Լրահոս

Հ.Յ.Դ.-ի 134-Ամեակ՝ Լիբանանի Մէջ

 

Ուրբաթ, Յունուար 31-ին, Հ.Յ.Դ.-ի Լիբանանի կառոյցը մեծ շուքով նշեց կուսակցութեան հիմնադրութեան 134-ամեակը:

Հ.Մ.Ը.Մ.-ի շեփորախումբին առաջնորդութեամբ եւ Լիբանանի, Հայաստանի, Արցախի եւ Հ.Յ.Դ.-ի դրօշակակիր պատանիներու եւ երիտասաևտականներու մուտքով ընթացք առած հանդիսութիւնը պաշտօնապէս բացուեցաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներով:

Ողջոյնի ու սրտի խօսք արտասանեց Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան: Ապա խօսք առաւ Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի: Հ.Յ.Դ. Բիւրոյին խօսքը փոխանցեց Յովսէփ Տէր Գէորգեան:

Աւարտին կատարուեցաւ պատանիներու խոստման արարողութիւն:

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button