱՍԱՏՈՒՐ (ՍԻՊԻԼ)