ԱԿՆԱՐԿ.- Ի՞ՆՉ ԵՒ ԻՆՉՊԻՍԻ՛ ՆՈՐ ԱՇԽԱՐՀԱԿԱՐԳ
Ս.ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
1-3 Մարտ 2025
Այն՝ ինչ որ տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 28 Փետրուարին, Սպիտակ Տան մէջ, Ուքրայինայի նախագահին այցելութեան պահուն, կարելի է կարճ-կտրուկ որակել քաղաքական խեղկատակ խայտառակութիւն: Իսկ եթէ պէտք է ուրիշ որակումներ ալ տալ, ապա կրնանք ըսել՝ հակադիւանագիտութիւն, հակամիջպետական յարաբերութիւն, հակամարդկայնութիւն, հակաքաղաքական տրամաբանութիւն, հակա…, հակա…
Նախագահ Թրամփ եւ իր փոխանորդը՝ Վէնս, կարծէք թէ Զելենսքին կանչած էին՝ աշխարհի աչքերուն առջեւ խայտառակելու եւ անոր գլխուն յանդիմանութիւններ տեղացնելու նպատակով: Ինչ որ տեղի ունեցաւ լրատու աղբիւրներու ոսպնեակներուն առջեւ, բանակցութիւն չէր, այլ Թրամփ-Վէնս երկեակին կողմէ սաստերու եւ յանդիմանութիւններու շարան մը, որուն դիմաց Ուքրայինացի նախագահը հազիւ յաջողեցաւ մերթ ընդ մերթ հակաճառել, փորձեց հասկցնել, թէ ի՛նք ալ տղամարդ է, սակայն մի՛շտ ալ լռութեան մատնուեցաւ: Հաւանաբար Զելենսքին ամէնէն խիստ քննադատութեան ենթարկողներն անգամ խղճացին անոր… խեղճացման: Զելենսքին դրուած էր կօշիկներուն մէջ ծոյլ, անփոյթ եւ ոչինչ ընող աշակերտի մը, որ պէտք էր պախարակուէր բոլոր աշակերտներուն աչքին առջեւ: Շատեր յիշեցին, թէ Թրամփ նման վերաբերմունք կը ցուցաբերէր իր պատկերասփիւռային «Էփրէնթիս» յայտագիրի պաստառէն՝ իր դիմաց նստողներուն հետ ու յաճախ կը բացագանչէր. «You are fired!» (գործէ արձակուած ես): Հանդիպումին, որ այլ տեսակի պատկերասփռում մըն էր, «նարնջագոյն մարդը» չհասաւ նոյն «վճիռը» նետելու Զելենսքիի երեսին: Ու հարց կը ծագի, թէ արդեօք Փութին, որուն դէմ աւելի քան 3 տարիէ ի վեր կենաց-մահու պատերազմ կը մղէ Զելենսքի, նման վերաբերմունք պիտի ցուցաբերէ՞ր՝ եթէ անոնց միջեւ հանդիպում մը հիւսուած ըլլար նոյն օրը…
Ուրբաթէն ի վեր, աշխարհը ինկած է յիշեալ հանդիպումին մասին մեկնաբանութիւններու եւ հակազդեցութիւններու յորձանուտին մէջ: Ոմանք կ’ըսեն, որ ամերիկեան կողմը իրաւացի էր, ուրիշներ կը խղճան Ուքրայինացիին, որ իրապէս ցեխի մէջ կոխուեցաւ: Առաջինները կը պնդեն, որ ան արժանի էր խայտառակուելու, եւ կը թուեն պատճառներ. հակաճառողները հարց կու տան, թէ երկիրը զոհելու գնով Արեւմուտքին հաւատարմութիւն խաղացողը, խայտառակուելէ ե՛տք ալ «կ’ուզեմ ՆԱԹՕ մտնել» ըսողը արժանի՞ էր նման ընդունելութեան: Ամէնէն ողբերգականը այն էր, որ ինչպիսի՜ յոյսերով ու ակնկալութիւններով Սպիտակ Տուն հասած «խեղճ»ը՝ բառացիօրէն վտարուած է. ո՛չ համաձայնագիր, ո՛չ ասուլիս, ո՛չ իսկ խոստացուած պատառ մը հացը (ճաշի ընդունելութիւն): Իսկ Երկուշաբթի, 3 Մարտին, Սպիտակ Տունը պաշտօնական կնիք դրաւ այն «խոստումին» վրայ, թէ Ուքրայինայի ամերիկեան օժանդակութիւնները վերջ պիտի գտնեն: Անպատասխան կը մնայ այն հարցումը, թէ նման հանդիպում մը արդեօք նախապատրաստութենէ զո՞ւրկ էր, կամ՝ Զելենսքի ի սկզբանէ համաձայնութիւն տուած էր վարկաբեկուողի դեր խաղալու: Չէ՞ որ խեղկատակ դերասան եղած է…
Հազուադէպօրէն կ’ըսուի, թէ բուն խայտառակուողը՝ միջ-պետական յարաբերութիւններն էին, այլ խօսքով՝ թէ՛ «խայտառակողը»՝ Թրամփ-Վէնս զոյգը եւ թէ «խայտառակուողը»՝ Զելենսքին, քիչ մըն ալ անոր կողքին կանգնող եւրոպացիները: Հաւանաբար դռնփակ հանդիպումներու պահուն, հակադիր ճակատներու վրայ կանգնողներ սուր բանավէճեր կ’ունենան, սակայն նման հրապարակային բեմադրութիւն առնուազն հազուադէպ է, չըսելու համար՝ աննախընթաց: Ատենին, Քենետիի դէմ ՄԱԿի բեմէն կօշիկով թմբկահարող Խրուշչով մը հազիւ թէ նոյն դասակարգին մէջ կրնայ դասուիլ, ա՛լ ո՜ւր մնաց Ռեկըն մը, որ կէս աղաչական-կէս հրամայական ոճով կը պահանջէր. «Պարո՛ն Գորբաչով, քանդէ՛ այս (Պերլինի) պատը»:
Իսկ արդի՞ւնքը… ատիկա արդէն բաւական բարդ հարց է, եթէ անպայման պէտք է արդիւնքի նշոյլ փնտռել եղածին մէջ:
ԹՐԱՄՓԻ ԴԷՄ ՄԵՂԱԴՐԱՆՔՆԵՐ
Կասկած չկայ, որ Թրամփ Զելենսքին Սպիտակ Տուն բերած էր, որպէսզի նախ եւ առաջ իր ընդդիմադիրներուն՝ Դեմոկրատ կուսակցութեան պատգամներ ուղղէ, որոշ պատգամներ՝ նաեւ իր կուսակցութեան կարգ մը անդամներուն՝ որոնք կրնան «պոչ խաղցնել» (արդէն կ’ընեն «ներքին դաշտ»ին մէջ իր կամայականութիւններուն դէմ): Պատգամներէն բաժին ալ կար եւրոպացի դաշնակիցներու, որոնցմէ երկու ներկայացուցիչ՝ Ֆրանսայի նախագահն ու Բրիտանիոյ վարչապետը նախընթաց օրերուն իրենց փէշերը հաւաքած՝ Սպիտակ Տուն վազած էին. Թրամփ (իր դատողութեամբ) զանոնք ալ «իրենց տեղը նստեցուցած» էր, եւրոպացի այլ դաշնակիցներու ալ հասկցնելով, որ «Ամերիկան նախամեծար է» նշանախօսքը ի՛նչ տրամաբանութեամբ եւ տարածքով պէտք է ընկալեն: Մաքրոն եւ Սթարմըր ալ կը կարծեն, թէ իրենք կէտեր նշանակած են Ուշինկթընի բերդէն ներս:
Ու հիմա եւրոպացիք իրաւունք ունին մտածելու. «Եթէ ա՛յս է մեր բարեկամը, մենք թշնամիի պէտք ունի՞նք…»: Չէ՞ որ Թրամփ բացայայտօրէն կ’ըսէ անոնց, որ այսուհետեւ, Ուքրայինայի պատերազմը իրենց ճիտին պարտքն է. կ’ուզեն զէ՞նք ու զինուո՞ր ղրկել, «իմ կողմս մի՛ նայիք», մինչեւ որ… (եւ հոս արդէն կայ թաղուած «շան գլուխ մը», ո՛չ միակը): Իսկ ի՞նչ ըսել անոնց, որոնք յոյսեր կը կապեն այսպիսի՛ Արեւմուտքի մը:
Իսկապէ՛ս որ, Ուաշինկթընի եւ եւրոպացի դաշնակիցներուն (ՆԱԹՕ-ի անդամներէն մեծ մասին) միջեւ վիհը ա՛յս աստիճան չէր բացայայտուած, նմանապէս՝ նոյնինքն եւրոպացիներու միջեւ տարակարծութիւններու հորիզոնները: Եւրոպայէն արձագանգները ընդհանրապէս ի նպաստ Զելենսքիին էին. բրիտանացիք շաբաթավերջին իսկ իրենց գլխուն հաւաքեցին կարգ մը դաշնակիցներ, Ուքրայինայի կողքին եւ հակաթրամփ խմորում մը ձեւակերպելու դիտաւորութեամբ, սակայն բոլորն ալ գիտեն, թէ «այս խմորը շա՜տ ջուր կը պահանջէ», նոյնքան մըն ալ բացայայտ է, որ առանց «պապա»-Ամերիկայի՝ ո՛չ խմոր կը մնայ, ո՛չ ալ ջուր: Ատիկա գիտեն նաեւ եւրոպացիները: Լոնտոնեան ժողովը հիւրընկալող՝ վարչապետ Սթարմըր, որ, ի դէպ, կը փորձէ Մաքրոնի եւ Շոլցի դէմ մրցում մը շահիլ՝ ամերիկեան պատմուճանով զգեստաւորուելու առումով, ողոքիչ խոստումներ տուաւ Զելենսքիի, թէ՝ անոր պիտի տրամադրուի 3.5 միլիառ տոլարի ԶԻՆԱԿԱՆ նոր աջակցութիւն՝ փոխատուութեան ձեւով (եւ հոս արդէն կ’երեւի, թէ անմիջական շահաւորները պիտի ըլլան զէնքի վաճառականները, նաեւ այն, որ եւրոպացիք չեն ուզեր անմասն մնալ ուքրանական կարկանդակէն): Բրիտանիոյ վարջապետը նաեւ՝ «խաղաղարար ուժ» ղրկելու ծրագիր մը մէջտեղ նետեց (աննախընթաց չէ, Ֆրանսա մօտիկ անցեալին մէկ տարբերակը բերած էր հրապարակ), իսկ Ռուսիա անընդունելի կը գտնէ ոեւէ օտար զինուժի ներկայութիւնը՝ ի՛նչ զգեստաւորումով ալ ըլլայ անիկա: Սթարմըր խոստովանեցաւ, որ առանց ամերիկեան աջակցութեան՝ տեղ չեն կրնար հասնիլ: Այլ խօսքով, մինչ Թրամփ «բռնակալ եւ պատերազմասէր» Զելենսքին կը խրատէ հրաժարիլ պատերազմելէ եւ բանակցութեան նստիլ Փութինի հետ, եւրոպացիք, սուր կերպով հակադրուելով Թրամփի ցոյց տուած ուղղութեան՝ ուքրայինացիներուն կ’ըսեն, որ շարունակեն պատերազմը. եւ որո՜ւ հոգը, թէ նոր զոհեր, քանդում եւ հողերու կորուստներ պիտի ունենաք: Լոնտոնի ժողովէն ետք, եւրոպական լրդատուամիջոցներ «մխիթարական» լուր մը տարածեցին, թէ՝ ռուսական ուժերու յառաջխաղացքը… դանդաղում ունի:
Ուաշինկթըն շատո՜նց, Ուքրայինայի պատերազմին նորագոյն փուլին պայթումէն առաջ ալ, եւրոպացիներուն ձեռքերն ու ոտքերը կապած է իր սայլին, եւ եւրոպացիք տարիներէ ի վեր իրենց մորթին վրայ կը զգան ամերիկեան պարտադրանքներուն տնտեսական, ընկերային եւ այլ խայթոցները, սակայն ակամայ թէ կամովին՝ կը մնան ստեղծուած սարդոստայնին պատանդը: Ռուսիայէն կազ հասցնող ընդծովեայ խողովակներու ականահարման ետին՝ ատենին «ռուսական մատ» տեսան, հիմա այլ մտածումներ կը խմորուին, սակայն «բանը բանէ անցած է»:
Թրամփի դէմ ամէնէն հնչեղ մեղադրանքը այն է, թէ ան դարձած է Փութինի լծակիցը, մինչեւ իսկ անոր հպատակը: Բայց նո՞ր պիտի տեսնենք ու զգանք, թէ մեծերու հակադրութիւնները երբեմն կը քողարկեն… շահակցութիւն, եւ յաջորդ փուլին խորագիրն ալ, նախատեսելի ապագային, կրնայ ըլլալ ՇԱՀԱԿԻՑՆԵՐՈՒ ՄՐՑԱԿՑՈՒԹԻՒՆ, շահակիցներու միջեւ հաշիւներու վերադասաւորում: Եթէ Թրամփ այս հանգրուանին Ուքրայինայի հարուստ հանքերուն սեփականատիրութեան համաձայնագիրը ձեռք չբերաւ, ո՛չ ոք կրնայ երաշխաւորել, որ ան հրաժարած է նման դիտաւորութենէ: Նախօրօք ան յստակացուցած էր, որ Ուքրայինայի ամերիկեան օժանդակութեանց շարունակումը կախում ունի այդ հարստութեանց ամերիկացիներուն յանձնումէն (մենք միլիառներ տուինք, հիմա պահն է հատուցման…), իսկ Զելենսքի արդէն պատրաստակամութիւն կը յայտնէ Ուաշինկթըն վերադառնալու (նուաստացումը կարծէք թէ սովորութիւն է այս խեղկատակին համար): Կայ նաեւ Ռուսիոյ հետ շահակցական կապերու վերադասաւորումը:
Իսկ ո՞վ կ’ըսէ, թէ Ուաշինկթընի՝ եւրոպացի եւ ամերիկեան ցամաքամասի դաշնակիցները մի՛շտ ալ համերաշխ գործակիցներ եղած են: Ներածումներու վրայ տուրքերու բարձրացման Թրամփի դիտաւորութիւնները նորութիւն չեն, չմտնենք այն բաւիղներուն մէջ, թէ հոն շահողն ու տուժողները ո՛վ են:
ՊԱՐԶԱՊԷՍ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ ՄԸ
Եղած-չեղածները բոլորովին նորութիւն չեն, ո՛չ ալ անակնկալ (թէեւ շատեր կ’ըսեն, որ եղածը անակնկալ էր): Սպիտակ Տան մէջ 28 Փետրուարին եղածը՝ պարզապէս հանգրուան մըն է Ուքրայինայի գլխուն խաղցուող խաղի պատմութեան մէջ, խաղ մը՝ որ սկիզբէն ալ, այդ երկիրը սիրողն ու չսիրողն ալ՝ գիտեն, որ կ’ընթանայ ի վնաս անոր:
Իր ընտրապայքարի օրերէն ի վեր, ու մասնաւորաբար Սպիտակ Տուն վերադարձէն ասդին, Թրամփ աւրուած ձայնապնակի պէս կրկնած ու կրկնած է, թէ իր նպատակն է Ամերիկան վերադարձնել իր փառքի օրերուն, թէ՝ խաղաղասէր է, եւ այս ու նման նպատակներու իրականացման ճամբուն՝ պատրաստ է զոհ տալու եւրոպացինե՛րն ալ, քանատացինե՛րն ալ, լատին-ամերիկեան երկիրնե՛րն ալ: Նոյնքան բացայայտ դարձած է, որ այս վարչամեքենային մտածողութեան առաջնակարգ մղիչ ուժը՝ դրամն ու տնտեսական նկատումներն են: Մարդը կը տեսնէ, որ տարիներէ՜ ի վեր, ամերիկեան տնտեսական կարողութիւնները կը մաշին (իր առաջին իշխանութեան շրջանը անպարտ չէ, իսկ շահողները անհատներ կամ աշխարհատարած ըն կերութիւններ են, ո՛չ ամերիկեան պետութիւնը), եւ հիմա, ելեր է եւ «տնտեսութիւնը պիտի փրկեմ» նշանախօսքով, տրամաբանականն ու անտրամաբանականը իրար անցուցած է, մինչեւ իսկ… տակն ու վրայ կ’ընէ «ներքին շուկաները»՝ մէկ կողմէ՝ սղութեան ալիքի մտրակահարումով ու միւս կողմէ զանգուածային պաշտօնազրկումներով-գործազրկումներով (թէեւ վերջինէն ետքայլի նշաններ կ’երեւին արդէն): Ամերիկեան իրերայաջորդ վարչակազմերու կատարած մսխումներուն (իբրեւ թէ) բացայայտումը անոր ձեռքին դրած է դեմոկրատներուն դէմ «շահող խաղաքարտ» մը, եւ ահա, անոր մէկ զոհը կ’ըլլայ այլ երկիրներու ամերիկեան օժանդակութեանց դաշտը: Եւ մարդիկ իրաւունք ունին հարց տալու. այդ ո՞ր Ամերիկան է, որ վերստին պիտի հզօրանայ, երբ իրական գետնի վրայ, գործազրկուողներու թիւը կը բարձրանայ, սննդանիւթերու սակերը՝ նմանապէս, իսկ վիճակագրութիւնները ցոյց կու տան, որ նիւթական աստղաբաշխական հարստութեան տէր փոքրամասնութիւն մը ամէն օր աւելի՛ կը հարստանայ եւ կ’ուռճացնէ իր գանձանակները: Այլ խօսքով՝ իսկապէս ո՞վ է վճարողը խաղաղասիրութեան եւ (իբրեւ թէ) տնտեսական բարգաւաճման գինը: Ալ ի՜նչ հարց, թէ բարեկամ-դաշնակիցներու հետ վիհերու ստեղծումէն ի՞նչ շահ կարելի է ապահովել…: Ու պէ՞տք է կրկնել, թէ դաշնակիցներուն տնտեսութիւններն ալ հալ ու մաշ կ’ըլլան եւ կը ստեղծեն բողոքի զանգուածային շարժումներ:
ՄԵԾԱԳՈՅՆ ԶՈՀԸ՝ ՈՒՔՐԱՅԻՆԱՆ
Աշխարհը հիմա ակնդէտ կը սպասէ՝ տեսնելու, թէ Ռուսիոյ նախագահին հետ Թրամփի խոստացեալ հանդիպումի «լեռնէն» ի՞նչ պիտի ծնի (Թրամփի կուսակցութեան խորհրդանիշը ՓԻՂ է, ըստ երեւոյթին, Ուքրայինայի մուկ մըն ալ բաժին պիտի չ’իյնայ), սակայն մէկ բան անվիճելի է. Ուքրայինան, իբրեւ ժողովուրդ ու երկիր, իբրեւ պետութիւն ու տնտեսութիւն՝ գլխաւոր զոհն է գերուժերու միջեւ մրցակութեան: Կան այլ նոխազներ ալ, որոնց շարքին՝ Սուրիան, Կազան, Իրաքը, իսկ Իրանն ու Կովկասն ալ ճաշասեղանին դրուած են, կարգը ի վերջոյ կրնայ հասնիլ… Թուրքիոյ ու անոր «փոքր եղբայր» Ազրպէյճանին:
Ո՛չ կարելի է լիովին վստահիլ Ուշինկթընի խաղաղասիրութեան, ո՛չ ալ՝ եւրոպացիներու ռազմապաշտութեան: Եթէ Թրամփ իսկապէս խաղաղասէր է, ան պէտք է համաչափ վերաբերում ցուցաբերէ ռազմադաշտի վերածուած այլ գօտիներու նկատմամբ, մինչդեռ ան ո՛չ միայն կը շարունակէ Կազայի դէմ իսրայէլեան ոճրային քաղաքականութեան զօրակցութիւնը, այլ քանի մը քայլ ալ անդին կ’անցնի, յայտարարելով, որ կազացիք պէտք է հեռացուին իրենց հողերէն, վաղը կրնայ նոյնը ըսել Արեւմտեան Ափի բնակիչներուն համար, իսկ Սուրիան (կամ աւելի անդին գտնուող Կովկասը) ինչո՞վ պակաս են: Չէ՞ որ նոյն Իսրայէլը կ’աշխատի նոր տարածքներ գրաւել Սուրիայէն, ուր իշխանափոխութեան նպաստող Թուրքիոյ զինակից-հովանաւորն է նոյնինքն Ուաշինկթընը…
Այլ խօսքով, Ուքրայինա դրուած է անկարելի վիճակի մէջ. տարիներէ ի վեր, զայն կրկին ու կրկին քաջալերեցին, որ ՆԱԹՕ-ին անդամակցելու դիմում ներկայացնէ, անտեսէ Փութինի այն զգուշացումները, թէ Ուքրայինան «կարմիր գիծ է», թէշը բռնած՝ ետ քաշեցին, երբ զինադուլի համաձայնութեան նշոյլներ երեւցան. եւ ահա, Թրամփ մէկ օրէն միւսը գլխիվայր կը շրջէ ամէն բան, կը ձեւացնէ, որ Ուքրայինա եւ յատկապէս Զելենսքին են այդ ուղղութեան ջատագովները, գլխաւոր յանցաւորները (եւրոպացիք իսկ անուղղակիօրէն անպարտ կը նկատուին եւ վաղը կրնան իրենց ձեռքերը լուալ):
«ՆՈՐ ԱՇԽԱՐՀԱԿԱՐԳ»
Թրամփի վերադարձէն ասդին, նոր ձեւաւորում ստացած են այն զրոյցները, թէ աշխարհը կը գտնուի նոր համակարգի մը ստեղծման փուլին մէջ, թէ՝ մեծերը կ’աշխատին վերադասաւորել ուժերու հաւասարակշռութիւնը, այնպէս՝ ինչպէս եղաւ երկու աշխարհամարտերէն ետք: Այնպէս կը ստացուի, որ Ռուսիա Արեւմուտքին բաղձալի տկարացումը չէ ապրած, այլ մինչեւ իսկ աւելի ամուր դիրքերու վրայ է:
Նման մեկնաբանութիւն առերեւոյթ, եւ անմիջական դիտարկումով, կրնայ հիմնաւորումներ գտնել, բայց բոլորովին ճիշդ չէ: Ինչո՞ւ: Որովհետեւ աշխարհի իրադարձութիւններուն եւ մեծ ու փոքր ուժերու յարաբերութիւններուն, մրցակցութիւններուն հետեւողները կրնան վկայել ու հազար ու մէկ փաստ արձանագրել, որ ԱՇԽԱՐՀԻ ՆՈՐ ՀԱՄԱԿԱՐԳԻ ՁԵՒԱՈՐՈՒՄԸ ԵՐԲԵՔ ԱԼ ԴԱԴԱՐ ՉԷ ԱՌԱԾ, անիկա ՇԱՐՈՒՆԱԿԱԿԱՆ եղելոյթ է, իսկ ՄԵԾ դէպքերը պարզապէս երկար պատմութեան ստորակէտերը կամ վերջակէտերը կը կազմեն, որոնցմէ ետք, նախադասութիւնը – եւ վէպը – կը շարունակուի անվերջանալիօրէն: Եթէ միայն յիշենք, որ նման «վերաձեւաորումներ» (սեղմ կամ լայն տարածքներով) տեղի ունեցած են նոյնինքն Բ. Աշխարհամարտէն անմիջապէս ետք (առանց մոռնալու Ա. Աշխարհամարտի վաղորդայնը), Ծայրագոյն Արեւելքը արիւնալի մրցակցութեան դաշտերու վերածած՝ Քորէայի, Վիեթնամի եւ զուգընթաց պատերազմներու ճամբով, յետոյ՝ Միջին Արեւելքի տագնապին բազում փուլերուն (Իսրայէլի ստեղծում եւ հետեւող ճակատումները, Սուէզի տագնապ, Ծոցի բազմահանգրուան պատերազմները, հոս-հոն պետական յեղաշրջումները, ի վերջոյ՝ «Արաբական Գարուն»ն ու անոր բազմափուլ հետնորդները…), իսկ աւելի Արեւմուտք՝ Խորհրդային Միութեան փլուզումն ու «Պաղ պատերազմ»ի երկարաշունչ փուլին աւարտը, որուն յաջորդեց քանի մը «Պաղ պատերազմ», հասնելու համար Ուքրայինա (կան նաեւ ամերիկեան ցամաքամասին վրայ հսկայ ու մանր վերիվայրումները, որոնք պէտք չենք զգար թուելու այստեղ), կը հասնինք այն եզրակացութեան, որ «Նոր համակարգ կը ստեղծեն»ը քիչ մը խաբուսիկ հասկացութիւն է, քիչ մըն ալ ուռեցուած:
ՎԱՂԸ Ի՞ՆՉ
Արդէն հպանցիկ ակնարկութիւն մը ըրինք, որ ներկայի իրական ու շինծու հակադրութիւնները, երկփեղկումները վաղը կրնան նոր ձեւաւորումներ գտնել, երբ տեղի ունենայ Թրամփ-Փութին պատրաստուող հանդիպումը:
Կայ այն խաբուսիկ տպաւորութիւնը, թէ ո՛ւր որ է, երկու գերուժերու պետերը նոր տարազ մը պիտի գտնեն՝ Ուքրայինայէն սկսեալ ու աշխարհի այլ շրջաններու մէջ պատերազմներու ներկայի էջը փակելու իմաստով: Ա՛յս է ամերիկեան քարոզչութեան այժմու թմբկահարումը, որուն հետ համաչափօրէն քայլ կը պահէ Մոսկուա:
Ո՛չ ոք դէմ է նման ընտրանքի: Արեւելք-Արեւմուտք սուր հակադրութիւններուն մեղմացումը, մինչեւ իսկ դարմանումը ամբողջ աշխարհի քուէն կը վայելէ: Սակայն եկէ՛ք, պահ մը յոյսի եւ լաւատեսութեան այս բաղձալի ալիքէն քիչ մը անդին նայինք: Վերջին անգամ, երբ նման մեղմացում տեղի ունեցաւ՝ իբրեւ արդիւնք՝ Խորհրդային Միութեան տարանջատման, խաղաղութիւն խոստացողները հազիւ թէ խաղաղութիւն ու նոր հաւասարակռչութիւն բերին: Արեւելեան Եւրոպան, մասնաւորաբար նախկին Եուկոսլաւիան ապրեցան արիւնահեղութեան եւ քանդումի տարիներ, Միջին Արեւելքին եւ այլ շրջաններուն արդէն ակնարկեցինք քիչ առաջ, չենք կրնար անտեսել նաեւ Կովկասը, որուն մէկ կիզակէտն ալ մեր հայրենիքն է:
Մեր սպասումը այն չէ, թէ նման աղէտալի զարգացումներ անխուսափելի են, սակայն նման հաւանականութիւն կա՞յ: Բնականաբար կայ, եւ ա՛յդ է որ կարելի չէ անտեսել նոր հաշուարկներուն մէջ: Մինչդեռ, գոնէ Հայաստանի մէջ, զգալի է ալիք մը, թէ Պայտընի իշխանութեան յաջորդ փուլին, շատ աւելի հաւանական են դրական զարգացումներ:
Նոր աշխարհակարգի մասին նախատեսութիւններն ու հաշուարկները իրաւունք չունին արհամարհելու շարք մը հաւանականութիւններ, որոնց թւումը կրնայ երկար ըլլալ, սակայն այստեղ արձանագրենք գոնէ մէկ քանի կէտ:
Ի՞նչ կը պատահի, եթէ Թրամփ-Փութին թմբկահարուող «հաշտութիւնը» չիրականանայ, այլ ստեղծուի վիճակ, որ ըլլայ մէկ տարբերակը Զելենսքիի Սպիտակ Տուն այցելութեան: Ենթադրենք, որ Թրամփ գործիքն է այնպիսի ռազմագէտներու, որոնք խաղաղութեան պատրանպքով, կը փորձեն բարեկամութիւն խաղալ Ռուսիոյ հետ ու վաղը, կրնան ետքայլ ընել: Արաբական ծանօթ խօսք մը կայ, որ մօտաւորապէս կը նշանակէ «Պատերազմը խաբէութիւն է» (Ալ-հարպու խիտաա), այսինքն, հակառակորդդ խաբէ, ստեղծելով պատրանքներ, ու փորձէ հասնիլ նպատակիդ: Այսինքն, ո՞վ կ’երաշխաւորէ, որ այսօր բարեկամութիւն խաղացող երկու մրցակիցներուն հանդիպումը պիտի պատրաստուի աշխարհին համար բաղձալի ձեւով: Տակաւին, կ’արժէ՞ արդեօք հարց տալ, թէ Թրամփի որդեգրած ընթացքէն (խաղաղասիրութիւն, Մոսկուայի հետ լեզու գտնել, Չինաստանի, Եւրոպայի, Իրանի եւ Իսրայէլի հանդէպ ընթացք, եւ այլ) դժգոհներ վաղը նոր թափ պիտի չտան զինք պաշտօնազրկելու այն արշաւին, որ որոշ յաջողութիւններ արձանագրեց Պայտընի իշխանութեան վերջին շրջանին, ու այսօր դրուած է սառնարանը, թէեւ այսօրուան դրուածքով, նման հաւանականութիւն մեծ չէ, տրուած ըլլալով խորհրդարանին ու Դատական համակարգին մէջ նախագահին վայելած յենարանները, առանց անտեսելու նիւթական հզօրանքներուն տիրապետողներուն շահկցական զօրակցութիւնը…
Ճի՛շդ է. աշխարհի տարածքին նոր համակարգ մը կը ձեւաորուի, կամ՝ կը վերադասաւորուի նախկինը: Տեսնուածը՝ Ռուսիա,Արեւմուտք գիղերն են, մինչդեռ Չինաստանի, Իրանի եւ այլ ուժերու գործօնները անրահամրհելի չեն: Ուքրայինայի պարագան միայն մէկ երեսն է եղածին: Հետեւաբար, մասնաւորաբար փոքր երկիրներու (ինչպէս՝ Հայաստանի) ճիտին պարտքն է ըլլալ շատ աւելի շրջահայեաց եւ հեռատես (ասոնք իմաստութիւն եւ հաւասարակշռելու կարողութիւն կը պահանջեն, ու ներկայ պատկերին մէջ նման ապրանքի սղութիւն կայ, մասնաւորաբադր իշխանական դասուն մէջ):
…Երեւանէն հնչող կարգ մը մեկնաբանութիւններ իրատեսութեան մօտենալու նշոյլներ տեսան՝ Եւրոպական միութեան միանալու օրինագիծին քննարկումը յետաձգելու Երկուշաբթի, 3 Մարտի որոշումին ետին: Բնականաբար իշխանաւորները մերժեցին այդ քայլին եւ Ուքրայինայի շուրջ զարգացումներուն միջեւ կապ տեսնել, բայց անոնք միշտ ալ կը նախընտրեն կապ չտեսնել աղաղակող իրականութիւններու եւ իրենց քայլերուն միջեւ, օրինակ, կը պնդեն, որ Սահմանադրութեան փոփոխութիւնը Ազրպէյճանի պահանջով չեն ծրագրեր, հողային նոր զիջումներ չեն ըրած ու պիտի չընեն:
Ոեւէ հայու, մասնաւորաբար ազգին ու հայրենիքին շահերուն հետամուտ եղողներուն մտապատկերին մէջ, կայ այն բաղձանքը, որ վերաձեւաւորուղ աշխարհին մէջ, մեր հայրենիքը ո՛չ միայն դուրս գայ յարատեւ նահանջի ու տեսակ-տեսակ կորուստներու «յաղթարշաւ»էն, այլ իշխանութեան հասնին իմաստուն, կարող եւ հեռատես-շրջահայեաց մարդիկ, որոնք վերագտնեն արձանագրուած կորուստնե՛րն ալ վերաշահելու եւ այժմու ահաւոր պառակտումները (նաեւ Սփիւռքի հետ) դարմանելու բանալիները:
Սա նոյնքան տաժանելի չէ, որքան Ուքրայինայի վիճակուած ողբերգութիւնները, թէեւ մեր ողբերգութիւնները ԱՀԱԳԻՆ են մեզի համար: