Հայաստանը Կը Ծփայ Դէպի Միացեալ Նահանգներ եւ ՆԱԹՕ
Արդեօք Պատճառ Պիտի Դառնա՞յ Ամբողջ Հարաւային Կովկասի Ապակայունացման
ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
13 Փետրուար 2025
haroutchekijian.wordpress.com
Այս է խորագիրը Ճէօֆորի՝ ռուսական Աշխարհաքաղաքական նախատեսումներու կեդրոնի GEOFOR Center for geopolitical forecasts, 11 Փետրուար 2025-ի, Ալեքսէյ Մալեանի Aleksey Malyan գլխաւոր յօդուածին: Անգլերէնէ կը թարգմանեմ յօդուածը իմ կողմէս շեղագիր ճշդումներով * եւ ընդգծումներով:
«Համաշխարհային կառուցուածքային պատահարներու խորապատկերին, ինչպիսիք են Ռուսիա-Ուքրանիա շարունակուող պատերազմը, Ասատի ռեժիմի փլուզումը, Կրինլէնտը գնելու մասին նոր նախագահ Թրամփի կովարածական յայտարարութիւնները եւ Փանամայի ջրանցքը վերադարձնելու պահանջները՝ Հայաստանէն լուրերը կերպով մը շուքի տակ մնացին (մոռցած է նշելու նաեւ Քանատան կցելու եւ Կազան գնելու պարագաները*)։


«Առաջին ակնարկով, կը թուի, որ այս զարգացումները էական ազդեցութիւն չունին համաշխարհային ուժերու վերադասաւորումներուն վրայ: Սակայն, վերջերս Հայաստանի մէջ տեղի ունեցան տարօրինակ դէպքեր՝ տեղի ունեցան հայ-ամերիկեան համատեղ զօրավարժութիւններ, ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան Ուաշինկթըն այցելեց՝ քննարկելու հայկական բանակի բարեփոխման ուղղուած ԱՄՆ-ի աջակցութեան հարցը։ Միեւնոյն ժամանակ, Ասթանայի մէջ, ՀԱՊԿ-ի գագաթնաժողովին, կազմակերպութեան Երեւանի մասնակցութեան կասեցման հարցը քննուեցաւ, ուր վարչապետ Փաշինեան յայտարարեց, որ իր երկրի յարաբերութիւնները ՀԱՊԿ-ի հետ հասած են «անվերադառնալի» կէտին։ Այս բոլորին ետին ի՞նչ կանգնած է։
«9 Յունուար 2025-ին Հայաստանը պաշտօնապէս սկսաւ եւրոպական Միութեան միանալու ընթացքը: Հետաքրքրական է, որ ՀՀ վարչապետ Փաշինեանը յայտարարեց, որ Հայաստանի անդամակցութիւնը ԵՄ-ին կարելի է հասնիլ ոչ թէ որոշ օրէնքներ ընդունելով, այլ՝ գործող սահմանադրութեան համապատասխան՝ հանրաքուէով։ Ըստ էութեան, Փաշինեանը ցոյց կու տայ, որ ոչ միայն ինքն է հանրապետութիւնը դէպի ԵՄ տանողը, այլ՝ ժողովուրդի կամքին արտայայտութիւնն է*, եւ անոր պատասխանատուութիւնը կը կրէ ոչ միայն ինք, այլ ամբողջ ժողովուրդը»։ * Տակաւին այսպիսի հանրաքուէ տեղի չունեցաւ* :
«Պէտք է նշել, որ սա առաջին անգամը չէ, որ Փաշինեանը ինքզինք կը հեռացնէ կարեւոր որոշումներու պատասխանատուութենէն՝ յաւակնելով, որ այդ իր որոշումը չէ, այլ հայ ժողովուրդին կամքը։ Միեւնոյն ժամանակ, սակայն, ան հարկ եղած ուժով յառաջ կը մղէ բոլոր (կառավարական լծակները*) միջոցները, որոնք անհրաժեշտ կը համարէ որոշումներ ընդունելու համար։
«ԵՄ-ին անդամակցելու յայտարարելէն մի՛այն հինգ օր ետք՝ 14 Յունուար 2025-ին, ԱՄՆ-ի եւ Հայաստանի միջեւ ստորագրուեցաւ ռազմավարական գործընկերութեան համաձայնագիրը։
«Այնուհետեւ, Հայաստանի կառավարութիւնը սառեցուց երկրին անդամակցութիւնը Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան՝ ՀԱՊԿ, իսկ եւրասիական տնտեսական միութեան վերջին նիստին, Փաշինեանը մասնակցեցաւ հեռակայ կապով եւ վիճեցաւ այն ժամանակ նիստը վարող Ալեքսանտր Լուքաշենքօյի հետ՝ հետագայ հանդիպումներուն անոր մասնակցութեան շուրջ։
«Ապա, դէպքերը ալ աւելի արագ ընթացան: 2024-ին ռուս սահմանապահները միայն Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանէն հեռացուեցան, սակայն 2025-ի Յունուար 1-ին իրան-հայաստան սահմանի հսկողութիւնը նաեւ (Հայաստանի պահանջով, ռուսերը*) յանձնեցին հայ սահմանապահներուն։ Հայաստանը աւելի հեռու եւ արագօրէն մոլորեցաւ Ռուսիայէն:
«Ուրեմն, ի՞նչ կ՚ենթադրէ ԱՄՆ-ի հետ ռազմավարական գործընկերութեան համաձայնագիրը: Ան ունի քանի մը բաժիններ՝ տնտեսական եւ առեւտրային համագործակցութիւն, ուր ԱՄՆ-ը կ՚աջակցի Հայաստանի լրացնումը արեւմտեան տնտեսական համակարգին: Ժողովրդավարութեան ամրապնդում, պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան համագործակցութիւն եւ մշակութային փոխանակում *։ Բացի այդ, ԱՄՆ-ը Հայաստանի մէջ նոր աթոմակայան կառուցելու յանձնառութիւն ստանձնած է։ Անհասկանալի է, սակայն, այժմու Մեծամօրի աթոմակայանին ճակատագիրը, որ կառուցուած է խորհրդային տարիներուն եւ կը շահագործուի Ռուսիոյ կողմէ»։ * Զարմանալի է, որ հայկական հզօր մշակոյթին դիմաց ամերիկեան ի՞նչ եւ ո՞ր մշակոյթին մասին է փոխանակումը… «Սնուփ Տոկ» ռէփըրի՞…*:
«Ըստ համաձայնագիրին՝ ԱՄՆ-ը կ՚աջակցի Փաշինեանի կառավարութեան կողմէ խրախուսուող «Խաղաղութեան խաչմերուկ» փոխադրական միջանցքի նախագիծին, որ շեշտակի կերպով դէմ * է Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կողմէ խթանուող Զանգեզուրի միջանցքին»։ *Ուշադի՛ր, ԱՄՆ-ը երբե՛ք դէմ չէ կեցած Զանգեզուրի միջանցքին, եւ երկրորդ, արդէն նշուած խաչմերուկին հորիզոնական մասն է այդ, որ ԱՄՆ-ը բացայայտօրէն կ՚ուզէ խզել Իրանի ցամաքային ելքը դէպի հիւսիս՝ Հայաստան*:
«Աւելին, ԱՄՆ-ը մտադիր է օգնել բարեփոխելու հայկական բանակը, ներքին անվտանգութեան ծառայութիւնները եւ սահմանապահները, սակայն Հայաստանին չի տրամադրեր անվտանգութեան երաշխիքներ, ռազմական օգնութիւն, զէնք փոխանցելու կամ վաճառելու խոստումներ կամ Հայաստանի տարածքին ամերիկեան ռազմակայաններ հիմնելու պարտաւորութիւններ։ Մէկ խօսքով, այս կէտերուն վերաբերեալ կայ բացայայտ «ՈՉ»: Այս իրավիճակը, իմ կարծիքով, չափազանց վտանգաւոր կը դառնայ Հայաստանի համար։ Ռուսական աջակցութեան կորուստով, որ կարեւոր զսպիչ միջոց է, թէ՛ Ատրպէյճանի եւ թէ՛ ալ Թուրքիոյ վրայ, Երեւանը գործնականին մէջ այս երկու երկրներուն դէմ առանձին կը մնայ:
«եւ ահա հիմնական հարցը – այս բոլորը կրնա՞ն ապահովել, որ Հայաստանը ՀԱՊԿ-էն դուրս գալէն ետք անդամակցի ՆԱԹՕ-ին՝ եւ անով իսկ, իր անվտանգութիւնը երաշխաւորած կ՚ըլլա՞յ արեւմտեան ռազմական ուժին ամբողջ հզօրութեամբ։ Պէտք է խոստովանիլ, որ այս մէկը չափազանց կասկածելի հեռանկար է։ Վառ օրինակ է ՆԱԹՕ-ի հովանիին տակ ապաստան գտնելու Ուքրանիոյ անյաջող փորձերը: Չէ՞ որ ան ալ նոյնպէս շատոնց հրապուրուած է ատլանտեանականներու շարքերը համալրելու ծանծաղ խոստումներով:
«Փոքր Հայաստանը, մէկ կողմէ շրջապատուած Ատրպէյճանով (որուն հետ վերջին պատերազմէն ետք խաղաղութեան պայմանագիր չստորագրեց), իսկ միւս կողմէ՝ Թուրքիայով, որուն հայերը չեն կրնար ներել 1915-ի ցեղասպանութեան իրողութեան պատճառով, եւ գիտակցելով, որ պէտք է յենիլ մէկու մը վրայ, կը փորձէ խորացնել իր պաշտպանական կապերը ԱՄՆ-ի եւ շարք մը արեւմտեան երկիրներու հետ։ Հեռանալով Ռուսիայէն՝ Փաշինեանը գրաւ դրած է ԱՄՆ-ի եւ ԵՄ-ի, Ֆրանսայի եւ Յունաստանի հետ կապերու ամրապնդման եւ Հնդկաստանէն զէնք գնելու վրայ։ Այսպիսով Հայաստանը կը վերածուի ԱՄՆ-ի եւ ՆԱԹՕ-ի առաջապահը Հարաւային Կովկասի մէջ, ՍԱԿԱՅՆ՝ ԱՌԱՆՑ ՍԵՓԱԿԱՆ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ԻՐԱԿԱՆ ԵՐԱՇԽԻՔՆԵՐՈՒ:
«Բնականաբար, այս քայլը մեծապէս ահազանգի մատնած է տարածաշրջանի բոլոր երկիրները՝ Թուրքիան, Իրանը, Ռուսիան եւ Ատրպէյճանը։ Իրանը, որ հիանալի դաշնակցային յարաբերութիւններ ունի Հայաստանի հետ եւ աշխուժօրէն աջակցած է անոր, նոյնիսկ Ատրպէյճանի հետ հակամարտութեան ժամանակ, այնքան ալ գոհ չէ իր հարեւանութեամբ ամերիկայի դաշնակիցներ ունենալուն: Կը կասկածիմ, որ այս պարագային իրանցիները մի՛այն կրնան պարզապէս խզել ռազմավարական համագործակցութիւնը Երեւանի հետ։
«Թուրքիան չափազանց ջղագրգիռ է Հայաստանի որեւէ ռազմականացումէն, որ ան կը դիտարկէ իբրեւ իր վրայ ճնշում գործադրելու միջոց*։ Ատրպէյճանը, որուն հետ Երեւանը տակաւին չլուծուած հակամարտութեան մէջ է, կը պահանջէ հանել Հայաստանի սահմանադրութենէն Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստանի մաս կազմող բառերը: Նաեւ Երեւանի ռազմավարական դաշինքը Սպիտակ տան հետ կը նկատէ իբրեւ նախապատրաստութիւն նոր պատերազմի համար, մինչ ինք կը շարունակէ զարգացնել իր զինուած ուժերը: Ռուսիան, որ յամառօրէն դուրս կը մղուի Հարաւային Կովկասէն, յստակօրէն, իր աւանդական աշխարհաքաղաքական շահերուն դէմ խախտում կը նկատէ զայն»։ *Երանի՜ թէ այդպէս ըլլար, սակայն այստեղ չափէ դուրս ելած է Մալեանը ՆԱԹՕ-ի անդամ եւ երկրորդ ցամաքային ուժը նկատուող Թուրքիոյ մասին*:
«Յստակ է, որ Սպիտակ տան եւ Հայաստանի միջեւ կապերու ամրապնդումը կ՚առաջնորդէ ալ աւելի մեծ քաոսի եւ ապակայունացման, այս՝ արդէն իսկ անկայուն տարածաշրջանին մէջ, կը սաստկացնէ բոլոր հակամարտութիւնները։ Ակնյայտ է, որ հիմնական խաղացողներէն ո՛չ մէկը ձեռքերը ծալած պիտի մնայ, քանի որ տարածաշրջանին մէջ կը փոխուի աշխարհաքաղաքական իրավիճակը եւ ուժերու յարաբերութիւնը: Այս փխրուն հաւասարակշռութեան խախտումը կրնայ մագլցում պատճառել, նոր, ալ աւելի զանգուածային զինեալ հակամարտութեան։
«Փաշինեանի օրօք Հայաստանը հետեւողականօրէն ընդգծած է թէ՛ Արեւելքի, եւ թէ՛ ալ Արեւմուտքի հետ համագործակցելու իր պատրաստակամութիւնը ու պատրաստուած է Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան դաշնագիրի։ Սակայն Ուաշինկթընի հետ ռազմավարական գործընկերութեան համաձայնագիրը էապէս փոխած է իրավիճակը։
«Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը անմիջապէս յայտարարեց, որ Հայաստանի ԵՄ-ին անդամակցելու փորձը եւ եւրասիական տնտեսական միութեան՝ ԵԱՏՄ անոր միաժամանակ մասնակցութիւնը համաձայնելի չեն։ ԵԱՏՄ-ին մասնակցութիւնը կարեւոր տնտեսական օգուտներ կը բերէ Հայաստանին: Հայաստան-ԱՄՆ համաձայնագիրի ստորագրելէն ետք լարուածութիւնը աւելցաւ, ուր մտահոգութիւն կը յայտնեն միւս գլխաւոր խաղացողները՝ Թուրքիան, Իրանը եւ Ռուսիան։ Յատկապէս Ատրպէյճանը չափազանց անհանգստացած է՝ Սպիտակ տան եւ Պրիւքսէլի հետ Հայաստանի գործընկերութեան ամրապնդումէն, դիտելով զայն իբրեւ ղարաբաղեան վերջին պատերազմին Երեւանի պարտութենէն ետք վրէժ լուծելու պատրաստուելու փորձ։
«Ի՞նչ հետեւանք պիտի ունենայ Ռուսիոյ փոխարէն նոր «Մեծ եղբայր» գտնելու Փաշինեանին փորձերը: ԱՄՆ-ի, Ֆրանսայի, Յունաստանի եւ Հնդկաստանի հետ կապերու ամրապնդումը կրնայ տարբեր հետեւանքներ ունենալ: Յունաստանի համար, որ երկար ժամանակ Թուրքիոյ հետ հակամարտութեան մէջ է, կարծես թէ Անգարայի վրայ ճնշում գործադրելու փորձ է, երկիր մը, որուն հետ Յունաստանը տասնամեակներ շարունակ վէճեր ունի Կիպրոսի եւ քանի մը կղզիներու հարցով: Ֆրանսան ունի ամենամեծ եւ ամենէն ազդեցիկ հայկական գաղութներէն մէկը, սակայն Փարիզը պատրա՞ստ է անհրաժեշտութեան պարագային Հայաստանի պաշտպանութեան համար լուրջ քայլեր ձեռնարկելու, թէ՞ կը սահմանափակուի միջնորդութիւններով, հռչակագրերով եւ ժողովներով*: Երբ (վերջերս*) ֆրանսան դուրս դրուեցաւ Ափրիկէէն, ցոյց տալով ֆրանսական դիւանագիտութեան եւ զինուած ուժերուն իրական «հզօրութիւնը»: Անհաւանական կը թուի, որ Հարաւային Կովկասի մէջ լուրջ հակամարտութեան պարագային կարելի է յոյս դնել Ֆրանսայի ուղղակի միջամտութեան վրայ»:
*2016-ի Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմէն ետք, մինչեւ օրերս, միթէ Ռուսիան ալ գրեթէ դիտողի եւ միջնորդի դերին մէջ չէ՞ր*:
«Չափազանց միամտութիւն եւ անհեռատեսութիւն կ՚ըլլայ ըսել, որ Ռուսիան այժմ իր ուժերը կեդրոնացուցած է Ուքրանիոյ վրայ, հետեւաբար Հարաւային Կովկասի մէջ հետաքրքրութիւն չունի։ Կ՚ուզեմ յիշեցնել, որ 1917-ի (ռուսական*) յեղափոխութենէն ետք միջազգային հանրութիւնը նոյնպէս կը կարծէր, որ Մոսկուան գործ չունի Հարաւային Կովկասի մէջ, եւ բոլորը կը փորձէին այնտեղ ոտք դնել՝ անգլիացիներէն մինչեւ թուրքերը: Սակայն 1920-ին Խորհրդային Ռուսիան վերադարձաւ Հարաւային Կովկաս, որ մնաց ԽՍՀՄ-ի կազմին մէջ մինչեւ անոր փլուզումը:
«Աւելի՛ն. օրինակի համար պէտք չէ շատ հեռուն նայինք։ Հայաստանի ամենամօտ դրացին՝ Վրաստանը, երկար ատենէ եւրոպայի անդամակցութեան հարցով, շատ աւելի մօտ էր Արեւմուտքին, սակայն վերջին ընտրութիւնները ցոյց տուին, որ Թիֆլիսը զգալիօրէն դանդաղեցուցած է իր երթը դէպի եւրոպա՝ գերադասելով Ռուսիոյ հետ գործնական յարաբերութիւնները ԵՄ-ի խոստումներէն: Փաստօրէն, երկիրը մի՛այն մէկ քայլ հեռու էր քաղաքացիական պատերազմէն։
«Չեմ բացառեր, որ Հայաստանի կտրուկ շրջադարձը դէպի եւրոպա եւ ԱՄՆ կրնայ յանգեցնել նաեւ ընկերային պառակտումի եւ ներքին լուրջ բախումի՝ հաւանաբար երկիրը հասցնելով քաղաքացիական պատերազմի շեմին, քանի որ հայ բնակչութեան զգալի մասը կը հաւատայ, որ իր ապագան Ռուսիոյ հետ է։ Աւելին, Ռուսիոյ մէջ կայ մեծաթիւ հայկական սփիւռք, որ ո՛չ թիւով պակաս է, ո՛չ ալ նուազ ազդեցիկ է, քան ԱՄՆ-ի կամ Ֆրանսայի հայերէն:
«Արդեօ՞ք Փարիզը կամ Ուաշինկթընը, կամ նոյնի՛սկ Աթէնքը, պատրա՞ստ են երաշխաւորել Երեւանի անվտանգութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը։ Արդեօ՞ք անոնք ԱՄՆ-ի հետ միասին պատրաստ կ՚ըլլա՞ն լուծել Հայաստանի տնտեսական բոլոր խնդիրները, եթէ Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւնները ծանր ընթացք ստանան։ Համոզուած եմ, որ ո՛չ։ Ի վերջոյ, Հայաստանի տնտեսութիւնը ուղղակիօրէն կախեալ է Մոսկուայէն՝ ո՛չ միայն աժան վառելանիւթի եւ կազի, այլեւ ներդրումներու համար, որ միայն 2024-ին կազմեց 4 միլիառ տոլար նաեւ, ապրանքներու վերստին արտածումը Ռուսիայէն եւ դէպի Ռուսիա։
«Փաշինեանը կը հասկնա՞յ, որ չի կրնար երկու աթոռի վրայ նստիլ եւ միաժամանակ օգտուիլ թէ՛ ԵԱՏՄ-էն, եւ թէ՛ ալ ԵՄ-ի բարիքներէն։ Եթէ Երեւանը ստիպուած ըլլայ հրաժարիլ Ռուսիոյ հետ տնտեսական համագործակցութենէն, նոր խնդիրներ կը ստեղծէ Հայաստանի արդէ՛ն փխրուն տնտեսութեան վրայ՝ պատճառելով հետագայ աղքատացում, աւելի մեծ ընկերային պառակտում եւ անկարգութիւններ։ Հայաստանը կրնա՞յ երաշխաւորել իր անվտանգութիւնը Ատրպէյճանի շարունակուող ռազմականացման եւ Թուրքիոյ հետ անոր ոչ բարեկամական յարաբերութիւններու պայմաններուն մէջ»: Վերջ:
Ընդհանուր առմամբ իրապաշտ եւ խորագիրին հարազատ վերլուծում մըն է, ուր արդէն առարկութիւններս եւ ճշդումներս տեղւոյն վրայ կատարեցի: Սակայն հիմնական հարցը, շատ ճիշդ է, որ Արեւմուտքը երբե՛ք զինուորապէս օգնութեան պիտի չհասնի, քանի որ Հայաստանը ի՛նք պէտք է պաշտպանէ իր սահմանները, եւ օտարը իրեն փոխարէն պիտի չի կռուի, այլ՝ թշնամիներուն վրայ զանազան տեսակի ճնշումներով եւ մատակարարումներով օժանդակէ: Միւս կողմէ, սակայն, ինչպէս վերը նշեցի, 2016-էն ի վեր Ռուսիան ու ՀԱՊԿ-ն ալ ակնկալուած օգնութիւնը չտրամադրեցին, որուն բացատրութիւնն ալ յստակ ու արդարանալի չէր:
Այո՛ Հայաստանի այժմու հակահայ կառավարութիւնը ազգային, մարդկային, պատմական, մշակութային, դիւանագիտական, ռազմական, տնտեսական եւ գրեթէ բոլոր բնագաւառներու մէջ ահաւոր սխալներ գործեց ու կը գործէ տակաւին, սակայն Ռուսիան ալ «Մեծ եղբօր» դերին մէջ թերացաւ եւ ուշ չէ, որ հարկ եղածը կատարէ:
* Լուսաբանութիւնները, ընդգծումներն ու լուսանկարը յօդուածագրին կողմէ:
https://medium.com/@geofor/armenia-drifts-towards-the-u-s-and-nato-66719f9d3b6a