
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․- Միջազգային կրօնական ազատութեան գագաթաժողովին մասնակցելով, Հայ Դատի յանձնախումբը բանաձեւեր ներկայացուց Արցախի վերականգնման, Հայաստանի անվտանգութէան, Սուրիոյ եւ Լիբանանի, մինչեւ իսկ Երուսաղէմի Հայկական թաղամասի հայ համայնքներու պաշտպանութեան գծով:
Հայաստանին նուիրուած քննարկման, զրուցավարն էր «Ամերքըն Էնթըրփրայզ» հիմնարկի ներկայացուցիր Մայքըլ Ռուպինը, մասնակցութեամբ Հայ Դատի յանձնախումբի գրասենեակի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեանի, Արցախի Հանրապետութեան նախկին ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեանի, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժնի տնօրէն Գարեգին Վարդապետ Համբարձումեանի, իրաւապաշտպան Քրիստինէ Առաքելեանի եւ քոնկրէսական Քրիս Սմիթի:
Քննարկման մասնակիցներն ընդգծեցին, որ 2023-ի Ատրպէյճանի յարձակումը եւ Արցախէն 150 հազար հայերու տեղահանումը իրականացուած է ամերիկեան քաղաքական գործիչներու աջակցութեամբ եւ հրահրումով: Անոնք Քոնկրէսին եւ Թրամփի վարչակազմին կոչ կատարեցին կիրառել նպատակային պատժամիջոցներ, պահանջել հայ ռազմագերիներու ազատ արձակումը եւ ապահովել տեղահանուած արցախահայերու անվտանգ ու արժանապատիւ վերադարձը:
Քննարկման մասնակիցները նշեցին այն միջոցառումները, որոնք Միացէալ Նահանգները պէտք է իրականացնէ կրօնական ազատութեան պահպանման եւ հայերու դէմ Ատրպէյճանի յետագայ բռնարարքները կանխելու համար: Արամ Համբարեան ընդգծեց, որ Ատրպէյճանի պատասխանատուութէան ենթարկելու ձախողութիւնը կը քաջալերէ բռնատիրական վարչակազմերուն, որպէսզի նման արարքներ կրկնուին: «Անյապաղ պէտք է դադրեցնել ռազմական օգնութիւնը Ատրպէյճանին, կիրառել սահմանուած պատժամիջոցներ` ռազմական յանցագործութիւններու եւ մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման համար պատասխանատու ազերի պաշտօնեաներու նկատմամբ, ինչպէս նաեւ ներկայացնել Մ․Ա․Կ․-ի անվտանգութէան խորհուրդի բանաձեւ մը, որ կ՛ապահովէ հայերու անվտանգ, ապահով եւ արժանապատիւ վերադարձը՝ Արցախ: Լաւ քաղաքականութիւնը կը սկսի բարոյական մաքրութիւնով: Ուաշինկթընը պէտք է վճռական գործողութիւններ ձեռնարկէ, եւ ոչ թէ պարզապէս յայտարարութիւններ կատարէ», ըսաւ Համբարեան:
Քոնրէսական Սմիթ խստօրէն դատապարտեց հայկական եկեղեցիներու եւ մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումը, զգուշացնելով, որ Պաքուի կողմԷ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքի շարունակական բռնագրաւումը յետագայ բռնարարքներՈՒ նախերգանք է: «Մշակութային ոչնչացումը պէտք է դադրեցուի: Ատրպէյճանական ուժերը գրաւած են Հայաստանի 75 մղոն տարածքը եւ դեռ ալ վտանգը կը շարունակուի։ Ատրպէյճանը պէտք է որակել յատուկ մտահոգութէան երկիր (CPC)` հայ քրիստոնեաներու նկատմամբ ծրագրուած հալածանքներու համար», ըսաւ Քրիս Սմիթը:
Քրիստինէ Առաքելեան իր կարգին պնդեց, որ Մերձաւոր Արեւելքի քրիստոնեայ բնակչութիւնը կրնայ բանալի դեր խաղալ տարածաշրջանին մէջ, խաղաղութիւն հաստատելու ամերիկեան ջանքերու գծով: Ան յատկապէս նշեց, թէ. «Մերձաւոր Արեւելքի մէջ քրիստոնեայ բնակչութեան կայունացումը մեծապէս օժանդակող եւ իրականութեան մէջ անհրաժեշտ պայման կը դառնայ խաղաղութիւն ստեղծելու համար։
Գարեգին վարդապետ Համբարձումեանը կարեւորեց Արցախում միջազգային դիտորդական խումբերու տեղակայման հրատապութիւնը` շտապօրէն պատրաստելու Ատրպէյճանի կողմէ հայկական եկեղեցիներու եւ հոգեւոր կոթողներու համակարգուած ոչնչացման թղթածրարը: Ան նաեւ շեշտեց, թէ միջազգային վերահսկողութեամբ, պէտք է ապահովել արցախահայութեան վերադարձը: