Լրահոս

Հայ Համայնքին Իրավիճակը՝ Լաթաքիոյ Բախումներուն

Աւելի քան շաբաթէ մը ի վեր, Լաթաքիոյ արուարձաններուն մէջ զինեալ բախումներ տեղի կ՛ունենան երկրի ապահովական ուժերուն եւ ծովափի շրջանի զինեալներու միջեւ եւ այդ պատճառով ալ զոհեր եւ վիրաւորներ արձանագրուեցան: Երկու հայեր` հայր եւ որդի Անթուան եւ Ֆատի Պութրոսներ կրակոցներու զոհ դարձան։ Իրավիճակը կը մնայ լարուած:

Տեղւոյն Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղականութիւնը յայտնեց, որ եկեղեցին փակ պիտի պահէ իր դռները: Ազգային Սրբոց Նահատակաց վարժարանի հոգաբարձութիւնը իր կարգին յայտնեց, որ դպրոցը փակ պիտի մնայ: Ժողովուրդին թելադրուեցաւ դուրս չգալ բնակարաններէն` մինչեւ կացութեան հանդարտիլը:

Բնակչութիւնը կը դիմագրաւէ տնտեսական դժուարութիւններ։ Գործատեղիները կը մնան փակ: Քաղաքին մէջ ջուրի բաշխման աշխատանքներ կը տարուին:

Կացութիւնը, ընդհանուր առմամբ, տակաւին մտահոգիչ է:

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button