Նիւ Եորքի Սուրբ Վարդան Մայր Տաճար.- Նոր Սրբապատկերներու Օրհնութիւն
Հինգշաբթի, Փետրուար 27-ին, Սրբոց Վարդանանց տօնն էր, եւ Առաջնորդ Մեսրոպ Սրբազան Պարսամեան նախագահեց Ամերիկայի Արեւելեան Թեմին Նիւ Եորքի Սուրբ Վարդան Մայր Տաճարին տօնակատարութեան:
Պէյսայտի Սրբոց Նահատակաց ծուխին հոգեւոր հովիւ Արժ. Տէր Աբրահամ Քհն. Մալխասեան մատոյց սուրբ Պատարագը. տօնակատարութեան կը մասնակցէին Հոգշ. Հայր Սիմէոն Աբեղայ Օտապաշեան եւ Մայր Տաճարին Լուսարարապետ Արժ. Տէր Դաւիթ Քհն. Քարամեան: Դպրաց դասը ճոխացած էր շրջակայ ծուխերէն եկած դպիրներով՝ Դպրապետ Խորէն Մեքանեճեանի ղեկավարութեամբ, եւ Քրիս Գալֆայեանի երգեհոնի նուագակցութեամբ:
Տօնը յատուկ շուք ունէր այս տարի. Սուրբ Պատարագի աւարտին՝ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը օրհնեց եւ օծեց երկու մեծադիր սրբապատկերներ, մին՝ Սբ. Վարդանի եւ միւսը՝ անոր մարտիրոս դուստր Սուրբ Շուշանիկի, նուիրատու Ատրիէն Ալեքսանեանի ինչպէս նաեւ Եդուարդ ու Կրէյս Ալեքսանեան Հիմնադրամին հովանաւորութեամբ: Ալեքսանեան Գերդաստանը երկար տարիներու արժանաւոր հովանաւորութիւն կը մատուցանէ Արեւելեան Թեմին եւ յատուկէն Սբ. Վարդան Մայր Տաճարին:
Արարողութեան յաջորդեց Վարդանանց Ասպետներուն եւ Դուստրերուն կողմէ հովանաւորուած ընթրիքը, որուն ընթացքին Դոկտ․ Խաչիկ Մուրատեան, Գոլումպիա Համալսարանէն, ներկայացուց Վարադանանց խրոխտ հոգիին դրսեւորումը Հայ ժողովուրդին պատմութեան ընթացքին, մանաւանդ հալածանքի եւ համատարած ճնշումի դժխեմ ժամանակներուն:
Դաշնակահար Կարէն Յակոբեան եւ թաւջութակահար Սերգէյ Անտոնով ներկայացուցին ընտիր յայտագիր մը։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը փակեց երեկոյթը շնորհակալիքի իր խօսքով եւ օրհնութեամբ: