Սփիւռքին / Սփիւռք(եր)էն Խօսք
Խ. Տէր Ղուկասեան
«Քրէոլներուն (criollos) կ՚ուղղեմ խօսքս. անոնց, որոնք այս հողին վրայ կ՚ուզեն ապրիլ եւ մահանալ, ոչ անոնց որոնք կը կարծեն թէ արեւն ու լուսին Եւրոպա են:» Այս նախադասութեամբ կը սկսի Խորխէ Լուիս Պորխէս գրեթէ հարիւր տարի առաջ հրատարակած իր գրութիւնը:
Կը խօսի 19-րդ դարու սկիզբին հարաւամերիկեան ցամաքամասի վրայ սպանական գաղութատիրութեան դէմ ծառացած յեղափոխութեան ծնունդ երկիրներէն՝ Արժանթինի բնակիչներուն, արժանթիցիներուն: Իր թեման հայրենիքն է, եւ հաւաքական ինքնութիւնը: (Jorge Luis Borges, “El tamaño de mi esperanza”. El tamaño de mi esperanza, Buenos Aires, Seix Barral, 1993, p. 11): Անոնց կառչելու կոչ է, ըլլալու տեղացի, բայց հաղորդակից աշխարհին հետ, կամ, ինչպէս փորձագրութեան աւարտին կը բանաձեւէ, «Քրէոլականութիւն մը, որ զրուցէ աշխարհի մասին եւ Եսին, Աստծոյ մասին եւ մահուան: Ձեզի տեսնեմ՝ մէկը ինծի պիտի օգնէ՞ այդ փնտռտուքին մէջ:» (p. 14)
Դիւրին չէ Պորխէս կարդալ, եւ շատ դժուար՝ Պորխէս թարգմանել: Անկարելի է սակայն չմտածել անոր իւրաքանչիւր գրութեան ընթերցումէն յետոյ, պատմուածք ըլլայ այն, բանաստեղծութիւն թէ փորձագրութիւն: Այնքան, որ տիեզերական է անոր միտքը, այնքան խնամուած այդ միտքը խօսքի վերածելու իր գրականութիւնը:
Առանց այդ 1926-ի գրութեան դիպուկ թեմային՝ արժանթինեան հաւաքական ինքնութեան անդրադառնալու, Պորխէսի տիեզերականութիւնը թոյլ կու տայ «Ազատ Օր»-էն փորձել խօսքը ուղղել Սփիւռքահայերուն, անոնց որոնք այդ Վայրին մէջ են, եւ այդ Վայրի՛ն՝ Սփիւռքին անցեալ-ներկայ-ապագայ լինելութեան յանձնառու են: Կարելի՞ է Սփիւռքին խօսիլ, եւ Սփիւռքէն խօսիլ, ահա սփիւռքահայ մամուլի գլխաւոր մարտահրաւէրը ներկայիս՝ 21-րդ դարուն: Մամուլին՝ իր ամենէն դասական իմաստով, այսինքն այն տեղեկատուական/հրապարա
Սփիւռքերէնի մարտահրաւէրին մասին է խօսքը, որ ստեղծուեցաւ/զարգացաւ Սփիւռքին հետ որ ստեղծեց/զարգացուց, ինքնացո՛ւց, հայապահպանման ի խնդիր, Հայ Դատի պայքարին եւ Սփիւռքահայ ըլլալու: Յատուկ լեզու մը չէ սփիւռքերէնը բառապաշարի եւ քերականութեան իմաստով, որովհետեւ հայերէնի մասին է խօսքը, Արեւմտահայերէնի եւ Արեւելահայերէնի, եւ մինչեւ իսկ Արեւմտարեւեալահայերէ
Սփիւռքերէնի մարտահրաւէրը, հետեւաբար, լեզուամտածողական ստեղծագործ յանձնառութիւն մըն է, որ նախ եւ առաջ Սփիւռքին կը խօսի յուշելու համար, որ անկախ պետականութեան անժխտելի անհրաժեշտութիւնը հայրենիքի գոյատեւման ու զարգացման, ինչպէս նաեւ ազգ-պետութեան գերիշխան ամրապնդման համար, անպայմանօրէն գործնական ոչ մէկ ներդրում բերած է սփիւռքեան անդրազգային իրականութեան մէջ հաւաքական ինքնութեան պահպանման եւ զարգացման: Ծնունդ չէ տուած, եթէ ոչ համարկումի առնուազն մասնակցական համագործակցութեան հայեցահարգի մը, ուր նաեւ Սփիւռքեան լինելութեան խնդիրները կը քննարկուին ներկայացուցչական ձայնի եւ քուէի իրաւունքով: Մօտեցման ու տիալոկի միջոցներ անշուշտ եղած են, եւ անարդար է ժխտել անոնց ետին կանգնած քաղաքական անձնաւորութիւններու անկեղծ համոզումը, բայց, վերջին հաշուով, հայրենի քաղաքական հատուածին մօտ չէ եղած լուրջ պատրաստակամութիւն լեզուամշակութային փոխադարձ զիջումի:
Առանց տակաւին անդրադառնալու այլեւս պետութեան բարձրագոյն մակարդակով սփիւռքեան ինքնութեան եւ լինելութեան ուրացման քաղաքականութեան, որ ներկայ իշխանութիւններունն է: Կրնայ ըլլալ, ինչպէս շատեր կը յուսան, որ այդ քաղաքականութիւնը լոկ թիւրիմացութիւն մըն է պարտութեան հոգեհարազատ իշխանութիւններու: Այնուամենայնիւ Սփիւռքը ներկայ սփիւռքուրաց քաղաքականութիւնը պէտք է ընկալէ որպէս ահազանգ, անդրադառնալու համար թէ մինչեւ ո՛ւր կրնայ հասնիլ իր լինելութեան օրակարգի մոռացումը, կամ լուսանցքայնացումը, յանուն նախկինին «անկախ պետութեան հզօրացման» թէ ներկային «պետականաշինութեան» առաջնահերթացումին:
Սփիւռքի՛ն խօսիլ է Սփիւռքերէնը, որովհետեւ ատենին հաւաքական ինքնութիւն կերտած «տարբերումը», ինչպէս բանաձեւած է Յարութիւն Քիւրքճեան, այսօր կրկնակի իմաստ կը ստանայ ի դէմս նոյն այդ ինքնութեան լինելութիւնը անկախ պետութեան ներդրումով լիցքաւորելու երբեմնի յոյսին չքացման: «Այսօր», այսինքն՝ դեռեւս 1990-ականներուն, երբ Սփիւռքահայ մտաւորականներ զգուշացուցին Սփիւռքը լքելու վտանգին մասին, բայց առնուազն Ցեղասպանութեան Հարիւրերորդ Տարելիցի աւարտէն ի վեր ի դէմս այնքան սպասուած Համահայկական Խորհուրդի չկայացման, եւ վստահաբար Քառասունչորսօրեայ Պատերազմի պարտութենէն յետոյ: Սփիւռքի ինքնութեան պատասխանատւութիւնը նախեւառաջ, եւ ներկայ պարագային թերեւս՝ բացարձակապէս, Սփիւռքին, սփիւռքեան կազմակերպութիւններուն եւ մինչեւ իսկ անհատ սփիւռքահայերունն է:
Ներառեալ Հայաստան բնակութիւն հաստատած սփիւռքահայերուն, որոնք կազմակերպուած իւրայատուկ համայնք մը ըլլալու ամբողջ կարողականութիւնը ունին, բայց ցարդ կարծես չեն մտածած/ուզած/կարողացած Արեւմտահայերէնով դասաւանդող դպրոց հիմնել, դասական ուղղագրութիւնը դնել մշակութային քաղաքականութեան օրակարգին, կամ Սփիւռքի շահերու պաշտպանութեան «լոպպի» մը առաջացնել, ինչպէս անձնական խօսակցութեան մը ընթացքին նշած է Սփիւռքահայ մը, ընդ որում «շահ»ի ե՛ւ ընդհանրական, ե՛ւ կոնկրետ գործարարական իմաստով: Հոս պիտի յիշեցնել թերեւս որ Հայաստանի առաջին հանրապետութեան տարիներուն, Հայաստանի մէջ եղած է Արեւմտահայութեան ներկայացուցչութիւն, եւ անոր ղեկավարութիւնը ստանձնած է հանրապետութեան մէջ իշխանութեան վրայ գտնուող կուսակցութեան ակնառու գործիչներէն մէկը, յանձինս Կարօ Սասունիի:
Բայց Սփիւռքերէնը նաեւ Սփիւռքէն խօսիլ է, եւ դիրք ճշդել: Քաղաքական եւ գաղափարախօսական դիրք, որ ինքնին անխուսափելիօրէն պիտի ըլլայ բազմակարծիք, բանավէճ հրահրող, հանրային քննարկումի մէջ տեսակէտներու բախումին միջոց բացող յանդգնութեամբ եւ քննական/քննադատական մօտեցումով: Բանավէճի դնել նաեւ եթէ ոչ մասնաւորաբար հայաստանեան քաղաքականութիւնը, ներքին թէ արտաքին, առանց վերարտադրելու հոնտեղի բանավէճերն ու կարծիքները: Եւ դիրք ճշդել Սփիւռքէն դիտելով երեւոյթները, թէկուզ եւ դիրքորոշուելով Հայաստանեան ներքաղաքական դաշտին մէջ իշխանութեան թէ ընդդիմութեան կողքին: Առանց պատրանքներ ունենալու: Սփիւռքի մէջ քաղաքական խօսքը Հայաստանի մէջ իրադարձութիւններուն վրայ հազիւ թէ կրնայ ազդել: Դժուար է նաեւ երեւակայել, որ Հայաստանեան որեւէ քաղաքական ուժ Սփիւռքեան մտածողութեամբ հետաքրքրուի: Սփիւռքէն խօսքը նախ Սփիւռքին ուղղուած է, բայց գոնէ վարկածի կարգով պիտի ենթադրելով, որ այն ինչ որ չափով կրնայ արձագանգել Հայաստանի մէջ: Ինչպէս պատահեցաւ, օրինակի համար, հայ-թրքական Փրոթոքոլներուն դէմ Սփիւռքի մէջ ծնունդ առած եւ բարձրագոչուած «Ոչ»ի պարագային: Միակ օրինակը չէ, թէեւ հաւանաբար ամենէն ցայտունը: Բայց, ահաւասիկ, Սփիւռքի մամուլին կը մնայ Սփիւռքէն խօսքը աւելի համարձակօրէն, աւելի յստակօրէն, եւ սփիւռքեան բազմամշակութային իրականութեան համապատասխան իւրայատկութեամբ բանաձեւել, հաստատագրել եւ տարածել:
Սփիւռքերէնը Վահէ Օշականի «Սփիւռքահայ ըլլալ»ու խօսքն է որուն բանաձեւումը որպէս քաղաքական մտածողութիւն սփիւռքահայ հրապարակագրութեան մէջ պիտի զարգանայ: Հրապարակագրութիւն՝ անկախ թէ այն տպագիր թէ արդէն առցանց մամլոյ օրգաններու իւրայատուկ է, եւ ոչ թէ ընկերային ցանցերու վրայ պայմանական գրառումներ: Սփիւռքի մէջ քաղաքական մտածողութիւնը հիմնականօրէն հաւաքական ինքնութեան լինելութիւնն է: Եւ, հետեւելով Քլեմանսոյի վերագրուած նախադասութեան՝ «Պատերազմը շատ կարեւոր է անոր պատասխանատուութիւնը զօրավարներուն ձգելու համար», պիտի ըսել որ Սփիւռքի համար հաւաքական ինքնութիւնը շատ կենսական է անոր պատասխանատուութիւնը պետութեան ձգելու համար: