ՀԱՅ, ՀԱՅԵՐ, ՀԱՅԱՍՏԱՆ, ՀԱՅԱՍՏԱՆՆԵՐ…
Յ. Պալեան
«Պայքարը եւ ըմբոստութիւնը միշտ ունին որոշ չափով յոյս, մինչ յուսահատութիւնը համր է»: (Շարլ Պոտլէր, ֆրանսացի բանաստեղծ, Ի դար)
Խորագրի չորս բառերու իւրաքանչիւրին տակ ի՞նչ կրնանք դնել, որ մենք մեզ հասկնանք, զիրար հասկնանք, մեզ հասկնան: Ո՞վ կրնայ ճիշդ սահմանում տալ ՀԱՅ անուան տակ յայտնուող մարդուն եւ մարդոց: Ո՞ւր են անոնք: Ինչպէ՞ս կը զանազանուին մոլորակի ութը կամ տասը միլիառ իրենց ժամանակակիցներէն: Երբ կ’ըսենք ՀԱՅԵՐ, ի՞նչ կը հասկնանք այդ յոգնակիէն. մոլորակային դարձած բազմաթիւ եւ բազմանուն համայնքներու աստղահո՞յլ, պատմութեան մէջ տեղ մը արձանագրուած եւ անհետացած անցեալ դարձած ժողովո՞ւրդ, ծագումով հայ նոր ինքնութիւններով եւ տարբեր անուններով մարդի՞կ եւ խմբաւորումնե՞ր: Երբ Հայաստան կ’ըսենք, կը հասկնանք Հայերո՞ւ երկիր, Հայերով բնակուած կամ չբնակուած սահմաններ չունեցող աշխարհագրական բացատրութի՞ւն մը, թառ փնտռող քաղաքական կազմակերպութիւններու գումա՞ր, դեռ որպէս հայ ճանչցուածնե՞ր, համագումար՝ անանուն եւ անհասցէ աղմո՞ւկ: Յստակ ըմբռնում պէտք է ունենանք այս հարցերով եւ ըստ այնմ խօսինք եւ գործենք, զիրար եւ մեր շրջապատը ճանչնանք: Այս աշխատանքը պէտք է ընել առանց յաւելեալ դիրք կամ իրաւունք ունենալու եւ առանց ամբոխահաճական (պոպուլիստական) աթռռ-աթոռակի ցանկութիւններու տուրք տալու:
Մտածել եւ պայքարիլ ըմբոստութիւն են ամէն կարգի սխալներու եւ անարդարութիւններու դէմ: Ֆրանսացի մեծ բանաստեղծը այնքա՜ն ճիշդ է: Երբ չկայ ազնիւ ըմբոստացումը, կը ծնի յուսահատութիւնը, որ «համր է», կ’ըսէ բանաստեղծը, որ կամլացնէ, կը դառնանք զոմպի եւ զանգուածները կ’ըլլան խաղալիք ամբոխահաճութեան, «պոպուլիզմ»ի, որ վատաբանութեամբ, կեր կը հայթայթէ ամէն տեսակի կիրքերու եւ անբաւարարուածութեան ախտի:
Փորձենք, հեռանալ աւանդական, անցեալի եւ ներկայի ճապկումներէ եւ ԿԱՑՈՒԹԻՒՆ հասկնալ, քայլ առնել դէպի կառուցողական ազգային քաղաքականութիւն, չմնալ ենթադրութիւնները իրականութիւն համարելու միտող դուռ-դրացիի ժամանց շաղակրատութիւններու մէջ, եւ ընտրել իրաւ յեղափոխումով վերականգնումի ուղի:
Իրենք զիրենք հայ համարողները, քաղաքական եւ մշակութային ո՞ր նոյն յատկանիշներով կը ներկայանան, ըլլալու համար հարարազատի շարունակութիւն եւ ինքնուրոյնութիւն, չըլլալու պատկեր եւ այլազան հասցէներու վրայ արձանագրուած թիւ:
Հասարակաց ի՞նչ ունին Վրաստանի, Արժանթինի, Մանչեսթըրի, այսօր նաեւ Իրլանտայի, Նետերլէնտի, Բելգիայի եւ Շանկհայի, տարբեր հորիզոններէ եկած Փարիզ, Մարսիլիա, Լոս բնակող «հայեր»ը: Բնակութեան բազմանուն վայրերով եւ նոյնքան «քաղաքացիութիւններ»ով եւ լեզուներով խօսող «հայեր»ը, հասարակաց ի՞նչ ունին, որ չըլլայ գրական անհոգի պատկեր եւ ըլլայ ազգային-քաղաքական հաստ ըմբռնում, յանձառու ինքնութեան ճանաչման եւ ստանձնման ենթահողի վրայ: Հասարակաց ի՞նչ ունին որպէս ազգային եւ քաղաքական համարուող ըմբռնում եւ նպատակ, հայրենահանուածները եւ անոնց յետնորդ-սփիւռքները եւ անոնց ներկայի Հայաստան-տարածքի վրայ բնակողները, գումարե՛լ սփիւռքացող արտագաղթողները: Հասարակաց ի՞նչ ունին այս բոլորը, խօսելէ առաջ ՄԷԿ ԵՒ ՆՈՅՆ ԱԶԳի մասին, որ չըլլայ աւուր պատշաճի ենթադրութիւն, ըլլայ միացման հասարակ յայտարար: Հայաստան անուանուող տարածքն ալ սահմանումի եւ քարտէսի վրայ ճշդուած տեղի կարիք ունի: Հայ քաղաքական միտքը «Հայաստան» եզրով այսօր կը հասկնայ ազգային-քաղաքական իմաստով հայրենի՞ք, թէ աշխարհագրական բացատրութիւն մը: Ո՞վ ի՞նչ գիտէ բռնագրաւուած Հայաստանի եւ դեռ հոն ապրող հայերու մասին, զորս կ’անուանենք թաքուն հայեր: Աւելի հասկնալի ըլլալու համար, հարց կու տա՞նք, թէ հայեր կա՞ն Վան, Սասուն, Մուշ, Ալաշկերտ, եւ դեռ՝ Կիլիկիոյ քաղաքներուն եւ գիւղերուն մէջ: Կրնա՞նք թիւերով խօսիլ, առանց բաւարարուելու յուշագրութիւններու յուզումով: Պետութիւն եւ իրենք զիրենք ղեկավարութեան կոչածներ, ի՞նչ կ’ընեն այս հարցով, ի՞նչ գիտեն, անոնցմով կը զբաղի՞ն: Հայկական Պետութիւնը եւ քաղաքական խօսքով հրապարակ եկող բազմադէմ Սփիւռքը, ի՞նչ սահմանում ունին Հայաստանի մասին, այդ սահմանումը մէ՞կ է, թէ՞ ունի տարբերակներ, ի՞նչ գիտեն թաքուն հայերու մասին, որոնց մասին ոմանք կ’ըսեն մնացորդաց, որոնց յայտնաբերման եւ ճանաչման համար ո՛չ մէկ օրէնք եւ աշխատանք կայ, հաշտուա՞ծ ենք, որ անոնք վերջնականապէս արձանագրուած են պատմութեան շահ-վնասի տոմարին մէջ, ազգի ցանկէն հանուած են: Անոնք օրակարգ չեն ո՛չ Հանրապետութեան, ո՛չ բազմանուն Սփիւռք(ներ)ի եւ ո՛չ ալ պոռոտախօս միջազգային հանրութեան համար:
Կցկտուր տեղեկութիւններով ազգ եւ հայրենիք չեն պահուիր, քաղաքականութիւն չի հետապնդուիր, կարելի է միայն դատարկ ինքնագոհութիւններ սնուցել, խօսիլ տեւաբար աճող նոր անուններով գաղթականութիւններու մասին եւ զանոնք գումարել հայրենահանուածներու Սփիւռքի վրայ եւ կարծել, որ կանք, ազգ ենք եւ ուժ ենք: Ինչ որ կը կոչենք ՀԱՅ ԱԶԳ անորոշութիւն է, միգամած մը, nébuleuse, որուն մէջ կը թափառին ջուր ծեծող երեւելիապաշտ ինքնագոհներ: Եթէ իրաւ ազգային քաղաքական ըմբռնում ունեցող ժողովուրդ ըլլայինք եւ ունենայինք համապատասխան ղեկավարութիւն, հասկցած կ’ըլլայինք, որ Սփիւռքը, միայն ժամանակաւոր ընկերային կացութիւն է, ան կամ պիտի մաշի, կամ ազգի իր հայրենիքին մէջ միացումով պիտի քանդուի: Այսօր պատկերը այն է, որ Սփիւռքը ինքզինք կը դաւանի հայրենիք, աւելի ճիշդ՝ յոգնակի եւ յոգնակիացող հայրենիքներու հայկական ծագումով բնակչութիւն, որ անինքնոյնալով հանդերձ, կը յաւակնի շարունակութիւն ըլլալ, ո՛չ հարազատի եւ արմատի, այլ նոր ինքնութիւններով նորի:
Փաստ է, որ միացման պատեհութիւնները չօգտագործեցինք, Երկրորդ Աշխարհամարտի աւարտին կատարուած հայրենադարձութիւն-ներգաղթը, ղեկավարութիններու կողմէ չկենսագործուեցաւ որպէս միացման եւ հայրենատիրութեան պատմութեան հանգուցային պահու առիթ: Սովորութիւն չունինք ուսումնասիրութեան արդիւնքով ստացուած թիւերով մտածելու եւ խօսելու: Այսօր ո՞վ կրնայ ըսել, թէ այդ հայրենադարձներու եւ անոնց յետնորդներու ո՞ր տոկոսը մնացած է երկրին մէջ, ինչո՞ւ հոն չեն մնացած եւ չեն արմատաւորուած, ինչո՞ւ Պետութիւն եւ ղեկավարութիւններ ձախողած են եւ զանոնք չեն դարձուցած հայրենատէր: Հայրենատէր չեն դարձուցած նաեւ բնիկը, որ կ’արտագաղթէ, որ «նոր հայրենիք» որոնող թափառական ուղեւոր է:
Հայաստանի բեկոր Հանրապետութեան վերանկախացումը ազգի իրաւ միացման եւ հայրենատիրութեան առիթ չստեղծեց, Սփիւռքին չընծայուեցաւ միաժամանակ տէր եւ ծառայ ըլլալու պատեհութիւն եւ իրաւունք: Ան մնաց բարեսէրի, բարերարի եւ զբօսաշրջիկի դերին մէջ, ինչ որ կը վկայէ այն մասին, որ չունեցանք ազգի հեռանկար ունեցող ղեկավարում, որ անմիջականէն եւ մասնակիէն անդին նայէր: Հայրենադարձութիւնը առաջնահերթ օրակարգ չեղաւ եւ այսօր ալ չէ, ինչ որ կը բացատրէ մեր ներկայի եւ գալիքի տեղատուութիւնները եւ նախատեսել կու տայ պարտութիւնները:
Հայեր կան ամենուրեք, անհատներ եւ պատահական գումարումով խմբաւորումներ, կ’ըսենք՝ համայնքներ, որոնցմով ազգը վերածուած է տարբեր վայրեր կայք հաստատած շերտերու, որոնք զարգացուցած են տարբերութիւններու տեսակ մը մշակոյթ, հետեւանք կամաւոր կամ պարտադրուած կապկումներու, անոնք ո՛չ միայն աշխարհագրականօրէն, ֆիզիքապէս եւ կենցաղով, հեռացած են եւ կը հեռանան իրարմէ, այլ նաեւ ըմբռնումներով, կը յառաջանայ ազգայինի եւ մէկութեան շփոթանք, նօսրացում, նաեւ՝ անհետացում, ոմանք կ’ըսեն համարկում, կը խուսափին ձուլում եզրէն:
Ղեկավարութիւն(ներ) եւ մտաւորականութիւն ի՞նչ ըրին, եւ ի՞նչ կ’ընեն, որպէսզի Հանրապետութեան Աշտարակ քաղաքի ընտանիքի մայրը իր տունը եւ հողամասը չվաճառէ եւ իր երեք զաւակներով ովկանոսէն անդին երթալով «նոր հայրենիք» չփնտռէ: Ֆիզիքական ապահովութեան համար հայրենադարձողներ եղան, բայց անոնք հոն չմնացին, Հայաստանեան անցագրով լքեցին հայրենիքը եւ ապաստան փնտռեցին տարբեր երկիրներու մէջ, ստեղծեցին նորանուն համայնքներ, որոնք, աւանդութիւնը շարունակելով, շաբաթավերջերուն հայրենասիրական հանդէսներ կը կազմակերպեն, երգիչ, պարող եւ մտաւորական կը հրաւիրեն, ծափ կու տան: Յետոյ ի՞նչ:
Միթէ՞ Հայաստանի դարպասները կարելի է պահել Լոսէն, ագեվազներու երկրէն, Մարսիլիայէն կամ այդպէս հեռուներէն երգելով ու պարելով, կամ «թապլէթ»ներուն ապաւինելով հետքրքրասէրի տագնապով ապրիլ:
Ո՞վ, ո՞ւր եւ ինչպէ՞ս պիտի ըսէ, թէ ի՞նչպէս, ո՞ւր եւ որոնցմով հայրենիք պիտի պահուի եւ ազգ առաջնորդուի: Այս հարցման կողքով անցնող պատասխանէն անդին յայտնուած գաղափար եւ գործ էսթէպլիշմընթային փուչիկ են: Ներսի եւ դուրսի ղեկավարութիւնները պատահեցա՞ւ որ դատենք եւ գնահատենք բնակեցման եւ հայրենադարձութեան իրենց բերած նպաստով, եւ առարկայական ըլլալու համար՝ խօսինք թիւերով:
Մեր ժողովուրդի պատմութեան ներկայի բախտորոշ պահուն, ինչո՞ւ լուսանցքի վրայ մնացած «հարուստ հօրեղբօր» դերին մէջ բանտարկուած կը պահուի անորոշ միլիոններու Հայկական Սփիւռքը, ինչո՞ւ ան ներկայ չէ, որոշում կայացնողներու մէջ, անոնցմէ դուրս է: Սփիւռքը եթէ տէր եւ ծառայ ըլլար, այդպէս դիտուէր, այդ ըմբռնումով առաջնորդուէր, հայոց ազգի քաղաքականութեան եւ Հայաստանի բազմաբնոյթ հզօրութիւն կ’ընձեռուէր, բնակչութեան, բնակեցման, տնտեսական եւ մարդուժի տեսակէտէ:
Բազմամիլիոն սփիւռքը խոշոր բացակայ մըն է Հայաստանի քաղաքական եւ տիրութեան դաշտէն: Աղմկարարութինը այդքան է միայն: Միշտ դէպի Արեւմուտք նայող Հայաստանը չի՞ տեսներ, որ ֆրանսսյի ազգային ժողովին մէջ կան դուրսի ֆրանսացիներ, որոնք կ’ըլլան նախարար, կը վարեն պաշտօններ, նոյնն է պարագան դուրսի ամերիկացիին: Չպատահեցաւ, որ օր մը օրակարգ ըլլայ եւ քննուի Հայաստանի Ազգային Ժողովի անդամ Սփիւռքի պատգամաւոր ունենալու իրաւունքի հարցը: Ներսը եւ դուրսը չանհանգստացանք այս բացակայութեան եւ անտեսման համար: Հարցը օր մը օրակարգ կ’ըլլա՞յ, որպէսզի Սփիւռքի միլիոնները չդիտուին որպէս բարեսէրներ եւ չհամարուին լաւաշ ուտող եւ ուրախացող զբօսաշրջիկ, տուրիստներ:
Ինչո՞ւ միացման իրատեսական քաղաքականութիւն չունենալ՝ մտածելով հեռանկարային հայրենատիրութեան առաջադրանքով: Միշտ պէտք է գիտակցիլ թաւալող ժամանակի ընթացքի մասին, այն՝ որ վաղը կրնայ շատ բան հարթուած ըլլալ եւ ուշացած կ’ըլլանք, գնացքը կ’անցնի եւ կ’երթայ: Ո՞ւր կ’եթանք մենք, ո՞ւր կը մնանք մենք: Այն ատեն անիմաստ կ’ըլլայ պատասխաններ փնտռել, որոնք կրնան միայն զուարճացնել համացանցի ծուղրուղու ճչացող կոկոզավիզները:
Պարզ խօսելով, յաւելեալ պարտքի եւ ո՛չ յաւելեալ իրաւունքի միտող միացում յառաջացնելու վարք, բարք եւ կենսական տեսիլք ունեցող գլխագիր ազգի բարոյականի կարիք կայ, զոր յառաջացնելու ատակ յառաջամարտիկի դերը պէտք է ստանձնէ հարազատ մտաւորականութիւնը, ամուլ եւ ամլացնող յոգնակի էսթէպլիշմընթներու դէմ ըմբոստանալով եւ յաղթահարելով կոշկռռ կապած բարդոյթ եւ մերժում:
Եթէ այսօր չմտածենք եւ չնախաձեռնենք, ի՞նչ կը կարծենք որ պիտի ըլլայ հետեւանքը: Հասարակ տեղիք է խօսիլ զգաստութեան եւ պատասխանատուութեան մասին եւ մնալ հանդիսատես:
Ֆրանասացին կ’ըսէ, որ ցուլը զգետնելու համար զայն պէտք է բռնել անոր կոտօշներէն, այսինքն՝ չգոհանալ կոսմեթիք դարմաններով, այս կամ այն ձեւի նախշերով: Եւ ըլլալ ու մնալ ներկայ, ստանձնելով Ազգի ճակատագրի իրա՛ւտիրութիւնը, որուն համար անհրաժեշտ են ինքնամաքրում (catharsis) ընելու քաջութիւն եւ կամք, ըմբոստանալու առաքինութիւն ունեցող ժողովուրդ եւ առաջանորդ:
Եթէ այսօր ուշ չէ, վաղը ուշ պիտի ըլլայ, եթէ շարունակենք հաւատալ, որ ուրիշներ մեր փոխարէն եւ մեզի համար տաք շագանակները պիտի հանեն կրակէն: Սորված պէտք է ըլլայինք պատմութենէն: Մենք ալ տաք շագանակները կրակէն պիտի չկարենանք հանել անվաղորդայն աջ ու ահեակի ժողովներ գումարելով եւ թղթէ նիզակախաղերու հանդէսներով: Յետոյ ի՞նչ…