Չորեքշաբթի, 29 Յունուարի երեկոյեան, Հայկազեան համալսարանի հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ շնորհահանդէսը համալսարանի հայագիտական տարեգիրքին, որ երրորդ տարին է ահա, լոյս կը տես-նէ երկու գիրքով՝ մին տարուան կիսուն, միւսը՝ աւարտին:
44-րդ հատորի զոյգ գիրքերուն շնորհանդէսին ներկայ էին Ծիծեռնակաբերդի Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի գիտաշխատողներ դոկտ. Նարինէ Մարգարեան եւ դոկտ. Սեդա Պարսամեան, հոգեւոր, կրթական, ակադեմական շրջանակներէ մարդիկ, գրասէր հայորդիներ: Կեդրոնական սեղանին ցուցադրուած էին Հանդէսի վերջին երկու տարիներու հատորներէն, որոնք տրամադրելի էին փափաքողներուն:
Բացման խօսքը կատարեց «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»-ի խմբագրակազմի անդամ դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեան, որ ողջունեց ներկաները, Երեւանէն ժամանած հիւրերը եւ նշեց թէ Հանդէսը շնորհահանդէսի այս աւանդոյթը սկսած էր 1993ին, եւ հրաւիրեց յոտնկայս յարգելու յիշատակը խմբագրակզմի անդամ, հանգուցեալ դոկտ. Արշալոյս Թոփալեանին, որ 36 տարիներ շաարունակ դասաւանդած է Հայկազեան համալսարանին մէջ եւ 33 տարիներ անդամ եղած է Հանդէսի խմբագրակազմին: Դոկտ. Իւրնէշլեան ընդգծեց, թէ Հայկազեան հայագիտական Հանդէսի հատորները, համալսարանի, հանրային դասախօսութեանց շարքերը, միջինարեւելեան հայօճախներու նուիրուած գիտաժողովները «’ածու փոքր եւ թուով յուժ ընդ փոքու սահմանեալ’ այս համալսարանը կը դնեն հայագիտութեան զարգացման համահայկական քարտէզին վրայ»: Ապա ան մատնանշեց որ 44-րդ հատորի զոյգ գիրքերու 41 յօդուածները աշխատակցութիւնն են Հայաստանէն ու Սփիւռքէն գործող 34 հայ եւ ոչ-հայ հեղինակներու, եւ աւելցուց որ այս հայագիտական հանդէսը հայագիտական հանրութեան մատուցած կ’ըլլայ 1189 յօդուած, հայագիտութեան 394 երախտաւորներու գիտական մահաագրականն ցմով Հայկաք՝ ամփոփուած 24948 էջերու մէջ:
Ապա ան բեմ հրաւիրեց հիւր բանախօս, Ծիծեռնակաբերդի Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան-հիմնարկի գիտաշխատող դոկտ. Նարինէ Մարգարեանը:
Դոկտ. Մարգարեան շնորհաւորեց համալսարանը՝ «իր գիտակրթական բեղուն գործունէութեան 70-ամեակի»-ն առթիւ, ընդգծելով որ այդ առումով «առանձնայատուկ ու հայութեան համար կարեւոր ուղղութիւն է ապահովում համալսարանի հայագիտական ամպիոնի «եռանդուն ջանքերի շնորհիւ է հրատարակւում Հայկազեանի հայագիտական հանդէսը՝ կարեւոր եւ եզակի երեւոյթ՝ Սփիւռքում,- աւելցնելով որ,- Հանդէսը ակադեմական կարեւոր ձեռքբերում է, որը բովանդակային ընդարձակ շրջագիծ ունի, գիտական շրջանառութեան մէջ է դնում նորանոր աղբիւրներ ու հետազօտութիւններ։ Այն իր կատարած գործով նոր ուղիներ է բացում հայագիտութեան զարգացման եւ միջազգային մակարդակում հայագիտութիւնը նորովի ներկայացնելու համար։ …Հանդէսը համահայկական արժէք է, որի առանցքը հայագիտութիւնն է: Այն հարթակ է, որտեղ տպագրւում են վաստակ ունեցող եւ երիտասարդ սերունդները աչքի է ընկնում գիտական ներուժի բազմակողմանի ներգրաւուածութեամբ։ …Հանդէսն ունի աւանդոյթներ, որոնց կողքին որդեգրում են նաեւ նոր աւանդոյթներ։ Այն մշտապէս պահում Հայաստան-Սփիւռք կապը, որի վկայութիւնն են հայաստանեան յօդուածագիրները, Հանդէսի շնորհանդէսները զուգահեռաբար Հայաստանում անելու հանգամանքը»։ Ապա ան ընդգծեց. «Այսօր գիտական հանրոյթը պէտք է առաջնորդուի հայագիտութեան զարգացման գերակայութեամբ։ Հայագիտութիւնը պէտք է լինի բոլորիս ռազմավարութիւնը իր ժամանակային ու բովանդակային ողջ ընդգրկուածութեամբ։ … Գիտական հանրոյթն այս պարագայում անելիք ունի՝ նոր արհեստագիտական գործիքակազմով ներկայացնել հայկականութեանն առնչուող ցանկացած նիւթ՝ ապացուցելով վերջինիս հայկականութեան արմատները՝ թոյլ չտալով որեւէ պետութեան խեղաթիւրել պատմական փաստերը»։
Հիւր բանախօսը նիւթ դարձուց Հանդէսի էջերուն մէջ լոյս տեսած Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերող ուսումնասիրութիւնները. «ուսումնասիրելով համարների բովանդակութիւնը, յստակ է, այն որ Հանդէսը համապարփակ է, ներառում է հայ ազգի գործունէության բոլոր ոլորտները, հայագիտութեան բազմաբեւեռ ուղղութիւնները… այստեղ տարագրուել են ցեղասպանութեան ժառանգները, …յուշագրութիւնների, փաստաթղթեր…»: Անդրադառնալէ ետ Ցեղասպանագիտութեան ուսմունքին, անոր զարգացման, յարգելի բանախօսը նշեց, որ «այժմ գիտական ուսումնասիրութեան դաշտ են մտնում մեծ թուով աշխատանքներ, որոնք կարելի է անուանել փոքրապատումներ կամ միկրո֊հետազօտութիւններ», ու շեշտեց յուշագրութիւններու արժէքը, մատնանշելով այպիսիներուն բարոյական արժէքը՝ «ձայն տալով վերապրողներին՝ մենք նրանց հանում ենք մոռացութիւնից՝ օգտագործելով նրանց որպէս սկզբնաղբիւր, գիտական արդիւնքը համարւում է որոշ չափով ցեղասպանութեան մասին իրազեկման եւ կանխարգելման միջոց ու փրկում ենք նրա մասին յիշողութիւնների ջնջումը» եւ աւելցուց՝ «…այդ հարցում նոյնպես Հանդէսը մեծապէս նպաստել է ցեղասպանագիտութեան՝ որպէս առանցին գիտաճիւղի զարգացման … ցեղասպանագիտական յօդուածներ լուրջ թիւ են կազմում, Հանդէսի մէջ, անգամ այն յօդուածները, որոնք անմիջապէս չեն վերաբերում այդ ժամանակահատուածին, դրանք Ցեղասպանութեան իրագործման նախադրեալներին կամ յետ-Ցեղասպանութեան հետեւանքներին են առնչւում», յիշելով նաեւ, թէ՝ «Հայկական Սփիւռքի ուսումնասիրութեան կենտրոնի նախորդ տարիների կազմակերպած Մերձաւոր Արեւելքի Սփիւռքի առանձին վայրերի գիտաժողովները եւ դրաց հիման վրայ տպագրուած զեկոյցների ժողովածուների մէջ մեծ տեղ է յատկացուել ցեղասպանագիտութեան տարբեր դրուագների ուսումնասիրութեանը» եւ հաշուեց 38 ցեղասպանագիտական յօդուած-ուսումնասիրութիւններ, որոնք տպուած են Հանդէսի 2020-2024 տարիներու 7 գիրքերուն մէջ:
Ապա ելոյթ ունեցաւ Հանդէսի գլխաւոր խմբագիր դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան, որ պնշեց թէ անցնող տարեշրջանը եղաւ «դէպքառատ, տագնապառատ ու ճգնաժամային ոչ միայն Լիբանանի ու Միջին Արեւելքի առումով, այլեւ համաշխարհային հարթակին վրայ եւս:…Յամենայնդէպս, ինչպէս ականատես էք, անցնող տասնամեակներուն Հանդէսը մնաց իր աշխատանքային յանձնառութեան վրայ, ու լաւատես ենք որ կը շարունակէ՝ այնքան ատեն որ համալսարանին պատկան մարմինները ի դէմս վեր. Հայտոսթեանին, համոզուած են տարուած աշխատանքին եւ արդիւնքին էականութեան»: Դոկտ. Տաէգէսեան ներկաներիւ ուշադրութեան յանձնեց «վերջին տարիներուն տակաւ կրկնուող, հետեւաբար եւ փաստի վերածուող» իրականութիւն մը՝ հայերէնախօսութեան նահանջը» եւ մտահոգութիւն յայտնեց «որ Լիբանանի երիտասարդ սերունդներուն քով հայերէնը սկսած է դառնալ նեղ, այսինքն՝ ընտանիքի, հայ միջավայրի մէջ խօսակցելու լեզու…եւ կրնանք հայերէնախօսութիւնն ալ տանուլ տալ» եւ կոչ ըրաւ. «հիմա, երբ դեռ հայերէնախօսութեան թեր եւ դէմ գործօնները գրեթէ հաւասար են, կամ կարգ մը պարագաներու նոյնիսկ ինպաստ են տակաւին հայերէնախօսութեան, պարտինք … գործնապէս ձեռնարկել … լուրջ ծրագրեր մշակել, ելլելով մեր նախորդ փորձառութենէն…եւ գէթ խօսակցական արեւմտահայերէնը պահպանել յաջողինք Միջին Արեւելքի առայժմ ամէնախոստմնալից հայօճախին՝ Լիբանանի մէջ»:
Համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան շնորհակալու-թիւն յայտնեց խմբագրակազմին, անոր աշխատակիցներուն եւ շնորհահանդէսի ներկաներուն, Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկէն հիւրաբար ներկայ գտնուող մասնագէտներուն ու կեդրոնացաւ հանդէսի այս տարուան խմբագրականի նիւթին՝ արխիւ հասկացութեան վրայ:
Վեր. Հայտոսթեան տարաբնոյթ սահմանումներ կատարեց արխիւին առնչութեամբ, զայն նկատելով «տեղեկութիւն ամբարելու միջոց, ոճ եւ տեղ…հաւաքածոյ…գոյութեան իմաստաւորում… երկարամեայ կամուրջ՝ հինին եւ նորին միջեւ եւ այս իմաստով՝ թարմացում»: Ան արխիւը նկատեց «ինքնութիւնը ամրապնդող գործիք, մենք մեր արժէքը պատուելու, փոխանցելու միջոց,- ընդգծելով որ ան,- անցեալի պարզը ներկայի ջանքով ապագայի վերածել ու առաքելութիւն», եւ եզրափակեց իր խօսքը ընդգծելով, որ «անարխիւ մարդն ու ժողովուրդը իրենք զիրենք մատնած կ’ըլլան անվաւեր գոյութեան»:
Աւանդական դարձած կարկանդակի հատումէն ետք, անպաշտօն մթնոլորտի մէջ շարունակուեցան շնորհաւորանքները, զրոյցներն ու քննարկում-ները: