Յօդուածներ

Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրող Հայ Բժիշկներ, Ատամնաուժներ Եւ Դեղագործներ

Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան
Մոնրէալ, 25 Յունուար 2025

2018-ին հրատարակեցինք «Հայ բժիշկներուն, ատամնաբուժներուն եւ դեղագործներուն ոդիսականը Հայկական Ցեղասպանութեան ընթացքին» հատորը:
Երկարաշունչ ուսումնասիրութիւն մը կատարեցինք այս հատորի պատրաստութեան համար: Ուսումնասիրութենէն ի յայտ եկան հետեւեալ իրողութիւնները.
Հայ բժիշկները, ատամնաբուժները եւ դեղագործները, իբրեւ հայ ժողովուրդի զաւակներուն ընտրանիին մաս կազմող փաղանգ մը, անմասն չեն մնացած Հայկական ցեղասպանութենէն: Այն ցեղասպանութենէն՝ որ ծրագրուեցաւ, որոշուեցաւ եւ կազմակերպուեցաւ թուրք ազգայնամոլ քաղաքական եւ զինուորական ղեկավարներու կողմէ, իսկ գործադրութիւնը կատարուեցաւ թուրք ջարդարար զինուորականներու, քաղաքացիներու, բժիշկներու եւ վարձկան խմբակներու կողմէ:
Թուրքը չէ խնայած հայ բժիշկներու դասուն: Թուրք բժիշկները եղած են առաջին մեղսակիցները՝ հայ բժիշկներու, ատամնաբուժներու եւ դեղագործներու սպանութեան: Հարիւրաւոր հայ բժիշկներ, ատամնաբուժներ եւ դեղագործներ նահատակուած են, ուրիշներ հիւանդանոցներու մէջ ծառայութեան ընթացքին ժանտախտէ վարակուած են ու մահացած են: Իսկ շատեր, ապրելէ ետք Ցեղասպանութեան գողգոթան, նախախնամութեան կարգադրութեամբ վերապրած են եւ ցրուած են աշխարհի չորս ծագերը ու շարունակած են իրենց բժշկական առաքելութիւնը հանդէպ ողջ մարդկութեան:
Հայոց Ցեղասպանութեան առաջին օրերուն, հայ բժիշկները իրենց արիւնակիցներուն հետ միասին ձերբակալուած են, բանտարկուած են, տարագրուած են եւ անմարդկային չարչարանքի ենթարկուած են թուրք ճիւաղային ձեռքերով, պարզապէս հայածին ըլլալնուն եւ հայ անունով մկրտուած ըլլալնուն պատճառով: Անոնք արժանապատուութեամբ մաս կազմած են հայ նահատակներու մեծ փաղանգին: Այս բոլորը թրքավայել վարձատրութիւնն էին հայ բժիշկներուն, որոնք դարձած էին ամբողջ Թուրքիոյ բժշկական մարզին հիմնական սիւները:
Հայ բժիշկներէն շատերը ցեղասպանութեան տարիներուն իրենց բժշկական ծառայութեան եւ կամ ձերբակալութեան ու բանտարկութեան ընթացքին վարակուած են ժանտախտէ: Անոնք երկար տարիներ պայքարած են այս հիւանդութեան դէմ եւ ի վերջոյ մահացած են:
Որոշ թիւով հայ բժիշկներ, ականատես ըլլալէ ետք հայոց ցեղասպանութեան աննախընթաց բոլոր փուլերուն եւ հայ ժողովուրդի տաժանակիր կեանքին ու անձամբ թրքական բանտերուն եւ զօրանոցներուն մէջ չարչարուելէ ետք, վերապրած են նախախնամտութեան ներգործութեամբ: Անոնք եղած են ցիր ու ցան, տարածուած են աշխարհի չորս ծագերը եւ շարունակած են իրենց բժշկական առաքելութիւնը՝ ծառայելով համայն մարդկութեան անխտիր:
Երդմնադրուժ թուրք բժիշկներ իրենց արիւնարբու ձեռքերով խողխողած են հայրենիքին նուիրեալ հայ բժիշկները եւ եղած են դահճապետերը իրենց գործակից, պարտաճանաչ հայ արհեստակիցներուն: Ջարդարար թուրք բժիշկները առաջնորդուած են մոլեռանդ ազգայնամոլութեամբ եւ կծու նախանձով՝ հայ բժիշկներու գերազանցութեան, բժշկական բարձր մակարդակին, հմտութեան, դիրքերուն եւ պաշ-տօններուն նկատմամբ:
Նահատակուած բժիշկներէն եւ դեղագործներէն անկախ, եղած են մեծ թիւով հայ բժիշկներ, դեղագործներ եւ բուժաշխատողներ, որոնք պատերազմի, տեղահանութեան եւ ցեղասպանութեան պատճառով կորսնցուցած են իրենց ընտանիքի անդամները եւ հարազատները, պապենական կալուածներն ու տուները, ինչքն ու հարստութիւնը, եւ մազապուրծ փախչելով՝ ապաստան գտած են հարեւան երկիրներու մէջ: Հետագային, անոնք ցրուած են աշխարհի չորս ծագերը եւ մաս կազմած են այսօրուան տխուր իրողութիւնը հանդիսացող ՍՓԻՒՌՔ-ին: Անոնց մէկ մասը իր վախճանը գտած է օտար ափերուն կամ ձուլուած է տեղաբնակ ժողովուրդներու մէջ:
Եղած են նաեւ մեծ թիւով հայ բժիշկներ, դեղագործներ, ատամնաբուժներ, որոնք ձերբակալուած են ու բանտարկուած՝ Չանղըրըի եւ Այաշի բանտերուն մէջ, ենթարկուած են տաժանակիր չարչարանքներու, սակայն բախտի բերմամբ ազատած են ստոյգ մահէն: Անոնք վերադարձած են Պոլիս եւ վերապրած են: Անոնք բոլորն ալ ծառայած են օսմանեան բանակին մէջ: Եղած են անուանի բժիշկներ եւ հանրածանօթ ազգային-հասարակական գործիչներ, կուսակցականներ եւ մտաւորականներ: Վերապրողներէն շատերը հեռացած են Թուրքիայէն եւ հաստատուած են հայկական հեռաւոր գաղթօճախներ, ուր իրենց նիւթական եւ բարոյական օժանդակութիւնը բերած են տեղւոյն հայերուն:
Այս ուսումնասիրութենէն ի յայտ եկած էր, հետեւեալ վիճակագրական արդիւնքները, որոնք պատահած էին Հայկական Ցեղասպանութեան ընթացքին.
1. Նահատակուած են 198 բժիշկ, 16 ատամանաբուժ, 100 դեղագործ եւ 2 անասնաբուժ: Նահատակուողներուն ընդհանուր թիւը եղած է 316:
2. Ժանտախտէ մահացած են 54 բժիշկ, 4 ատամնաբուժ եւ 21 դեղագործ: Ժանտախտէ մահացածներուն ընդհանուր թիւը եղած է 79:
3. Վերապրած են 71 բժիշկ, 17 դեղագործ, 7 ատամնաբուժ եւ 2 անասնաբուժ: Վերապրողներուն ընդհանուր թիւը եղած է 97:
Վերոյիշեալ գիրքի հրատարակութենէն ետք, երկու տարի շարունակեցինք մեր պրպտումները եւ կարողացանք գտնել նահատակուած մէկ բժիշկի եւ մէկ անասնաբուժի, վերապրած 87 բժիշկներու, 22 ատամնաբուժներու եւ 37 դեղագործներներու անունները, ընդհանուրը՝ 146 վերապրող: Այս վիճակագրական տեղեկութիւնները մանրամասնօրէն որպէս յաւելուած յիշած ենք 2022-ի սկիզբը մեր հրատարակած «Բժիշկին Զ. խօսքը» հատորին մէջ:
Ուրեմն Հայկական ցեղասպանութենէն վերապրող բժիշկներուն, ատամնաբուժներուն եւ դեղագործներուն ընդհանուր թիւը հասած էր 243-ի:
Անցնող երկու տարուայ ընթացքին յաւելեալ պրպտումներոով գտած ենք վերապրող 35 բժիշկներու, 2 ատամնաբուժներու եւ մէկ դեղագործի անունները եւ կենսագրութիւնները, ընդհամէնը՝ 38: Ուրեմն մեր ուսումնասիրութիւններուն հետեւելով կրնանք ըսել որ վերապրող բժիշկներուն, ատամնաբուժներուն եւ դեղագործներուն ընդհանուր թիւը կ’ըլլայ 281:
Այս 38 վերապրողներն են՝ Այվազեան Կարապետ, Ասլանեան Գրիգոր, Արաբեան (Արապեան) Երուանդ, Աքսարալեան Նազարէթ, Բերբերեան (Պէրպէրեան) Սարգիս, Բոնապարտեան (Պոնափարթեան) Խաչատուր, Գազանճեան Վարազդատ, Գալֆայեան Պեռնարտ, Թոփալեան Վարդան, Խրլոբեան Երուանդ, Կէրկէրեան Գէորգ, Կէրկէրեան Օննիկ, Մանուէլեան Երուանդ, Մանուկեան Անդրանիկ, Յովսէփեան Մովսէս, Չաղլաս-եան Հրանդ, Չաւուշեան Անդրանիկ, Չպլաքեան Յարութիւն,Չիւրիւքեան Վահէ, Պարոնեան Մարտիրոս, Պետրոսեան Յովսէփ, Պիւլպիւլեան Արթուր, Պօղոսեան Խաչիկ, Սավլեան Յովհաննէս, Սուքիասեան Սուրէն, Վարվառեան Հայկ Վարվառ-եան, Վարդապետեան Գարեգին, Վարժապետեան Տիգրան, Տագէսեան Միսաք, Փասքալ Վահան, Փօթուքեան Վահրամ, Քաջեան Ազատ, Քասունի Տիգրան, Քէլիք-եան Համբար-Համբարձում,. Քիւփելեան Ներսէս, Գ. Խանդամուր, Փիլաւճեան Խաչատուր, Պասմաճեան Կարապետ:
Այս ցանկէն հերթաբար պիտի ներկայացնենք մեր մամուլին միջոցաւ խումբ մը վերապրողներու կենսագրութիւնները յառաջիկայ չորս ամիսներու ընթացքին:
Այսօր կը ներկայացնենք Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրող բժիշկ Գրիգոր Ասլանեանի ամփոփ կենսագրութիւնը՝

Բժիշկ Գրիգոր Ասլանեան ծնած է 1859-ին: Հայրական մականունը եղած է՝ Մու-րատեան, սակայն յետագային Գրիգոր ընդունած է իր քեռիին՝ Ստեփան Փաշա Արսլանեան/Ասլանեանի ազգանունը: Ասլանեան գերդաստանը ունեցած է անուանի 12 բժիշկներ:
Ան աւարտած է Կ. Պոլսոյ Կեդրոնական վարժարանը:
1884-ին աւարտած է Կ. Պոլսոյ Կայսերական զինուորական բժշկական բարձրագոյն վարժարանը եւ ստացած է բժիշկի կոչում եւ հարիւրապետի աստիճան:
1884-97 ծառայած է Էտիրնէ քաղաքի զինուորական հիւանդանոցը:
1897-1907 ծառայած է Կ. Պոլսոյ Մալթեփէ թաղամասի զինուորական հիւանդանոցը:
1907-1908 ծառայած է Եմէնի մէջ:
1908-ին սահմանադրութեան հռչակումէն ետք ստացած է հազարապետի աստիճան եւ նշանակուած է Կ. Պոլսոյ Եըլտըզ թաղամասի Նշանճի արքունի զինուորական վաշտի բժիշկ:


Մէկ տարի ծառայած է Ալպանիոյ մէջ եւ կատարած է ժողովուրդէն զէնք հաւաքելու պարտականութիւնը: Վերադառնալէ ետք ղրկուած է Պաղտատ եւ 3.5 տարի ծառայած է տեղւոյն զինուորական հիւանդանոցին մէջ որպէս գլխաւոր բժշկի տեղակալ:
1914-ին անցած է կենսաթոշակի:
Նոյն տարին ուղարկուած է Պասրա եւ աշխատած է որպէս քաղաքապետարանի բժիշկ:
1915-18 ծառայած է Պասրայի զինուորական հիւանդանոցի իբրեւ գլխաւոր բժշկա-պետ:
4 տարի Պասրայի մէջ ապրած է իբրեւ պատերազմական գերի: Հոն իրեն յանձնուած է ոչ փոխադրութեան ենթակայ հիւանդներու բուժումն ու խնամքը:
1918-ին պատերազմի աւարտին վերադարձած է Կ. Պոլիս եւ վերջնականապէս ան-ցած է կենսաթոշակի:
Պարգեւատրուած է 4րդ աստիճանի Օսմանիէ եւ 4րդ աստիճանի Մեճիտիէ պատուանշաններով եւ «Հիճազի» ու «Լիաքաթ» մետալներով:
Մահացած է 1934 Նոյեմբեր 3-ին Կ. Պոլիս:

Աղբիւրներ՝
1. Մինասեան, Յարութիւն, բժիշկ, «Հայազգի բժիշկ գործիչներ» Երեւան, 2020:
2.Մինասեան, Յարութիւն, Օսմանեան կայսրութիւնում, Թուրքիոյ հանրապետութիւնում, եւ հարակից տարածքներում բռնաճնշումների եւ Ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ բժիշկներ, Երեւան 2014.

 

 

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button