Ամերիկահայ

ՔԸՆԵԹԻՔԷԹԻ ՍՈՒՐԲ ՍՏԵՓԱՆՈՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԽԱՉԻ ՕԾՈՒՄ

Շաբաթ, Փետրուար 22-ին, Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան մասնակցեցաւ Սուրբ Պատարագին,  Նիւ Պրիթընի (Քընէթիքըթ) Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ։ Սուրբ Պատարագը մատուցանեց Արժպ. Տ. Արամ Ա. Քհն. Ստեփանեան՝ եկեղեցւոյ պատուակալ հովիւը։

Յաւարտ Սուրբ Պատարագի, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Սուրբ Միւռոնով օծեց եկեղեցւոյ բնատիպ խաչի կրկնօրինակը, որ շուտով պիտի զետեղուի եկեղեցւոյ մուտքի գագաթին։ Սրբազան Հայրը բարձրօրէն գնահատեց հոգաբարձութեան հետեւողական աշխատանքը եկեղեցւոյ վերանորոգման եւ ծխական կեանքի վերաշխուժացման համար, առ ի պատրաստութիւն յառաջիկայ Հոկտեմբերին տօնախմբելու եկեղեցւոյ հիմնադրման հարիւրամեակը։ Այնուհետեւ, եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ ընդունելութիւն։

Ծննդեան տարեդարձի կարկանդակ բերուեցաւ 104 տարեկան ծխական՝ տիկԻՆ Սիւզըն Քոչունասին, եւ կարդացուեցաւ քաղաքապետին կողմէ յայտարարագիրը այդ առիթով։ Նաեւ Սրբազան Հայրը ներկայացուց նոյն առիթով Առաջնորդարանի կողմէ բարեմաղթութեան գիր մը։

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button