Լրահոս

Անարգ Ոճիրի Զոհ` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Անանիա Ծ. Վրդ. Գուճանեան

Շաբաթ, Փետրուար 1-ի վաղ առաւօտուն, Մեթնի Պսալիմ շրջանին մէջ անարգ ոճիրի զոհ գնաց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան երիտասարդ միաբաններէն, Պեքայի շրջանի հոգեւոր տեսուչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեանը: Անոր սպանութիւնը դատապարտումի լայն ալիք յառաջացուց պետական, կրօնական, քաղաքական, հասարակական ու եկեղեցական շրջանակներու մէջ:

Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս պատրիարքի գրասենեակը յայտնեց. «Մինասեան պատրիարքը խոր ցնցումով ու ցաւով կը դատապարտէ քստմնելի ոճիրը, որ խլեց Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեանի կեանքը, այդ ոճիրը նկատելով բացայայտ յարձակում մը ոչ միայն անոր անձին վրայ, այլ խոր արժէքներուն վրայ, որոնց վրայ հիմնուած են եկեղեցին ու քրիստոնէական հաւատքի պատգամը, ինչպէս նաեւ սիրոյ եւ հանդուրժողականութեան սկզբունքներուն վրայ, որոնք մարդկային ընկերութեան սիւներն են: Այս վախկոտ արարքը անպատասխան պիտի չմնայ եւ պիտի չըլլայ պարզապէս անցողիկ դէպք մը, որ ոճիրներու արձանագրութեան մէջ կը փակուի, այլ մարդկութեան խղճին վրայ վէրք մը պիտի մնայ, մինչեւ արդարութեան իրագործում եւ յանցագործներուն խիստ կերպով պատժուիլը»:

Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս պատրիարքը ցաւակցութիւն յայտնեց Հայ առաքելական եկեղեցւոյ եւ Արամ Ա. կաթողիկոսին, ինչպէս նաեւ Զահլէի, Այնճարի, Լիբանանի եւ աշխարհի բոլոր հայերուն` նշելով. «Հայր Անանիայի կորուստը պարզապէս անձնաւորութեան մը կորուստը չէ, այլ կորուստը ձայնի մը, որ իր կեանքին մէջ կրեց հաւատքի եւ ծառայութեան պատգամը, ան սիրոյ եւ երկխօսութեան ուղիին վրայ լուսաւոր ջահ մըն էր եւ եկեղեցւոյ արժէքներուն ու ուսուցումներուն խոր յանձնառութեան խորհրդանիշ մը»:

Տ. Անանիա Ծ. Վրդ. Գուճանեան ծնած է 1 Յուլիս 1982-ին, Պէյրութ, Լիբանան։ Աւազանի անունն է Անդրանիկ։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է Պուրճ Համուտի Ազգային Սրբոց Քառասնից Մանկանց նախակրթարանի, ապա շարունակած՝ Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան Քոլէճի միջնակարգի բաժնին մէջ։

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանք ընդունուած է 1995-ի Հոկտեմբերին։ Աւարտելով Դպրեվանքի Ժառանգաւորաց բաժնի հնգամեայ ուսումը՝ անցած է Ընծայարանի բաժին եւ առաջին տարուան աւարտին, 2 Յունիս 2002-ին, ձեռնադրուած է սարկաւագ, ձեռամբ Տ. Տիրայր Եպս. Փանոսեանի։ Կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած ու օծուած է 7 Յունիս 2004-ին, ձեռամբ Թեհրանի Հայոց Թեմի առաջնորդ Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեանի, եւ վերակոչուած՝ Տ. ԱՆԱՆԻԱ ԱԲԵՂԱՅ։

2005-ին հոգեւոր առաքելութեամբ մեկնած է Ատրպատականի Հայոց Թեմ՝ ստանձնելով Ուրմիոյ հայ գաղութին հոգեւոր հովուութիւնը, ուր երեք տարի ծառայելէ ետք վերադարձած է Մայրավանք եւ ստանձնած վանական զանազան պատասխանատուութիւններ։

2009-ին դարձեալ հոգեւոր առաքելութեամբ գործուղղուած է Սպահանի Հայոց Թեմ՝ այս անգամ ստանձնելով Շահինշահրի հոգեւոր տեսչութիւնը։

Վարդապետական գաւազան կրելու իշխանութիւն ստացած է 5 Դեկտեմբեր 2010-ին, ձեռամբ Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեանի՝ աւարտաճառ ներկայացնելով «Հայ Դատը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը» թեման։ Որպէս գնահատանք հայր սուրբին բարւոք ծառայութեան, Արամ Ա. Կաթողիկոսին օրհնութեամբ, 2012-ին ստացած է լանջախաչ կրելու իրաւունք. իսկ ծայրագոյն վարդապետութեան իշխանութիւն ստացած է 22 Մայիս 2016-ին, ձեռամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի առաջնորդ Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանի, աւարտաճառ ներկայացնելով «Սահակ Բ. Կաթողիկոսի Նամակները»։

Սպահանի Հայոց Թեմին մէջ 8 տարի ծառայելէ ետք վերադարձած է Անթիլիասի Մայրավանք եւ նշանակուած՝ Լիբանանի Հայոց Թեմի առաջնորդի օգնական եւ քարոզիչ։ 2020 թուականէն մինչեւ վախճանումը հայր սուրբը հոգեւոր տեսուչը եղած է Պէքայի շրջանին։

 

 

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button