Լրահոս

Ֆրանսայի Հայկական Կազմակերպութիւնները Համակարգող խորհուրդի Տարեկան Ընթրիքը՝ Փարիզի Մէջ

 

ՓԱՐԻԶ․-  Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները Համակարգող խորհուրդի (CCAF) 11-րդ տարեկան ընթրիքը տեղի ունեցաւ Մարտ 11-ին, Փարիզի Hotel de Collectionneur սրահին մէջ, ներկայութէամբ` 450 հիւրերու եւ հանրածանօթ անձնաւորութիւններու:

Ներկաներու շարքին էին Ներքին գործոց նախարար Պրիւնօ Ռըթայօ, Արտաքին գործոց նախարար Ժան-նոէլ Պառօ, Փարիզի քաղաքապետուհի Անն Հիտալկօ, Հօ-տը-ֆրանս շրջանի նախագահ Զավիէ Պերթրան, Ազգային ժողովի` Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամութէան խումբի նախագահ Լոռան Վոքիէ, Աշխատանքի նախարարուհի Ասթրիտ Փանոսէան-Պուվէ, եւրոերեսփոխաններ Ֆրանսուա-Զավիէ Պելամի, Ռաֆայէլ Կլիւքսման եւ բազմաթիւ ուրիշներ: Անոնց կողքին ներկայ էին նաեւ շարժանկարի, թատրոնի եւ ընդհանրապէս գեղարուեստի աշխարհի բազմաթիւ ծանօթ անուններ, հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, մամլոյ եւ մշակոյթի բնագաւառներէն անձնաւորութիւններ: Հիւրերուն մէջ էին նաեւ Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանը` Օլիվիէ Տըքոթինյի եւ Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպանը` Արման Խաչատրեան:

Ներկաներէն շատեր կը կրէին «ազատ արձակեցէք հայ գերիները» արձանագրութէամբ կրծքանշաննէր:

Օրուան հանդիսավարն էր հեռատեսիլի ծանօթ հաղորդավար Նելսոն Մոնֆոռ:

Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները Համակարգող խորհուրդի համանախագահ Արա Թորանեան իր խօսքին մէջ շեշտը դրաւ Հայաստանի ծանր վիճակին վրայ` Արցախի անկումէն ետք, ահազանգեց Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի շարունակական սպառնալիքներուն մասին` Հայաստանի տարածքային ամբողջականութէան դէմ: Թորանեան բարձր գնահատեց Ֆրանսայի աջակցութիւնը Հայաստանին` քաղաքական, դիւանագիտական եւ ռազմական ոլորտներուն մէջ, միաժամանակ անբաւարար գնահատելով Եւրոմիութեան ներգրաւումը Հայաստանի պաշտպանութէան մէջ: Ան, անգամ մը եւս ընդգծեց Ատրպէյճանի դէմ պատիժներու անհրաժեշտութիւնը:

Համանախագահ` Մուրատ Փափազէան իր կարգին խօսք առնելով կոչ ըրաւ ազատ արձակելու 23 հայ գերիները, որոնք ապօրինաբար բանտարկուած են Պաքուի բանտերուն մէջ, կոչ ըրաւ նաեւ դատապարտելու Արցախի ցեղային զտումը: Փափազեան ըսաւ, որ անհրաժեշտ է պատասխանատւութէան ենթարկել Իլհամ Ալիեւը Պատժական միջազգային ատեանին առջեւ, իր գործած բոլոր ոճիրներուն համար, ինչպէս նաեւ պատիժներ կիրարկել Ատրպէյճանի դէմ: Ան կոչ ըրաւ նաեւ ապահովելու հայերու վերադարձը Արցախ` միջազգային երաշխիքներով: Փափազէան յատուկ ուշադրութիւն հրաւիրեց Ռուբէն Վարդանէանի վիճակին վրայ, որ հացադուլի դիմած էր բանտին մէջ:

Ապա խօսք առաւ Փարիզի քաղաքապետուհի Անն Հիտալկօ, որ դատապարտեց Ատրպէյճանի կեղծ դատաւարութիւնները հայ գերիներուն դէմ, կոչ ըրաւ միջազգային հանրութեան` պատասխանատւութէան ենթարկելու Ալիեւի վարչակազմը: Քաղաքապետուհին անգամ մը եւս վերահաստատեց Փարիզի աջակցութիւնը Հայաստանին ու յայտարարեց Փարիզի մէջ Հայաստանի տան բացման մասին` 16-րդ թաղամասին մէջ: Ելոյթ ունեցաւ Ներքին գործոց նախարար Պրիւնօ Ռըթայօ, որ նախքան այդ պաշտօնին կոչուիլը, որպէս ծերակուտական ու քաղաքական անձնաւորութիւն, արդէն ծանօթ էր հայամէտ իր կեցուածքով, Հայաստանի ու Արցախի ի նպաստ բազմաթիւ նախաձեռնութիւններով: Ներքին գործոց նախարարը իր ելոյթին մէջ, Անաթոլ Ֆրանսի մէկ խօսքին յիշատակումով` ընդգծեց Հայաստանի եւ Ֆրանսայի միջեւ եղբայրական կապերը, Ֆրանսայի անվերապահ աջակցութիւնը Հայաստանին: Ռըթայօ նաեւ յատկապէս շեշտը դրաւ Ատրպէյճանի հետ հնարաւոր խաղաղութէան համաձայնագիրն մէջ` Հայաստանի տարածքային ամբողջականութէան ընդգծման կարեւորութէան վրայ: Նախարարը նաեւ ըսաւ, որ ըստ իրեն` անհրաժեշտութիւն է միջազգային դէտերու ներկայութիւնը Հայաստանի պաշտպանութէան համար: Ան եւս խօսեցաւ Պաքուի մէջ ապօրինաբար պահուող հայ գերիներուն մասին ու պահանջեց անոնց ազատ արձակումը: «Ապրիլ 24-ի վէրքը, զօր պիտի ոգեկոչենք, պիտի չփակուի, քանի դեռ ցեղասպանութիւնը չէ ճանչցուած: Այնքան ատեն որ պիտի ըլլան հայեր, որոնք կը սիրեն Հայաստանը, ան պիտի շարունակէ ապրիլ: Դուք յոյսի պատգամաբերներն էք: Դուք կամուրջ էք մեր երկու ժողովուրդներուն միջեւ, լոյսի կամուրջ: Լոյս մը, որ հրաշալիօրէն մարմնաւորուած է Մելինէ եւ Միսաք Մանուշեանով, որոնք համաշխարհային պատգամի մը կրողներն են», եզրակացուց Ռըթայօ:

Երեկոյթի ընթացքին սփռուեցաւ Արցախի նուիրուած յուզիչ տեսանիւթ մը, որ արդէն իսկ լայն տարածում գտած է ընկերային ցանցերու մէջ:

Աւարտին, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները Համակարգող խորհուրդը «արիութէան մետալներ» շնորհեց չորս քաղաքական գործիչներու` Լոռան Վոքիէին, Ֆրանսուա-զավիէ Պելամիին, Ռաֆայէլ Կլիւքսմանին եւ Նաթալի Լուազոյին:

Բոլոր պարգեւատրուածները իրենց ելոյթներուն մէջ շեշտեցին Հայաստանի եւրոպական ճանապարհը, գերիներու ազատ արձակման հրամայականը եւ Ատրպէյճանի դէմ իրական պատիժներ կիրարկելու անհրաժեշտութիւնը:

Քաղուած՝ «Նոր Յառաջ»-էն

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button