ԱմերիկահայՅօդուածներ

Զաւէն Խանճեան՝ Դիւանագէտի Կարողութեամբ Օժտուած Ղեկավարն Ու Եռանդուն Մտաւորականը…

 

Ձախէն աջ՝ Զաւէն Խանճեան, Պօղոս Գուբելեան, Ռազմիկ Դաւոյեան եւ Խոսրով Ասոյեան կ՛այցելեն Ցեղասպանութեան զոհերու Մոնթեպելլոյի կոթողը

ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ
Ռիչմընտ – Վըրճինիա

Ազգային մեր կեանքի մէջ ցարդ չտեսնուած երեւոյթ մըն էր, որ մտաւորականի մը ու համայնքային ղեկավարի մը մահուան տխուր առիթով հրապարակային այնքան ելոյթներ ու անդրադարձումներ կատարուին: Սրտաճմլիկ, տխուր այդ առիթով գրեթէ ամէն ինչ ըսուեցաւ մեր գրչակից ընկերոջ Զաւէն Խանճեանի գրական, համայնքային կեանքն ու գործունէութիւնը յատկանշող տուեալներու մասին:

Սակայն ես այն քիչերէն եմ, որոնց բախտը վիճակուեցաւ, ոչ միայն գրական ու համայնքային երեկոներուն անոր մտերմութիւնը վայելելու, այլ նաեւ ընտանեօք բախտը ունեցանք Խանճեաններուն հետ, գեղատեսիլ Էմըրըլտ Այլի բլրան վրայ, դուռ դրացի ըլլալու երկար տարիներ եւ Զաւէնին, իր տիկնոջ՝ Սոնային ու իրենց անչափահաս զաւակներուն սէրն ու մտերմութիւնը վայելելու:

Տակաւին, մեր յարկերէն ներս գրական երեկոներ հիւրասիրելը Լոս Անճելըսի հայկական գաղութէն մէջ աւանդութիւն ու պահանջք դարձած էր: Եւ այդ բոլոր գործունէութեան ետին կանգնած էին, մեր եռանդուն կողակիցները՝ Սեդան ու Սոնան: Ինչպէս անգլիական առածը կ՛ըսէ՝ «ամէն յաջողակ տղամարդու ետին, կին մը կանգնած է…»։ Այս պարագային, Զաւէնի ետին կանգնող անոր կողակիցը՝ Սոնան, իր ամուր նկարագրով ու գիտակցութեամբ, միշտ ալ քաջալերած եւ ուղեկիցը դարձած է ամուսնոյն:

Ընկեր Զաւէնը բախտաւոր էր Սոնայի նման կողակից մը ունենալով, ան լեռան պէս կանգնած էր ամուսնոյն թիկունքին: Ասոր հետ մէկտեղ, իր կողքին ամուր նկարագրով կողակից ունեցած ըլլալը, դոյզն չափով չի նուազեցներ մեր ողբացեալ ընկերոջ ցուցաբերած ղեկավարի արժանիքները: Սակայն հակառակ իր վայելած համընդհանուր յարգանքին ու ժողովրդականութեան, ան ամէն քայլափոխի պահեց իրաւ հայ քրիստոնեայի ու մտաւորականի օրինակելի համեստութիւն ու ժուժկալութիւնը…

Եթէ երբեք Զաւէնը, փոխանակ իր համայնքին ղեկավարութիւնը ստանձնելու ու գրականութեամբ զբաղելու, քաղաքական ուղին ընտրէր, վստահ ենք դիւանագէտի իր ճկունութեամբ ու կառուցուածքով մեծ յաջողութիւններու կը հասնէր:

Արդարեւ, Խանճեանին յետ մահու ի յայտ եկած ժողովրդականութիւնը անհաւատալի կու գայ իր բարեկամներու շրջանակին ու «սկեպտիկ»ներուն հաւասարապէս: Ինքը՝ Հայ Աւետարանական համայնքի զաւակ, ես՝ Հայ Կաթողիկէ համայնքին, բայց եւ այնպէս տասնամեակներու ընթացքին մեր միջեւ երբեք գաղափարական բախում եւ վէճ տեղի չէ ունեցած, այլ խոր սերտակցութիւն ու հասկացողութիւն:

Ընդհակառակը, կարծէք համայնքային նոյն ընտանիքի պատկանէինք… Որով Զաւէնին նկարագրին մէջ չկար հակաճառել ու դիմացինը վիրաւորել: Ան իրեն յատուկ ժպիտով մտիկ կ՛ընէր զրուցակիցին առարկութիւնները եւ անհաճոյ թուացող ելոյթը ու իր այդ կեցուածքով զինաթափ կ՛ընէր զայն:

Շիտակը, այս պահուս շուարած եմ ու չեմ գիտեր իր այդ յատկութիւնը աստուածատուր կոչել, թէ՝ բնատուր…

Գասպարեան կաթողիկոս պատրիարքը Գուբելեաններու յարկին տակ․ կողքին՝ Ներսէս Սեթեան ու Վարդան Աշգարեան եպիսկոպոսները

Գրչեղբայր Զաւէնին անսահման նուիրումին ու տքնաջան աշխատանքին իբրեւ արդիւնք՝ Հայ Աւետարանական համայնքը թեւեր առաւ, աւելի բարգաւաճեցաւ, հզօրացաւ: Դժբախտաբար Հայ Կաթողիկէ համայնքը նոյն բախտին չարժանացաւ, հակառակ իր ծոցէն ներս գործող երիտասարդ մտաւորականներու գերմարդկային ջանքերուն, որովհետեւ հայ կաթողիկէ կղերին որոշ մէկ մասը, դժբախտաբար, տառացի ու բառացի առած է՝ «հօտ եւ հօտարած հովիւ»իդրոյթը, ու իր կողքին չի հանդուրժեր աշխարհական ղեկավարութիւն: Բացառութիւնները միշտ յարգելի են… Այո՜, մեր կղերը մեծ մասամբ ժխտական ընթացք որդեգրած է համայնքէն ներս գործող մտաւորական ղեկավարութեան հանդէպ, որուն համար կարելի չէ միայն կղերը այպանել…

Փոխարէնը, ողբացեալ Զաւէնին ամբողջ կեանքը անսակարկ նուիրում եղած է իր ազգին, իր համայնքին, հայ դպրութեան ու իր ընտանիքին… Իր սիրելի կողակիցին՝ Սոնային, իր դստեր՝ Վանային, իր մանչերուն՝ Վարդգէսին ու Հրակին եւ իր թոռներուն: Անոնք ալ իրենց կարգին մեծապէս գնահատած են իրենց ծնողաց սէրն ու գուրգուրանքը, հաւատարիմ մնալով իրենց ջամբուած հայեցի ու հոգեւոր դաստիարակութեան:

Երկրորդ շարքը, աջին՝ Զաւէն Խանճեան իր տիկնոջ՝ Սոնային կողքին, գրական երեկոյի մը ընթացքին

Մեր ողբացեալ գրչեղբօր Զաւէն Խանճեանին կիրառած ու գործի դրած չափանիշերը իրեն յաղթահարել տուին աներեւակայելի բարձունքները:

Չեմ գիտեր ի՜նչ բառերով բացայայտել այն իրողութիւնը, թէ Զաւէնը, իրեն մտերիմ բարեկամ Երուանդ Գոչունեանին հետ, որպէս ներհուն մտաւորականներ ու գրչակից ընկերներ, իրենց խոնարհ անկիւնէն, շինիչ մասնակցութիւն բերած են ամերիկահայ գրական կեանքին: Երկուքին ալ յիշատակը միշտ վառ ու կենդանի պիտի մնայ զիրենք ճանչցողներուն ու ընդհանրապէս՝ ընթերցող հասարակութեան մօտ… Հողը թեթեւ գայ եղբայրք սիրելի …

Զաւէնին գրական արգասիքներու մաս կը կազմեն երեք հատորներ՝ «Այս Տունը Քո՞ւկդ Է Թէ Իմս», «Սրտի Ու Մտքի Ցոլքեր» եւ «Հալէպ․ Առաջին Կայանը», նաեւ՝ հայերէն ու անգլերէն լեզուներով բազմաթիւ յօդուածներ, որոնք լոյս տեսած են հայ մամուլի մէջ:

 

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button