ԿիզակէտՅօդուածներ

«Արդարութիւն Ռուբէն Վարդանեանին – Հարաւային Կովկասի Մէջ Հաշտութեան Եւ Խաղաղութեան Կոչ»

 

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

2 Փետրուար 2025

Վերոնշեալը ռուսական կիսապաշտօնական «Ռուսիա Այսօր»-ի լրագրող Թիմուր Թարխանովի (Timur Tarkhanov) 29 Յունուար 2025-ի յօդուածին խորագիրն է (1), որ կայքէջէն ամբողջութեամբ կը թարգմանեմ.

Ենթախորագիրն է. «Լեռնային Ղարաբաղի նախկին ղեկավարին վիճայարոյց դատը միայն իրաւական խնդիր չէ, այլ, թէ՝ տարածաշրջանը ինքզինքին համար ինչպիսի՞ ապագայ կը պատկերացնէ։

«Պաքուի դատարանի մը մէջ ծաւալող դատավարութիւնը կրնայ ձեւաւորել Հարաւային Կովկասի գալիք տարիներու ուղղութիւնը: Աշխարհի մէջ յարգուած բարերար, գործարար եւ Լեռնային Ղարաբաղի նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանին մեղադրանք առաջադրուած է, որ շատեր կը համարեն քաղաքական դրդապատճառներով եւ իրաւաբանօրէն անհիմն: Շատ աւելին, քան անձնական ողբերգութիւնը՝ այս դատավարութիւնը փորձաքար է արդարութեան, հաշտեցման եւ խաղաղութեան, տարածաշրջանի մը մէջ, որ երկար ժամանակ սպիացած է բախումներով:

Ռուբէն Վարդանեան իր համահիմնած «Աւրօրա մրցանակի 2016-ի դափնեկիր՝ Մարկարիթա Պարանքիցէի հիմնած դպրոցին մէջ, Պուրունտի:

«Ռուբէն Վարդանեանի կեանքի աշխատանքը եղած է նուիրում՝ կեանքեր բարելաւելու, երկխօսութիւն խթանելու եւ բաժանումներու միջեւ կամուրջներ կառուցելու: Անոր մարդասիրական վաստակը կը ներառէ՝ Ռուսիոյ մէջ Սքոլքովոյի կառավարման դպրոցի համահիմնադրումը եւ կրթութեան, առողջապահութեան ու մշակութային պահպանման բնագաւառներու փոխակերպող ծրագիրներու ղեկավարումը: Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իբրեւ պետական նախարար յատկանշուեցաւ քաղաքացիական բնակչութեան բարեկեցութեան վրայ կեդրոնացումով՝ ճգնաժամի ժամանակ խոցելի բնակչութեան բժշկական օգնութեան, ջեռուցում եւ սնունդ ապահովելով»:

Այստեղ հեղինակը զարմանալիօրէն մոռցած է նշելու Աւրորա մարդասիրական նախաձեռնութեան իր համահիմնադիր ըլլալը (2), (3):

«Հակառակ մարդասիրական գործունէութեան իր վաստակին, Վարդանեանը այժմ կը մեղադրուի ահաբեկչութիւն տնտեսելու, ապօրինի զինեալ կազմակերպութիւններ ստեղծելու եւ ապօրինի կերպով Ատրպէյճան մուտք գործելու մէջ: Այս մեղադրանքներէն քանի մը հատը կրնան ցմահ բանտարկութիւն պատճառել: Կը թուի, որ այս բոլորը կը հակասեն անոր աշխատանքին եւ համբաւին իրականութեան։ Վարդանեանին հետ նմանատիպ մեղադրանքներ առաջադրուած են նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի շարք մը նախկին պաշտօնեաներու դէմ:

«Յայտարարութեան մը մէջ, որ ցեւով մը յաջողած է հրապարակել իր ընտանիքին միջոցով, Վարդանեանը կը նկարագրէ պայմաններ, որոնք գրեթէ անկարելի կը դարձնեն ինքնապաշտպանութիւնը: Ան կ՚ըսէ, որ երբե՛ք որեւէ ցուցմունք տուած չէ, սակայն իր եւ իր փաստաբաններուն վրայ ճնշում բանեցուած է՝ ստորագրելու «կեղծուած» հարցաքննութեան արձանագրութիւններ: Անոնց չեն արտօնած նաեւ տեսնել պաշտօնական ամբաստանագիրը։ Բացի այդ, անոնց մի՛այն մէկ ամիս ժամանակ տրուած է կարդալու դատին 422 հատոր նիւթերը, որոնց բոլորը ատրպէյճաներէն են, որ Վարդանեան չգիտեր:

««Ես կը վերահաստատեմ իմ կատարեալ անմեղութիւնս, ինչպէս նաեւ իմ հայրենակիցներուս անմեղութիւնը եւ կը պահանջեմ անյապաղ դադրեցնել մեր դէմ ուղղուած այս քաղաքականացուած գործը»,- Վարդանեան կ՚ըսէ յայտարարութեան մէջ։

«Դատավարութիւնը, որ պարուրուած է արդարութեան եւ թափանցիկութեան հարցերով, լուրջ մտահոգութիւններ կ՚առաջացնէ քաղաքականապէս զգայուն խորանկարին մէջ, իրաւական համակարգերը իբրեւ զէնք գործածելու վերաբերեալ:

«Մարդասէր անձին սխալ բնութագրումը:

          «Ատրպէյճանը փորձած է Վարդանեանը ներկայացնել իբրեւ պատերազմական յանցագործ, սակայն անոր դէմ ներկայացուած մեղադրանքները չեն յարմարիր անոր՝ իբրեւ քաղաքացիական առաջնորդի եւ մարդասիրութեան փաստագրուած դերին հետ: Դատավարութիւնը, որ նախ սկսաւ երեք մեղադրանքով, այժմ հասած է 45-ի՝ Ատրպէյճանի քրէական օրէնսգիրքի 20 յօդուածներով, որոնցմէ մի քանին՝ 1987-ին, երբ Վարդանեանը Մոսկուայի համալսարանի ուսանող էր՝ հեռու Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութենէն։

«Այս նկարագրութիւնը կ՚անտեսէ անոր ներդրումներուն իրականութիւնը: Վարդանեանի աշխատանքը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կեդրոնացած էր քաղաքացիական ենթակառուցուածքներու վերականգնումին եւ կարիքաւորներուն անհրաժեշտ ծառայութիւններ մատուցելու վրայ։ Անոր ջանքերը արժանացան միջազգային ճանաչման, ներառեալ Խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակի թեկնածութեան, որ անոր խաղաղութեան եւ հաշտեցման նուիրումը ընդգծեց:

«Դատավարութիւնը, ըստ երեւոյթին, քիչ կը վերաբերի արդարադատութեան եւ սակայն, աւելի շատ՝ քաղաքականութեան: Վստահելի փաստերու բացակայութիւնը, նաեւ, մեղադրանքներու արագ յաւելումը, կը ներկայացնէ դատական գործընթացին պատկերը, որ հիմնուած է աւելի լայն քաղաքական օրակարգով, քան՝ ճշմարտութեան հետապնդումով:

«Դատավարութիւն մը՝ մանրակրկիտ քննութեան տակ:

«Դատավարութեան հանգամանքները ալ աւելի կը նուազեցնեն վստահութիւնը անոր օրինականութեան վրայ: Վարդանեանին տրուած է մի՛այն մէկ փաստաբան, որ կը գործէ ահռելի ճնշումի տակ, միջավայրի մը մէջ, ուր դատական գործընթացը թափանցիկութիւն չունի: Անկախ լրատուամիջոցներուն արգիլուած է ներկայ ըլլալ դատավարութեան՝ հասարակութիւնը իմացնելով մի՛այն պետութեան կողմէ վերահսկուող լրատուամիջոցներու պատմութիւններէն:

«Այս միայն Ռուբէն Վարդանեանի դատավարութիւնը չէ, այլեւ Ատրպէյճանի արդարութեան եւ իրաւունքի պահպանման յանձնառութեան քննութիւն է: Միջազգային համայնքը պէտք է գործընթացը հսկէ ամենաբարձր չափանիշներով՝ երաշխաւորելով, որ ան չվերածուի քաղաքական մղումով ներկայացումի մը։

«Հայաստանի դերակատարութիւնը՝ կորսուած առիթ մը:

«Նոյնքան մտահոգիչ է Հայաստանի լռութիւնը Վարդանեանի այս ծանր վիճակին: Հակառակ հայկական հարցերուն անոր անսասան հաւատարմութեան, Երեւանի կառավարութիւնը հիմնականին մէջ լուռ մնաց: Այս լռութիւնը կը հակասէ Վարդանեանի Հայաստանին բացարձակ սեփական նուիրումին, որուն ապացոյցը տասնամեակներու իր մարդասիրական աշխատանքն է, կրթական հաստատութիւններուն աջակցութիւնը եւ համաշխարհային բեմին հայկական շահերու պաշտպանութիւնը:

«Օգնութեան այս բացակայութիւնը կը վտանգէ հեռացնել գործիչ մը, որ ունի տարածաշրջանային քաղաքականութեան մէջ փոխակերպող դեր խաղալու ներուժ: Հրաժարելով պաշտպանել իր ամենայայտնի քաղաքացիներէն մէկը` Հայաստանը կը փախցնէ արդարութեան հանդէպ իր հաւատարմութիւնը հաստատելու եւ միջազգային բեմին վրայ իր ձայնը ամրապնդելու հնարաւորութիւնը:

«Տարածաշրջանային հաշտեցման համար եզակի դերակատարութիւն:

«Ռուբէն Վարդանեանը մի՛այն անարդարութեան զոհը չէ. ան նաեւ գործիչ մըն է, որ եզակի դիրք ունի Հարաւային Կովկասի մէջ հաշտեցումը խթանելու համար: Անոր գործնապաշտ մօտեցումը, առաւել տարածաշրջանի բարդութիւններու խոր ըմբռնումը, զինք կը դարձնէ կողմերուն միջեւ անգնահատելի կամուրջ կառուցող:

«Ի տարբերութիւն շատ մը քաղաքական գործիչներու՝ Վարդանեանը ունի վստահելիութիւն եւ տեսլական՝ նպաստելու Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ միջեւ երկխօսութեան։ Իր կարողութիւնը հիմնական շահագրգիռ կողմերու հետ զրուցելու եւ վստահութիւն ստեղծելու շատ կարեւոր է, մանաւանդ, երբ տարածաշրջանը կը փնտռէ կայուն խաղաղութեան ուղիներ: Վարդանեանի ղեկավարութիւնը կրնայ օգնել կողմնորոշուիլ այս ազգերու շահերուն նուրբ հաւասարակշռութեան մէջ՝ խթանելով համագործակցութիւնն ու կայունութիւնը։

«Արդարութեան համար կոչ մը:

«Ռուբէն Վարդանեանի դէմ յարուցուած դատը խոր անարդարութիւն է, սակայն նաեւ, Հարաւային Կովկասի համար հնարաւորութիւն՝ ցոյց տալու անոր հաշտեցման եւ արդարութեան յանձնառութիւնը: Միջազգային համայնքը, իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնները եւ համաշխարհային առաջնորդները պէտք է իրենց ձայնը բարձրացնեն՝ պահանջելու թափանցիկ եւ արդար դատավարութիւն։ Ատրպէյճանը առիթ ունի ցոյց տալու, որ կ՚արժեւորէ արդարութիւնը եւ հաւատարիմ է ապագայի կերտումին, որ հիմնուած է ոչ թէ բաժանման, այլ փոխ ըմբռնումի վրայ:

«Միաժամանակ, Հայաստանը պէտք է առջեւ գայ եւ պաշտպանէ իր քաղաքացիները։ Խօսքը միայն Ռուբէն Վարդանեանի մասին չէ: Խօսքը արդարութեան սկզբունքներու վերահաստատման եւ ա՛յն մարդոց իրաւունքներուն պաշտպանութեան մասին է, որոնք իրենց կեանքը կը նուիրաբերեն մարդասիրական աշխատանքին։

«Դէպի առջեւ ուղի մը:

«Ռուբէն Վարդանեանի բանտարկութիւնը մի՛այն իրաւական խնդիր չէ, այլ, հարց է, թէ՝ Հարաւային Կովկասը ինքզինքին համար ինչպիսի՞ ապագայ կը պատկերացնէ։ Անոր ազատ արձակումը ոչ միայն կը սրբագրէ ծանր անարդարութիւնը, այլեւ կը ծառայէ իբրեւ քայլ մը, դէպի առողջարար երկխօսութիւն: Այդ ցոյց պիտի տայ, որ տարածաշրջանը կարողութիւնը ունի առաջնահերթութիւն տալ մարդկութեան, քան բաժանումին եւ կառուցել ապագայ, ուր համագործակցութիւնը կը յաղթէ հակամարտութիւններուն:

«Հարաւային Կովկասը կանգնած է քառուղիի մը առջեւ: Այժմու կատարուելիք ընտրութիւնները կը ձեւաւորեն տարածաշրջանին ուղղութիւնը գալիք սերունդներուն համար: Ռուբէն Վարդանեանին ազատ արձակելը աւելին պիտի ըլլար, քան արդարադատութեան գործողութիւն մը: Այդ պիտի ըլլար յոյսի խորհրդանիշ, քայլ մը դէպի հաշտեցում եւ ուղերձ, որ խաղաղութիւնը կարելի է։ Թող այս ըլլայ այն պահը, երբ արդարութիւնը կը յաղթէ, եւ կը դրուին աւելի պայծառ ապագայի մը հիմերը»։

Ռուբէն Վարդանեանի 2013-ին համահիմնած Աւրորա մարդասիրական կազմակերպութիւնը տարեկան մրցոյթով մը մէկ միլիոն տոլար կը յատկացնէ շահող անձին մարդասիրական հաստատութեան: Մարդասիրական 463 ծրագիրներ իրականացուցած են 60 երկիրներու մէջ եւ ցարդ 3 միլիոն 402 հազար մարդ ուղղակի եւ անուղղակի օգտուած են Ռուբէն Վարդանեանի համահիմնած այս կազմակերպութենէն (4):

 

 

* Ընդգծումները, լուսաբանութիւններն ու լուսանկարը հեղինակին:

  1. https://www.rt.com/news/611802-ruben-vardanyan-armenia-azerbaijan/
  2. https://auroraprize.com/en
  3. https://auroraprize.com/en/global-humanitarian-leaders-stand-in-solidarity-with-ruben-vardanyan
  4. https://auroraprize.com/en/impact/2022

 

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button