ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՇՈՒՐՋ
«Սուրիա պատրաստ է ռազմավարական համագործակցութեան աստիճանի հասցնել յարաբերութիւնները Թուրքիոյ հետ», յայտարարեց Սուրիոյ ժամանակաւոր ղեկավար Ահմէտ Ալ Շարաա, որ Անգարայի մէջ խորհրդակցութիւններ ունեցաւ նախագահ Էրտողանի հետ։
Իր կարգին, Թուրքիոյ նախագահը յատուկ կերպով արձանագրեց,որ իրեն համար ամէնէն կարեւոր թեման Սուրիոյ հիւսիսը տեղակայուած քրտական խմբաւորումներուն լուծարումն է։ իԱնոնք տարիներ առաջ Միացեալ Նահանգներու աջակցութեամբ կը պայքարէին իսլամական պետութեան դէմ։ Էրտողան նաեւ նշեց, որ Քիւրտ Աշխատաւորական կուսակցութեան անդամներն ալ պէտք է արտաքսուին։ Հակառակ պարագային ան սպառնաց հարցը լուծել զինուորական ճամբով, ինչպէս որ կատարուած է քանի մը անգամ, երբ թրքական ուժեր Սուրիա ներխուժած են։ «Յանուն մեր երկիրներուն եւ շրջանի ապահովութեան, մենք այլ ելք չունինք, բաց միաւորելէ մեր ուժերը, միեւնոյն նպատակին հասնելու համար», յայտարարեց Թուրքիոյ նախագահը։
Անգարայի մէջ կայացած այս տեսակցութեան լոյսին տակ, քաղաքական մեկնաբաններ նկատել կու տան, որ Սուրիական տագնապին լուծման ճիգերէն Ռուսիան, Չինաստանն ու Իրանը դուրս ձգելու փորձերը հազիւ թէ բարի նպատակներ կը հետապնդեն։ Ըստ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի, Արեւմուտքը կը ջանայ Ռուսիան եւ իր միւս մրցակիցները երկրորդական դիրքեր մղել։
*
Թուրքիա կտրականապէս մերժեց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի առաջարկը՝ պաղեստինցիները Կազայէն արտաքսելու եւ զանոնք Եգիպտոսի եւ Յորդանանի մէջ բնակեցնելու մասին։ Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան յայտարարեց, որ Թրամփի այս առաջարկը ցայտուն փաստ մըն է, թէ ան պատմութիւնը սխալ կերպով կը մեկնաբանէ։ «Մենք կը մերժենք որեւէ քայլ, որ պաղեստիցիները Կազայէն դուրս կը մղէ», յայտարարեց Հաքան, Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Պատըր Ապտէլ Լաթիի հետ իր մամլոյ միացեալ ասուլիսին ընթացքին։
Երկու նախարարները քննարկեցին թուրքեւեգիպտական յարաբերութիւնները եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս Կազայի զինադուլը եւ Սուրիոյ իրադարձութիւնները։ Եգիպտոսի դիւանագիտութեան պետը իր թուրք պաշտօնակիցին հետ համաձայն գտնուեցաւ, որ ահաբեկչական բոլոր խմբաւորումները Սուրիայէն պէտք է հեռանան։ Ան կ՛ակնարկէր Քիւրտ Աշխատաւորական կուսակցութեան եւ անոր սուրիական թեւի զինեալ խմբաւորումներուն, որոնք Թուրքիոյ կողմէ ահաբեկչական խմբաւորումներ կը համարուին։
*
Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարներ՝ Հաքան Ֆիտան եւ Սերկէյ Լաւրով հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին քննարկեցին Սուրիոյ իրավիճակը եւ Ուքրայինայի պատերազմը։ Կատարուեցաւ կարծիքներու եւ տեսակէտներու փոխանակում այն պահուն, երբ Սուրիոյ կացութեան շուրջ կատարուած քննարկումներուն եւ խորհրդակցութիւններուն մէջ Ռուսիոյ շատ դերակատարութիւն չէ մնացած, նկատի ունենալով, որ ռուսերը այժմ կեդրոնացած են Ուքրայինայի պատերազմին վրայ։ Թուրքիա ակնյայտօրէն կը ջանայ օգուտ քաղել այս իրավիճակէն եւ իր արտաքին քաղաքականութեան առանցքներէն մին դարձնել Սուրիան, երկրին ներքին գործերուն միջամուխ դառնալով։
*
Թուրքիոյ արտածումներու քանակը տարեկան կտրուածքով 5,8 առ հարիւրով աւելցած է, հասնելով 21.16 միլիառ տոլարի, հաղորդեց առեւտուրի նախարարութիւնը։ Ներածումը բարձրացած է 10,2 առ հարիւրով՝ հասնելով 28.85 միլիառ տոլարի։
Գերմանիա կը հանդիսանայ արտածման գլխաւոր շուկան՝ 1,78 միլիառ տոլարով։Իսկ Միացեալ Նահանգներ եւ Անգլիա յաջորդաբար կը գտնուին երկրորդ եւ երրորդ դիրքերու վրայ՝ 1,4 եւ 1,2 միլիառ տոլարով։
Թուրքիա կը ջանայ արտածման եւ ներածման միջազգային կարեւոր դիրքերու հասնիլ։ Անգարայի իշխանութիւններուն որդեգրած տնտեսական եւ առեւտրական քաղաքականութիւնները կը հետապնդեն շրջանին մէջ գլխաւոր ներածողն ու արտածողը ըլլալու նպատակը։
*
Սլովաքիոյ բնական կազի փոխադրութեան Էս․ Փի․ Փի․ ընկերութիւնը հաղորդեց, որ Սլովաքիա սկսած է ռուսական բնական կազ ստանալ՝ Թուրքիոյ վրայով, Ուքրայինայի կողմէ ռուսական բնական կազի փոխադրութեան աշխատանքներուն կանգ առնելէն ետք։
Սլովաքիա սուր կերպով քննադատած է ռուսական բնական կազի հոսքը դադրեցնելու Ուքրայինայի նախագահին որոշումը եւ իր վարչապետը՝ Ռոպէր Ֆիքոն Մոսկուա առաքած, ռուսական բնական կազի փոխադրութեան այլընտրանքային ուղի գտնելու շուրջ բանակցութիւններ վարելու համար։Այդ այլընտրանքը շատ հեզասահ կերպով եղած է Թուրքիան։ Այսպիսով ռուսական կազը Հարաւային Ուղիով եւ Թրքական Հոսքի միջոցով կը հասնի Հունգարիա, ուրկէ կը փոխադրուի Սլովաքիա։
Թրքական Ուղին 580 մղոն է եւ կ՛անցնի Սեւ Ծովուն յատակէն՝ ռուսական Անափա քաղաքէն դէպի թրքական Քիյիքէօյ քաղաքը։