Յօդուածներ

ԴԱՐՈՒ ԿԷՍԻՆ ՄՈԼՈՐԱԿԻ ՈՒԹԸ ՄԻԼԻԱՌԸ ԵՐԲ  ԸԼԼԱՅ ՏԱՍԸ ՄԻԼԻԱՌ …

Յ. Պալեան

«Ըլլալ մարդ կը նշանակէ զգալ, որ քար մը դնելով քարի մը վրայ,

կը կառուցենք աշխարհը»:  (Սէնթ’Էկզիւփ

երի, ֆրանսացի գրող, Ի դար)

 

                        Դարու կէսը մեր զաւակներու եւ թոռներու ներկան է, հեռու չէ:            Ղեկավարը կրաւորականութեամբ չի սպասեր այլ տեղ եւ այլոց ընտրանքներու վճիռը, ինք կը նախատեսէ եւ կը գործէ: Հայ  Ժողովուրդը, Հայաստան եւ Սփիւռք, պիտի սպասէ՞, որ քառորդ դար ետք, մոլորակի վրայ յայտնուինք որպէս չնչին կոտորակ: Ի՞նչ պիտի ըլլան ինքնուրոյն ՀԱՅ ԱԶԳը եւ անոր ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ՀԱՅՐԵՆԻՔը, կրճատ Հանրապետութիւնը, Արցախը եւ բռնագրաւեալ ԵՐԿԻՐը: Ինքնութիւն ունեցող ՀԱՅ ԱԶԳԸ որպէս այդպիսին պիտի մնա՞յ, շարունակութիւն,պիտի ըլլա՞յ,  թէ՞…

            Անհատական pարօրութենէ  անդին, ո՛չ միայն բանիւ, այլ գործով, իմաստ եւ բովանդակութիւն կու տա՞նք ԱԶԳԻ հարազատ եւ ինքնորույն  գոյապահպանման, փոխանակ աճեցնելու Սփիւռք(ներ)ը, կը կասեցնե՞նք  մանրուելու ընթացքը: Ո՞ւր պիտի ըլլանք եւ որպէս ի՞նչ, շարունակութիւ՞ն, թէ՞ խայտաբղէտ այլանուններու ամբոխ, պիտի  հաւատա՞նք, թէ՞ հայ ենք եւ ազգ, պիտի պահե՞նք մնացած քիչը, հայրենիք՝ ի՞նչ անունով, ո՞ւր, թէ՞ պատմութեան էջի մը վրայ մոռցուած արձանագրութի՞ւն: Ի՞նչ պիտի ընենք եւ ուզենք ընել, որպէսզի մնացած քիչն ալ չկոտորակուի: Յափշտակուածին տէր պիտի ըլլա՞նք, որպէսզի ազգը իր համրանքով եւ որակով աճի եւ տեւէ, պատմութեան բեմէն չհեռացուի, ծագումով այս կամ այն ըլլալէ ետք: Կը խօսինք, ղեկավարութիւն կը խաղանք, կարծէք Սփիւռք(ներ)ը  յաւերժ պիտի տեւէ որպէս ազգի հարազատ հատուած, գաղտնիք չէ, որ ան, ընկեքաղաքական ժամանակաւոր կացութիւն է:  Ի՞նչ պիտի ըլլայ ժամանակաւորին յաջորդ ժամանակը: Քաղքենիացման աղէտը կը տանի ինքնախաբէութեան, որ սպառողական ընկերութեան յառաջացուած ընդարամացումն է: Կը պահենք փշրանք-յիշողութիւն, մենք մեզ համոզելով, որ պիտի մնանք  վաղն ալ, ինչպէս երէկ կայինք։            Մտահան պէտք չէ ընել որ ՍՓԻՒՌՔը հայրենիք չէ,  ազգ չէ,  ասդին-անդին աւազի վրայ  շինուած շարժական կացարան-համայնքներու խճանկար է,   նոյնիսկ եթէ տէր ենք տուներու, տարբեր աշխարհներու մէջ շնորհուած քաղաքացիական իրաւունքներու, ազատութիւններու եւ ինքնահաստատման կարելիութիւններու, դրամի, դիրքի, յաջողութեան, փառքի:

            Հայ քաղաքական միտքը, Հանրապետութիւն եւ Սփիւռք, ազգապահպան առաջնորդող հեռանկար պէտք է ունենար եւ գերանցէր պարտութիւն, մրցակացութիւն, անհասկացողութիւն, հեռացում: Չունինք այն հիմնական սկզբունքը, որ ԱԶԳԸ ԻՐԱՒՈՒՆՔ ՈՒՆԻ, ո՛չ  այս կամ այն անհատը կամ խմբաւորումը, որ բոլորս պատասխանատու ենք, առանց յաւելեալ ինքնաշնորհուած իրաւունքներու, եւ հասկնայինք, որ առանց հրէի եւ հեթանոսի տտարբերութիւններու, ազգովին կը գտնուինք ՀԱՅ ԱԶԳ կոչուած տատանող նոյն նաւուն վրայ:

            Սփիւռքի անորոշուող ինքնութեամբ զանգուածներու որպէս հայ գոյապահպանումը, նաեւ Հանրապետութեան պահպանման ուղիղ ճանապարհը, հայ ժողովուրդի հողային հարցի լուծումն է. տարածքի տիրութիւնը, որ կ’ըլլայ բնակեցումով, հայրենահանուածներու, կամաւոր գաղթականներու եւ անոնց ժառանգներու որպէս հայ եւ հայութիւն միացումով եւ դարձով: Հայրենահանման եւ յար շարունակուող տարտղնումին դէմ, ղեկավարութիւնները նոյն ուղղութեամբ նայիլ պէտք է գիտնային, գիտնան, որ ազգային ՓՐԱՔՍԻՍ է, կառուցողական պայքար, որ որդեգրուած ընդհանուր տեսութեամբ պէտք է յանգէր ճշմարիտ միացման, այդ չշփոթելով սովորական եւ ձեւական համագործակցութիւններու հետ, որոնք միտած են եւ կը միտին անվաղորդայն գերակայութիւններ հաստատման, այսինքն՝ սոսկ էսթէպլիշմընթային իրարանցում են:

            Ներկայի բազմանուն պառակտուածութիւնը փակուղի է:

            Արժանւոր ղեկավարութիւնը անմիջականէ անդին նայող տեսիլքով պէտք է ընթանայ ինչ կը վերաբերի Ազգին, ո՛չ այս կամ այն հատուածին, համայնքին, խումբին, ունենայ ԱԶԳԻ ԻՐԱՒՈՒՆՔԻ, ՄԻԱՑՄԱՆ, ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ ՀԵՌԱՆԿԱՐ ԵՒ ԿՈՂՄՆԱՑՈՅՑ : Մեր ժողովուրդի լինելիութեան ուղին խարխափումներու խրձիկ է: Ամէն ոք կը կարծէ  գտնուիլ ճիշդ ուղղութեան վրայ եւ իրաւունքներ ունի: Կը փորձենք շուարումները քննադատել, եւ  ճիշդ կողմնորոշուիլ, եւ կը վերսկսինք յար եւ միշտ հպատակելով իրարմէ հիմնովին տարբեր ենթակայական ընտրանքներու: Եթէ այնքան ճիշդ ուղիներ կան, ինչպէ՞ս  ընտրութիւն պիտի կատարուի, եւ ո՞վ որո՞ւ պիտի հետեւի: Ո՞վ կրնայ յաւակնիլ որ ինք է ճիշդը: Այսպէ՞ս պիտի շարունակուի մինչեւ կորուստը անկախութեան եւ հայրենիքի վերջին բեկորին՝ որ  դեռ կայ: Ազգին եւ անոր հարազատ ինքնութեան չառնչուող թաղային հեղինակութիւններ կը խօսին մարգարէի պէս, չես գիտեր ո՞ր արկածով այս կամ այն դիրքի վրայ  գտնուողներ, որոնք ո՛չ ազգի պատմութիւն գիտեն, յաճախ նաեւ ազգի հոգեմտաւոր ժառանգութենէն օտարուած են, հայ լեզու չեն գիտեր, անով ստացուած մտածողութիւն չունին, եւ իրենք իրենց կ’արտօնեն բարձրագոչ  յայտարարել, որ ազգը կամ համայնքը եկեղեցիի կամ այս կամ այն բանին  պէտք չունին, իրենք են ճիշդը, եւ կրնան ասդիէն-անդիէն որսացուած յառաջդիմական-արդիական համարուած կարգախօսներ կրկնել, լեզու, մշակոյթ, դպրոց երկրորդական համարել, ըսել որ կարելի է զանոնք ծալել եւ վրան նստիլ,  կամ անհանգիստ չըլլալու համար պոռչտալ, որ թաղէն անդին նայող ազգակերտ ծագիրներ պարզապէս սուրի հարուած են տրուած ջուրի մակերսին:

            Իրարու դէմ պայքարիլ կանոն համարած ենք անցեալին, կը շարունակենք այսօր ալ, ծառայելու համար ԵՍի եւ փառասիրութեան, անոնք իմաստութեան հիմնաւորումներ չեն ունեցած, յանգած են աթոռապաշտութեան, որ ախտ է, որուն վրայ գումարուած է ընտանեպաշտութիւնը, աւանդութիւն դարձած ԽԾԲ-ն, հայր, որդի, կին, հարս, փեսայ, խնամի, դրացի, դասընկեր… շարքը կարելի է երկարել եւ ծայրը չգտնել: Այպէս ենք Հայաստան եւ գերաճող Սփիւռք: Պէտք չէ անտեսել նաեւ քսակի ընձեռած իրաւունքը, տեղայնութիւնները, երեւանցիի գերադասութիւնը գիւմրեցիին, փարիզցիին՝ մարսիլիացիին… կարելի է բազմապատկել բաղդատութիւնները մինչեւ Մոսկուա, Վլատիվոսթոք, Փըրթ…

            Այսպէս եղած ենք հազար հինգ հարիւր տարի առաջ ալ, այսպէս գործած են հայ նախարարական Տուները, միշտ թագ ցանկալով, որ նախընթացն է հին եւ նոր ջոջականութեան: Աղմկարարութիւնը շփոթած ենք ժողովրդավարութեան  հետ, մեր փոքր ածուին մէջ աթոռ մը ունենալու համար արժէքներ ոտնակոխած ենք: Գրաբարով ըսուած «մի՛ բարձընտիր լինել ի կոչունս» պատգամը չենք լսած եւ չենք լսեր: Օր մը նորահարուստ մը ըսաւ, որ եթէ զինք ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԱՆԴԱՄ դարձնեն, միութեան բոլոր ծախսերը կը ստանձնէ: Դիրքի եւ աթոոի ցանկութիւն: Կան մարդիկ, որոնք ղեկավարի դիրք նուաճելու համար, ուրիշի գրածով բեմ կը բարձրանան կը բարբառին, կը դասախօսեն, թաղային հեղինակութին մը ինքզինք գերադաս կը համարէ պատմագէտէն եւ վճիռներ կ’արձակէ: Եւ համայնք, ազգ, պետութիւն կը վճարեն աղէտ-սնափառութիւններու գինը: Ինչո՞ւ կը զարմանանք, երբ ռուսական պուպրիկներո պէս կը կանգնինք փակուղիներու առջեւ եւ կը նահանջենք:

            Այսօր ո՞վ կը խօսի բռնագրաւեալ Հայաստանի մասին: Հարցը ո՞ւր օրակարգ է: Վերականգնումի համար ղեկավարութիւնները ամբողջականի տեսիլք պէտք է ունենան եւ իրենց օրինակով ներշնչեն մեծը եւ պզտիկը, հեռաւորը եւ մօտաւորը, գործեն եւ զանգուածը մասնակից դարձնեն ԳՈՐԾին, որ մեծ յեղափոխականի խօսքով միակ կենդանին է ընկերային եւ քաղաքական կեանքի մէջ: Իրաւ ազգային ղեկավարութիւնը բարձր գիտակցութեամբ պէտք է յանդգնի յայտարարել, որ բանիւ եւ գործով տէր է ազգի հող-հայրենիքին եւ անոր հոգեմտաւոր ժառանգութեան, որ կրպակի այս կամ այն անկիւնը դրուած եւ մոռցուած-մգլոտած ապրանք չէ, Հայրենիք եւ ինքնութիւն է, որոնց տէր կանգնելու եւ տէր դառնալու իրաւունքէն հրաժարիլ վատութիւն է, նոյնիսկ եթէ բիրտ գործնապաշտութիւնը այդ անկարելի համարէ: Այս տեսիլքի իրականացման համար, տարտղնուող եւ սպառողական ընկերութեան հոսանքին մէջ տարուող ընդարմացող զանգուածներուն պէտք է ներշնչել տիրոջ գիտկցութիւն, ազգային աշխարհահայեցողութիւն, որ դերն է հարազատ եւ հարազատի առաջնորդին, ազգի իւրայատուկ լեզուամտածղողութեամբ, որպէսզի չմտածենք եւ չգործենք ամերիկացիի, ֆրանսացիի, յոյնի կամ թուրքի պէս: Օր մը երէց իմաստուն մը դատում մը ըրաւ Սփիւռքի բազմամարդ շրջանի մը օտարախօս դարձածներու մասին եւ ըսաւ, որ «ասոնք «օտար հայասէրներ են»: Պարզ խօսելով, հարազատ ղեկավարութիւնը, կը յայտարարէ, որ ՏԷՐ Է ԱԶԳԻ ԲՌՆԱԳՐԱՒՈՒԱԾ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՆ, որ այդ նպատակի հետապնդումը օրացուցային ժամանակին չի հպատակիր, եւ յարատեւ պայքարի կոչով հրապարակ կու գայ: Պարտականութեան տէր ղեկավարը եւ իրաւ հայկական լեզուամտածողութիւն ունեցող մտաւորականութիւնը, պիտի տանին պայքարի խօսքը իւրաքանչիւրին՝ իր յարկին տակ, բեմը, խորանը, գրողը եւ արուեստագէտը, փոխան այլասերման մէջ յաջողութիւն փնտռելու, իրենց կարելիութիւնները պիտի ծառայեցնեն ազգի  ԴԱՏին եւ պայքարին, խօսքը, գրիչը եւ գիտութիւնը դարձնելով իրաւունքի զինանոց, որպէսզի հայութիւնը չդադատապարտուի ըլլալու պատմութեան մանրուք, փարիա: Այս վաղուան չսպասող չպարտուելու եւ չանհետանալու միտող հաւաքական եւ անհատական պատասխանատուութիւն  է:     

          Առանց գերադասի եւ ստորադասի նախատեութիւն ունի՞նք Ազգի եւ Հայրենիքի ԻՐԱՒ ՄԻԱՑՄԱՆ համար: Եւ Ի՞ՆՉ Կ՞ԸՆԵՆՔ:

            Հարկ է պատասխանել առանց կապկելու Հին Յունաստանի սոփեստները, եւ հետեւիլ վերականգնումի պատնէշին քար մը աւելցնելու ֆրանսացի գրողի իմաստութեան, միշտ մտածելով եւ կրկնելով, որ վաղը միշտ ուշ է: Ի՞նչ կ’ընենք որպէսզի մեր յետնորդները վաղը չըսեն, թէ արդէն ուշ է: Չինացի իմաստուն Կոմփիւկիոս ըսած է.   Չեմ փորձեր պատասխանները գիտնալ, կը փորձեմ  հարցումները հասկնալ : Կը կարծենք  ամենուրեք եւ ամէն բանի պատասխան ունենալ, առանց մեր կացութենէն բխած հարց եւ հարցում հասկնալու: Ո՞ւր ենք, ո՞ւր կ’երթանք, ո՞ւր հասնելու համար: Յոգնակի հարցումներ, մոլորակային դարձող ժողովուրդի մը խառնիճաղանճային աղմուկի հանդէս, ուր չկան ազգ, իրաւունք, ինքնութիւն եւ մէկութիւն:

            Դարու կէսին… Հապա՞ դարավերջին

 

 

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button