ԿիզակէտՅօդուածներ

Ակնարկ.- Ճեֆրի Սաքսի Եւ Քիսինճըրի Հաստատումը Ամերիկայի Հետ Ընկեր Ըլլալու Հետեւանքին Մասին՝ Բոլոր Աշխարհը Վկայեց

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
3 Մարտ 2025
haroutchekijian.wordpress.com 
Նախորդ յօդուածիս. «Միացեալ Նահանգներուն թշնամի ըլլալը վտանգաւոր է, սակայն ընկեր ըլլալը՝ մահացու» է (1) իրականութեան հաստատումին՝ գործնապէս ու տեղւոյն վրայ, հեռատեսիլի միջոցով բոլոր աշխարհը ականատես եղաւ:
Ձախէն՝ Զելենսքին եւ Թրամփը Սպիտակ տան մէջ կը վիճին:
Արդարեւ 28 փետրուար 2025-ին, նախապէս Ամերիկայի շփացուցած եւ քոնկրէսին մէջ ծափեր խլած, Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքին Ամերիկայի նախագահական Սպիտակ տան հաւկթաձեւ գրասենեակին մէջ, նախագահ Թրամփին եւ փոխնախագահ Ճէյ Տի Վանսին կողմէ խստիւ յանդիմանուեցաւ ու պախարակուեցաւ, եւ այս բոլորը՝ հաւատարմագրուած թղթակիցներուն եւ անոնց տեսախցիկներուն առջեւ (2): Մահացու հարուած ստացաւ:
Պատճառները շատ են, նպատակս անոնց անդրադառնալը չէ, սակայն, ամենապարզ պատճառներէն մէկն էր՝ Զելենսքիին անպաշտօն զգեստով ներկայանալը: Արդէն ԱՄՆ-ի այժմու նախագահ Թրամփ իրմէ դժգոհ՝ անխոհեմ վարուելակերպով, Զելենսքին եւ իր պատճառով նաեւ Ուքրանիան «մահացու» հարուած ստացան:
Նախապէս շատեր մահացու հարուածներ ստացած են, իբրեւ Ամերիկայի բարեկամներ, որոնցմէ կը նշեմ երեքը: Իրանի Շահը՝ Մոհամմատ Ռիզա Փահլաուին, որ գահընկէց եղաւ, տես՝ «Ինչպէ՞ս Միացեալ Նահանգները կը կործանեն երկիրներ, տնտեսական սիկարեանի մը խոստովանութիւնները – Գ.» (3): Երկրորդն էր Իրաքի նախագահ Սատտամ Հիւսէյնը, որուն միջոցով Միացեալ Նահանգները Իրանի դէմ 8 տարի 1980-1988 առանց յաղթական կողմի՝ անտեղի մահասփիւռ պատերազմ մղեցին: Բաւարարուիմ երրորդով՝ մեր դրացի Վրաստանի նախագահ, Ամերիկա ուսանած՝ Միխայիլ Սահակաշվիլին, որ ամերիկեան-արեւմտեան «գունաւոր յեղափոխութիւն»-ով նախագահ դարձաւ, այժմ՝ վրացական բանտին մէջ կը հիւծի:
Ճեֆրի Սաքս 16 նոյեմբեր 2024-ին Հայաստան այցելած էր եւ հարցազրոյցներ ունեցած, որոնցմէ էին 168.am-ը (4) եւ «Կռունկ» կայքէջը (5): Զրոյցներէն կը մէջբերեմ հետեւեալ հաստատում-ուղերձները, խառն շարքով.
1. «ԱՄՆ-ը հետաքրքրուած չէ հայ-ատրպէյճանական խաղաղութեամբ»:
2. «ԱՄՆ-ը երբեք պիտի չփրկէ Հայաստանը»։
3. «Կեանքիս ընթացքին տեսած եմ, թէ ինչպէ՛ս զանազան երկիրներ ԱՄՆ-էն հրաշքներ ակնկալած են, սակայն լաւ բան դուրս չէ եկած։ Ընդհակառակը՝ յաճախ շատ վատ բաներ պատահած են»:
4. «2008-ի գարնան Վրաստանի նախագահ Սահակաշվիլին ելոյթ ունեցաւ ԱՄՆ-ի Արտաքին յարաբերութիւններու խորհուրդին մէջ եւ ըսաւ. «Մենք Եւրոպայի կեդրոնն ենք, մենք եւրոպական երկիր ենք, մենք կը պատրաստուինք ՕԹԱՆ-ի եւ Եւրոմիութեան անդամ դառնալ»։ Երբ այդ հանդիպումէն դուրս եկայ, կնոջս ըսի. «Այդ մարդը խելագար է, ան կը պատրաստուի կործանել իր երկիրը»:
5. «Իմ խորհուրդս միշտ այս է՝ նայեցէք քարտէսին եւ փորձեցէք լաւ յարաբերութիւններ ունենալ ձեր դրացիներուն հետ»։
6. «ՊՐԻՔՍ-ը կրնայ շատ կարեւոր ըլլալ Հայաստանի համար, քանի որ այժմ կը ներառէ Իրանը նաեւ՝ Ռուսիան, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները, Եգիպտոսը եւ Հնդկաստանը։ Այս բոլոր երկիրները շատ կարեւոր են Հայաստանի համար, թէ՛ տնտեսական, եւ թէ՛ ալ աշխարհաքաղաքական առումով։ Ճիշդ է, որ յաջողութեան երաշխիքներ չկան, բայց աւելի լաւ է, քան՝ ըսել, որ «ՕԹԱՆ-ը մեզ կը փրկէ… Այդ մէկը երբե՛ք տեղի պիտի չունենայ»:
7. «Կը կարծեմ, որ, ընդհանուր առմամբ, հին լուծումներն ու գաղափարները այլեւս չեն գործեր»:
Քառասունէ աւելի գիրքերու հեղինակ եւ նախագահներու խորհրդական՝ Ճեֆրի Սաքսի այս խորհուրդները բոլորովին անտեսուած են Հայաստանի այժմու հակահայ ապազգային անհեռատես կառավարութեան կողմէ, որ Սահակաշվիլիի նման բռնած է կործանումի՝ «մահացու» ճամբան:
1. https://hairenikweekly.com/?p=63181
2. https://www.youtube.com/watch?v=z2s2pogllis
3. https://haroutchekijian.wordpress.com/2020/09/22/ինչպէ՞ս-միացեալ-նահանգները-կը-կործան/
4. https://168.am/2024/11/16/2127466.html
5. https://youtu.be/sG_ji42YHj8
Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button