ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՇՈՒՐՋ
Անգարայի մէջ կայացաւ խորհրդակցական հանդիպում մը, որուն մասնակցեցան արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչներ, հայեւթուրք յարաբերութիւններու հարցով յատուկ բանագնաց Սերտար Քըլըճ, Կարսի առեւտուրի եւ արդիւնաբերութեան պալատի նախագահը եւ այլ պաշտօնատարներ։ Քննարկման առարկայ դարձաւ հայեւթրքական սահմանին բացման ազդեցութիւնը՝ Կարսի տնտեսական կեանքին վրայ։
Քըլըճ ժողովականներուն ներկայացուց հայեւթուրք յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթը եւ շեշտեց, որ Հայաստանի հետ սահմաններու բացումը կարեւոր ազդեցութիւն կ՛ունենայ թէ՛ Կարսի եւ թէ՛ Թուրքիոյ համար։Իր կարգին, Կարսի առեւտուրի եւ արդիւնաբերութեան պալատի նախագահ Քատիր Պոզան նշեց, որ մօտէն կը հետեւին Թուրքիա- Հայաստան եւ Հայաստան- Ատրպէյճան յարաբերութիւններուն եւ զարգացումներուն, աւելցնելով,որ սահմաններուն բացումը իր դրական ազդեցութիւնը պիտի ունենայ Կարսի մէջ անգործութեան երեւոյթին վրայ։
*
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան կոչ ուղղեց Սուրիոյ մէջ հակակշիռ ունեցող զինուորական բոլոր թեւերուն եւ հատուածներուն՝ միանալու Սուրիոյ ազգային բանակին։ Ան նկատել տուաւ, որ զինեալ տարբեր խմբաւորումներու գոյութիւնը գետնի վրայ քաղաքացիական պատերազմի հաւանականութիւնը շատ կը բարձրացնէ։
Ֆիտան շեշտեց Թուրքիոյ շինիչ դերակատարութիւնը եւ ազդեցութիւնը այս հարցին վերաբերեալ, նշելով, որ զինեալ թեւերու ազգային բանակին մէջ համարկումը կարեւոր է երկրին կայունութեան համար։
Ըստ Հաքան Ֆիտանի, Սուրիոյ մէջ կը գործեն 80 հազար զինեալներ, որոնք կը գտնուին Թուրքիոյ հակակշիռին տակ։«Անոնց թելադրեցինք միանալ Սուրիոյ ազգային բանակին եւ չարտօնել անկարգութիւններ երկրին մէջ», ըսաւ ան եւ աւելցուց, որ իրավիճակները պէտք է փոխուին այն շրջաններուն մէջ, ուր իսլամներ, արաբներ, թուրքեր եւ իրանցիներ միասնաբար կ՛ապրին։
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը տեսակցութիւն մը ունեցաւ սէուտցի իր պաշտօնակիցին՝ Ֆայսալ Պըն Ֆարհան իշխանին հետ, Ռիատի մէջ։ Տեղին է նշել, որ Հաքան Ֆիտան մէկ ամսուան մէջ երկրորդ անգամ ըլլալով Ռիատ կ՛այցելէր։
*
Թրքական զինուորական պատուիրակութիւն մը այցելեց Սուրիա, ուր խօսակցութիւններ ունեցաւ պաշտպանական բնոյթի հարցերու եւ ապահովական խնդիրներու շուրջ։
Պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Զեքի Աքթուրք հաղորդեց ,որ Թուրքիա բնաւ պիտի չարտօնէ, որ սուրիական հողերու վրայ աճին ահաբեկչական խմբակներ, աւելցնելով, որ Անգարա յանձնառու է գործակցելու սուրիական նոր իշխանութիւններուն հետ, մինչ կը ծրագրէ սուրիացի գաղթականներու ապահով տունդարձը։
Սուրիական լրատու աղբիւրներու համաձայն, թրքական պատուիրակութիւնը խորհրդակցութիւններ ունեցած է Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարար Մուրհաֆ Ապու Քասրայի եւ սպայակոյտի պետ Ալի Նուրէտտին Ալ Նաասանի հետ։
*
Թուրքիոյ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ տեսակցութիւն մը տեղի ունեցաւ Ատրպէյճանի բանակի ցամաքային ուժերու զօրավար Հիքմէթ Միրզոյեւի եւ թրքական բանակի սպայակոյտի պետ զօրավար Մեթին Կուրաքի միջեւ։ Ատրպէյճանական պաշտօնական հաղորդագրութեան համաձայն, Կուրաք ընդգծած է, որ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ միջեւ բարեկամական եւ եղբայրական յարաբերութիւնները դրական ազդեցութիւն կ՛ունենան զինուորական համագործակցութեան զարգացման վրայ՝ վստահութիւն յայտնելով միացեալ ռազմափորձերու առաւել կատարման վերաբերեալ։
Հաղորդուեցաւ, որ քննարկման առարկայ դարձած են զինուորական մարզին մէջ գործակցութիւնը առաւել արդիւնաւէտ դարձնելու հեռանկարներուն շուրջ։
*
Պոլսոյ դատախազին գրասենեակը Պոլսոյ քաղաքապետ Էքրեմ Իմամօղլուի դէմ նոր հետաքննութեան մը սկսաւ՝ այլ քաղաքապետութիւններու դէմ բացուած դատերու մասին իր յայտարարութիւններուն եւ արտայայտութիւններուն շուրջ։ Իմամօղլու նախապէս յայտարարած էր, որ դատական մասնագէտ քննիչ մը շինծու տեղեկագիր մը յանձնած էր դատարանին։ Այս անգամ Իմամօղլուի դէմ արձակուած է մասնագէտ քննիչին համբաւին վնասելու միտումնաւոր քայլերու մասին մեղադրանք մը։ Սակայն յստակ է, որ Անգարայի իշխանութիւնները կը ջանան հարուածել այն քաղաքապետերը, որոնք ընդդիմութեան շարքերուն մէջ կը գտնուին։