«Մեծ Խաղ» Հարաւային Կովկասի Մէջ – Ինչպէ՞ս Ներքին Եւ Արտաքին Գործօնները Կը Խթանեն Տարածաշրջանի Լարուածութիւնը (1) Բ.

 

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

31 Յունուար 2025

 

haroutchekijian.wordpress,com

  1. «Փորձեր տեղի կ՚ունենան, ստեղծելու համար Ռուսիոյ, Իրանի եւ Չինաստանի կողմէ հսկուող տնտեսական առանցք։

«Քրեմլինը կը փորձէր ազդել Վրաստանի արտաքին քաղաքականութեան վրայ նախագահ Էտուարտ Շեւարնածէի օրօք, որ նպատակ ունէր երկրին թեքումը Արեւմտեան դարձնել: Այս միտումը արագացաւ արեւմտամէտ նախագահ Սահակաշվիլիի օրօք, երբ ան վրացական դպրոցներուն եւ լրատուամիջոցներու հաղորդումներուն ռուսերէնի օգտագործումը սահմանափակեց: Ռուսիան պատիժներ սահմանեց, դադրեցուց կազի մատակարարումը, ապա 2008-ին ներխուժեց* Վրաստան եւ գրաւեց Վրաստանի տարածքին 20 տոկոսը»։ Տես նաեւ «Ի՞նչ տեղի կ՛ունենայ Վրաստանի մէջ. ե՞րբ մատը վէրքին վրայ պիտի դնենք եւ «Օտարերկրեայ գործակալներու մասին օրինագիծ»-ով մը ձերբազատինք օտարին գործակալ այս վարչախումբէն» (2) նաեւ (3):

Շուէտի հայերը կը բողոքեն Արցախի շրջափակման դէմ:
Արցախի ժողովուրդին բռնի տեղահանութիւն: Մայր մը իր տունէն ու բնօրրանէն վայրագօրէն հեռացուած, նորածինը գրկած հետիոտն կ՚ուղղուի դէպի անորոշութիւն:

          

*Այստեղ հեղինակը ընթերցողը կը մոլորեցնէ՝ ռուսական միջամտութեան բուն պատճառը քօղարկելով: Ո՛չ կ՚ըսէ թէ ինչո՞ւ եւ ո՛չ ալ ո՛ւր ներխուժեց… Ռուսիան Հարաւային Օսէթիոյ ինքնավար մարզին մէջ իր օրինաւոր խաղաղապահ զինուորները պաշտպանելու համար, Օսէթիոյ ինքնավար մարզ, որ Վրաստան չէ՛, յաւելեալ ուժ ղրկեց, ցեղային մաքրագործումէ փրկելու համար տեղւոյն օսերը եւ ռուսերը: Վրացիներուն յաւելեալ ճնշումին վրայ, ճակատումը կը մեծնայ: Ռուսիան իբրեւ վերջնական լուծում, Հարաւային Օսէթիոյ եւ Աբխազիոյ ինքնավար մարզերը տեղական դիմադրութիւններուն հետ կ՚ազատագրէ վրացական ախորժակներէն եւ զանոնք կը ճանչնայ իբրեւ անկախ հանրապետութիւններ: Արցախն ալ այդպէս պէտք էր ըլլար*:

«2012-ին Մոսկուան ստեղծեց միլիառատէր Պիձինա Իվանիշվիլին («Վրացական երազանք» կուսակցութեան ղեկավար*)՝ Վրաստանի մէջ իր ազդեցութիւնը վերականգնելու համար։ Ան 1990-ականներուն Ռուսիոյ մէջ շուրջ 7 միլիառ եւրօ հարստութիւն ապահոված է, Վրաստանը կը կառավարէ 2012-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն յաղթելէն ի վեր: Ռուսիոյ ազդեցութիւնը* Վրաստանի մէջ մեծցաւ աղօտ տնտեսական* շահերու շնորհիւ:

            * Կ՚արժէ նշել, որ Վրաստանի տնտեսութեան առիւծի բաժինը արդէն իսկ խլած են Ատրպէյճանը (Վրաստանի մեծագոյն ընկերութիւնը ազերի Սոքարն է) եւ Թուրքիան: Ինչո՞ւ անոնց մասին չխօսիր, միթէ հիւսիսի դրացին՝ Ռուսիան, տնտեսական յարաբերութիւններ պէտք չէ՞ ունենայ*:

            «Վրաստանը այժմ կը դիմակայէ անկախութենէն ի վեր ամենասուր ներքին քաղաքական տագնապը, որ ունի շրջանային ազդեցութիւն: Օրինակ, եթէ Եւրոմիութիւնը պատժամիջոցներ սահմանէ ընտրութիւններու լայնածաւալ խախտումներուն համար, այս մէկը ժխտական ազդեցութիւն պիտի ունենայ Եւրոմիութեան մօտեցող, մեկուսացած* Հայաստանին վրայ, որուն համար Վրաստանը դէպի Եւրոպա կարեւոր կամուրջ մըն է»:

            * Հայաստանը նախորդող իշխանութիւններու օրօք, բարւոք կերպով արդէ՛ն կրցած էր մշակել լաւ յարաբերութիւններ թէ՛ արեւմուտքին ու թէ՛ ալ Ռուսիոյ հետ, որ «Ե՛ւ ե՛ւ» կը կոչուէր, սակայն Հայաստանի այժմու հակահայ իշխանութիւնը, արեւմուտքին դրդումով, ի վնաս իրեն, կը փորձէ հեռացնել Ռուսիան Հայաստանէն եւ հակառակը, որ իր ամենամեծ տնտեսական գործընկերն է, որպէսզի ալ աւելի՛ մխրճուի Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի ճիրաններուն մէջ*:

  1. «Յեղաշրջումի առանցքը, կամ՝ «Մեծ խաղ» Հարաւային Կովկասի մէջ:

«Այժմու տագնապներուն վրայ կ՚աւելնայ աշխարհաքաղաքական ցնցումի գիծեր Հարաւային Կովկասի մէջ, որ կը մատնանշէ հաւանական երկարատեւ տագնապներ: Հիմնական պատճառը՝ ճնշիչ մենատիրական եւ ազատական -ժողովրդավար պետութիւններու միջեւ համակարգային մրցակցութիւնն է, որ Ուքրանիոյ եւ Միջին Արեւելքի տագնապներուն հեռաւոր արձագանքը կը թուի ըլլալ: Կեդրոնը՝ միապետական առանցք մըն է, որ կ՚երկարի Ռուսիայէն Իրան, Չինաստան եւ Հիւսիսային Քորէա, որ թշնամական աճող մարտահրաւէր կը կարդայ Արեւմտեան ժողովրդավար ազատական կարգին:

«Հարաւային Կովկասի այս չորս խաղացողները աշխարհագրապէս աւելի մօտ են իրարու*, քան թերեւս որեւէ այլ տեղ, բացի Կեդրոնական Ասիայէն: Սակայն, անոնք աշխուժօրէն կը փորձեն ամրապնդել իրենց համագործակցութիւնը, յատկապէս ենթակառոյցներով։ Խօսքը ո՛չ միայն պատժամիջոցները շրջանցելու կամ քաղաքական մեկուսացումը* ճեղքելու մասին է, այլ արժէքային շղթաներ ստեղծելու, փոխադրային ուղիներու վերահսկումի, եւ երկարաժամկէտ հեռանկարով նոր կարգաւորիչ համաձայնագրեր՝ դրամական համակարգեր եւ ուժանիւթի շուկաներ հաստատելու համար է:

            * Հեղինակը ի՛նքը արդէն կը խոստովանի, որ այս «առանցքը» արդէն շրջանին սրտին մէջ կը գտնուի: Ուրեմն, ուրիշէն՝ Արեւմուտքէն առաջ իրե՛նց իրաւունքն է դաշինքներ կամ «առանցքներ» կազմել: Երկրորդ՝ ծիծաղելի է մեկուսացումի մասին խօսիլը երբ անոնք ՊՐԻՔՍ-ի անդամ են, կազմելով աշխարհի բնակչութեան 46 տոկոսը եւ հողամասին 25 տոկոսը:

            «Այս խորանկարին է, որ Հարաւային Կովկասի մէջ նոր «Մեծ խաղի» մը մասին կը խօսուի, որ կ՚ենթադրէ տնտեսական, գումակային եւ ռազմական ուժաբանութեան (dynamics) վերահսկում, որ կրնայ ուղղել ապագայի համաշխարհային հակամարտութիւնները:

  1. «Իսրայէլի եւ Ատրպէյճանի ռազմավարական դաշինքը Թեհրանի եւ Պաքուի միջեւ լարուածութեան պատճառ։

«Երկու յստակ օրինակներ ցոյց կու տան, Արեւմուտքին համար Հարաւային Կովկասի մենատիրական առանցքին աճող տնտեսական համագործակցութեան մարտահրաւէրները.

«Առաջին՝ Միջազգային Հիւսիս-Հարաւ փոխադրութեան միջանցքը՝ INSTC կը ներկայացուի իբրեւ պատմական կապի ծրագիր, որ կը կազմակերպէ ապրանքներու եւ մարդոց տեղաշարժը արդիւնաւէտ ճանապարհով՝ Ասիայէն Հիւսիսային Եւրոպա: Հակառակ անոր, որ կը խօսուի Կեդրոնական Ասիոյ Արեւմտեան շուկաներ մուտքի մասին, հիմնականին մէջ խօսքը փոխադրութեան ուղիներու վերահսկողութեան կը վերաբերի, քանի որ միջանցքը հիմնականին մէջ կ՚անցնի Ռուսիոյ եւ Իրանի մէջէն: Հարաւային Կովկասը վճռորոշ խոչընդոտ է, ուստի նախագիծին մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միաձուլումը  էական է: Ռուս-իրանական դաշինքին հետագայ ամրապնդումը, որ համակարգուած կերպով Արեւմուտքին դէմ կ՚աշխատի, թէ՛ Ուքրանիոյ, եւ թէ՛ ալ Կազայի մէջ, Եւրոպայի համար բարենպաստ չըլլար*»։

            * Արեւմուտքն ալ իր հեռաւորութենէն Արեւելքի՛ն դէմ կ՚աշխատի, սխալը ո՞վ է : Ուրեմն, Արեւմուտքը Կազայի ողբերգութեան ու ցեղասպանութեան կողմնակի՞ց է, ըսել կ՚ուզէ հեղինակը…

            «Երկրորդ՝ մէկ այլ մեծ ենթակառուցային ծրագիր է Անաքլիայի՝ վրացական Սեւ ծովու ափին, խորունկ նաւահանգիստի կառուցումը։ Նաւահանգիստը Ասիայէն Եւրոպա բեռներու աւելի արդիւնաւէտ փոխադրումի հիմնական տարր կը նկատուի:

Անձնական ներդրողներու եւ արեւմտեան ընկերութիւններու օգնութեամբ սկսած ծրագիրը 2018-ին կասեցուած է «Վրացական երազանք»-ին կողմէ սառեցուած: 2023-ին կառավարութիւնը ծրագիրին նոր կապալառուներ հրաւիրած է եւ ոչ թափանցիկ միջոցով, շահած է չինական պետական ընկերութիւն մը, որ Միացեալ Նահանգներու պատժամիջոցներուն ենթակայ է:

«Ինչպէս INSTC-ի պարագային, Չինաստանի կողմէ կառուցուած նաւահանգիստը կը նշանակէ Փեքինի վերահսկողութիւնը փոխադրութեան այս  կարեւոր անցակէտին վրայ, որ նաեւ դարպաս կը ծառայէ Ռուսիոյ, որ գրաւած է վրացական տարածքը Անաքլիայէն քանի մը քիլոմեթր դէպի հիւսիս՝ Աբխազիոյ մէջ:

«Տարածաշրջանը վերաձեւելու մենատիրական* ջատագովներուն փորձերը կը խաթարուին Հարաւային Կովկասի յարաբերութիւններու բարդ ցանցին եւ մրցակցութեան պատճառով, որ, անշուշտ, կը պարունակէ հակամարտութիւններու կարճաժամկէտ ներուժ: Անոր կեդրոնը՝ Իսրայէլի եւ Ատրպէյճանի* միջեւ ռազմավարական դաշինքն է, որուն միջոցով Ատրպէյճանը կրցաւ յաղթել Լեռնային Ղարաբաղի երկրորդ պատերազմին, մասամբ՝ իսրայէլեան ժամանակակից զէնքերու շնորհիւ։ Փոխարէնը Իսրայէլ կը ստանայ իր քարիւղի 40 տոկոսը Ատրպէյճանէն եւ, հաւանաբար նաեւ, կ՚օգտագործէ երկիրը իբրեւ Իրանի դէմ գործողութիւններու խարիսխ:

* Գլխաւոր մենատէրը Ատրպէյճանն է, որ հայր ապա որդի կ՚իշխեն այնտեղ:

«Մերթ ընդ մերթ, այս կ՚առաջնորդէ Թեհրանի եւ Պաքուի միջեւ լարուածութեան, որ աւելի կը սրի Իրանի հիւսիսը բնակող մեծաթիւ ազերի փոքրամասնութեան պատճառով: Իրան-ատրպէյճան յարաբերութիւնները միշտ ելեւէջի մէջ են: Երկու կողմերն ալ հմուտ են իրանցի ազերիներու անջատողական նկրտումները խթանելու, կամ՝ Ատրպէյճանի գոյութեան իրաւունքը* կասկածի տակ առնելու, սակայն կը վերադառնան գործնական քաղաքականութեան: Եւ այսպէս, յարաբերութիւնները կը տատանին լայնածաւալ սպառնալիքի եւ ռազմափորձերու միջոցով, Արաքս գետի եզերքին, ինչպէս 2022-ի աշնան, եւ միւս կողմէ 2024-ի մայիսին նոյն գետին վրայ ջրելեկտրակայանի միատեղ բացումով:

* Մոռցած է նշելու, որ մինչ Իրանը հազարաւոր տարիներու պատմութիւն ունի՝ Ատրպէյճանը 1918-ին ստեղծուած երկիր մըն է, որ կը համարձակի սպառնալ հազարաւոր տարիներու Հայաստանի ու հայութեան գոյութեան իրաւունքին*:

«Յարաբերութիւններու այս բարդ ցանցին մէջ ակներեւ է, որ Հայաստանը կը ձգտի սերտ դաշինք կնքել Իրանի հետ եւ հակամարտութեան պարագային կարենայ ոչ թէ ռազմական* օգնութիւն, այլ առնուազն բացայայտ քաղաքական օգնութիւն Թեհրանէն: Ի հակադրութիւն՝ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւնները այնքան ալ յստակ չեն: Թուրքիան զգալիօրէն նպաստեց Լեռնային Ղարաբաղի երկրորդ պատերազմի արդիւնքին՝ մարզելով ազերի բանակը եւ մատակարարելով ժամանակակից զինամթերք՝ միաժամանակ տրամագծօրէն հակառակ ըլլալով Իսրայէլի*: Թուրքիան, որ վստահաբար գլխացաւեր կը պատճառէ Եւրոմիութեան՝ ի՛նքը պիտի ըլլայ Հարաւային Կովկասի մէջ Ռուսիոյ նուազող դերակատարութեան հաւանական փոխարինողը:

            * Ինչո՞ւ չէ ռազմական օգնութիւն: Թուրքիոյ «Իսրայէլի դէմ» ըլլալը մի՛այն սուտ հռետորաբանութիւն է, որ փաստուեցաւ Կազայի պատերազմին ընթացքին, երբ ազերի քարիւղը թուրքիոյ վրայով, Ճէյհան նաւահանգիստէն ցարդ անխափան կը մատակարարուի Իսրայէլին, առանց որուն, ըստ մասնագէտներու, Իսրայէլ մէկ ամիսէն աւելի չէր տոկար եւ չէր կրնար ահաւոր ցեղասպանութիւնը գործադրել, որուն մեղսակից կը համարուին Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը, Միացեալ Նահանգներուն կողքին: Ո՛չ միայն քարիւղ, այլեւ Թուրքիան սննդեղէն եւ այլ ապրանքներ ցարդ կը մատակարարէ Իսրայէլի, Մինչ Էրտողան կեղծաւոր կոչ կ՚ընէր իսլամ եւ արաբ աշխարհին պատիժի ենթարկել Իսրայէլը: Առանց Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի էական օգնութեան՝  օդանաւերուն եւ հրասայլերուն վառելանիւթ տրամադրելուն, Իսրայէլը չէր կրնար Կազայի եւ Լիբանանի ամբողջ թաղամասեր ժողովուրդով միասին տարիէ մը աւելի ամէնօրեայ յարձակումներով քանդել:

  1. «Օրէնքով գողեր»

«1950-ականներուն ի յայտ եկան «սովետական յանցագործ»-ները, որոնք հիմնուած էին Կուլակի ճամբարներուն մէջ, ճամբարային համակարգի դաժան բանտարկեալներու նուիրապետական կարգին կողմէ: Այսպէս կոչուած, «օրէնքով գողերը» կը կարգաւորէին առօրեայ կեանքը եւ կը սահմանէին զուգահեռ օրէնքներ, որոնք Ստալինի մահէն ետք, տարածուեցան ճամբարներէն դուրս գտնուող խորհրդային հասարակութեան վրայ:

««Գողերու օրէնքը» կը մերժէր պետական կառոյցներու օրէնքը եւ իշխանութիւններու հետ համագործակցիլը։ Այս զուգահեռ աշխարհին կը գերիշխէր պատուի խիստ կանոններ: Դրամը կը վաստկէին կողոպուտներու եւ դրամաշորթութեան միջոցով, իսկ համայնքը այս քրէական հեղինակութիւններուն կուրօրէն կ՚ենթարկուէր։ Որքա՛ն համայնավար գաղափարախօսութիւնը չքացաւ, այնքա՛ն պետութիւնը կորսնցուց յարգանքն ու հեղինակութիւնը, եւ որքա՛ն բացայայտուեցան խորհրդային պաշտօնեաներուն սուտերը, իբրեւ շահագործողներ եւ ձեռնավարներ (manipulators), այնքա՛ն «գողերու օրէնքը» աւելի անողոք կերպով մուտք գործեց հասարակութեան սրտին մէջ։

«8. «Օրէնքով գողերը» իրենց երկիրներուն Եւրոպայի հետ լրացնումը (integration) կ՚ընկալեն իբրեւ սպառնալիք։

««Օրէնքով գողերուն» ոսկեդարը Պրեժնեւի 1970-ականներուն էր, սակայն Հայաստանի եւ Վրաստանի պարագային, անկախութենէն ետք ալ ցարդ կը շարունակուի: Թէեւ երեւոյթը ընդյատակեայ կամ մաֆիայի պիտակ կը կրէ, սակայն անոնցմէ շատեր հասան բարձրագոյն դիրքերու, ինչպէս՝ Վրաստանի Իվանիշվիլին:

«21-րդ դարու այս «օրէնքով գողերուն» ենթահողը այն է, որ անոնք կը մերժեն ժողովրդավարութեան եւրոպական ըմբռնումը, որ հիմնուած է օրէնքի գերակայութեան եւ հաշուետուութեան վրայ, որ կը նախատեսէ իշխանափոխութիւն: Ուստի պետութիւններուն եւրոպականացումը իրենց սպառնալիք կը համարեն: Վրաստանի «Օտարերկրեայ գործակալներու օրէնքը»* նպատակ ունի կանխել այդ»:

* Բոլորովին կապ չունի այս մեկնաբանութիւնը: Օրէնքը կ՚արգիլէ վրացիին՝ 20 տոկոսէն աւելի եկամուտ ունենալ արտասահմանէն, պարզ ու յստա՛կ:

«Ինչպէս Խորհրդային Միութեան մէջ «օրէնքով գողերը», այնպէս ալ այժմու գործիչները, ինչպիսիք են՝ Ալիեւը, Լուքաշենքոն եւ Փութինը, ունին քաղաքական եւ կազմակերպուած տնտեսական յանցագործութեան իրենց դաշինքը, որ կ՚ապահովուի գաղտնի ծառայութիւններուն կողմէ: Քանի՛ որ չեն կրնար վերացնել պետութիւնը, կը փորձեն իւրացնել զայն ու օրէնքներ մտցնել, որոնք միայն իրենք կը սահմանեն։ Արտաքին քաղաքականութեան մէջ, հարցը աւելի լուրջ կը թուի: Անոնք կը մերժեն միջազգային կանոնները, դաշնագրերն ու հաստատութիւնները, որուն փոխարէն կը ձգտին աշխարհի մը, ուր կը փորձեն իրենց ստեղծած անողոք «գողերու օրէնք Բ.-ը» պարտադրել: Հարաւային Կովկասի եւ, աւելի լայն, յետխորհրդային տարածքի ճգնաժամերը դասակարգելու համար, կարեւոր է հասկանալ այդ «օրէնքով գողերուն» քաղաքական մտածելակերպը, յատկապէս՝ բռնապետութիւններուն մէջ:

  1. Եւրոպայի ռազմավարական շահերը Հարաւային Կովկասի մէջ:

«ԵՄ-ը լաւ գործիքներ ունի տարածաշրջանի ճգնաժամերը կանխարգիլելու, կամ հակամարտութիւնները վերափոխելու կայուն ներդրում ունենալու համար, բայց անոնք յաճախ հետեւողականօրէն չեն օգտագործուիր: 2023-ին սահմաններու իրավիճակը կայունացնելու նպատակով Հայաստանի մէջ քաղաքացիական դիտորդական առաքելութեան ստեղծումը դրական օրինակ է այն ազդեցութեան, որ ԵՄ-ը ուղղակի կրնայ գետնի վրայ գործադրել, երբ քաղաքական կամք ըլլայ։ Մասնաւորապէս, Եւրոպայի տնտեսական յանձնառութիւնը  Հարաւային Կովկասի մէջ կարելի է աւելի ընդլայնել, որ սակայն պէտք է ուղեկցուի աւելի մեծ քաղաքական ազդեցութեամբ։

«Կարեւոր է, որ ԵՄ-ը իր պատրաստակամութիւնը յայտնէ Հարաւային Կովկասի մէջ, եւ կայունութեան ու ժողովրդավարական զարգացման նկատմամբ իր շահագրգռութիւնը ամբողջութեամբ դրսեւորէ: Ինչպէս Քլինկընտալի Clingendael ուսումնասիրութիւնը կը թելադրէ, ուշադրութիւն պէտք է դարձնել տնտեսութեան, անվտանգութեան եւ աշխարհաքաղաքական, միատեղ նաեւ, կանոններու վրայ: Այստեղ կարեւոր դեր կը խաղան ԵՄ-ի պատուիրակութիւններու գետնի վրայ աշխատանքը: Գործիքներ, ինչպիսիք են Խաղաղութեան եւրոպական հիմնադրամը եւ տնտեսական հաստատութիւններու պարտաւորութիւնը նաեւ, Վերակառուցման եւ զարգացման եւրոպական դրամատունը:

«Ռուսիոյ, Թուրքիոյ եւ Իրանի, ինչպէս նաեւ Սեւ ու Կասպից ծովերու միջեւ Հարաւային Կովկասի ենթադրաբար ծայրամասային տարածաշրջանը, փաստօրէն, կեդրոնական հետաքրքրութիւն կը ներկայացնէ Եւրոպայի համար: Այս կը պահանջէ ամբողջ տարածաշրջանի երկարաժամկէտ եւ ռազմավարական վերանայում: Հարաւային Կովկասի արդի ռազմավարութեան սահմանումը, որ յստակօրէն պէտք է գերազանցէ մտադրութիւններու մասին յայտարարութիւնները, կը թուի, որ շատոնց ուշացած է»: Վերջ:

Ահաւասիկ Կովկասի մասին կուրօրէն կողմնակալ, եւրոպական ակնոցով, չափազանցուած հակառուս յօդուած մը, ուր Հայաստանը «Մեծ Խաղի» մը զոհը կը ներկայացնէ, առանց անդրադառնալու Արցախի ցեղասպանութեան, թէեւ ՆԱԹՕ-ի անդամ Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի ժխտական գործօնն ալ նշած է:

Շար. 2 եւ վերջ

* Լուսաբանութիւնները, ընդգծումներն ու նկարները հեղինակին:

  1. https://www.kas.de/en/web/auslandsinformationen/artikel/detail/-/content/great-game-im-suedkaukasus
  2. https://www.aztagdaily.com/archives/614802
  3. https://www.aztagdaily.com/archives/589694
Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button