ԿիզակէտՅօդուածներ

Ակնարկ․- Նորընտիր Նախագահ Թրամփի Լուծո՞ւմը Կազայի Մարդկային Ողբերգութեան –  Ցեղասպանութեան Շարունակութիւնը՝ Կազան Բնիկ Ժողովուրդէն «Մաքրել Ամբողջութեամբ» «clean out the whole thing»

 

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

28 Յունուար 2025

haroutchekijian.wordpress.com

Երկու օր առաջ, 26 յունուար 2025-ին, նախագահ Թրամփ օդանաւին մէջ թղթակիցներուն եւ տեսախցիկներուն առջեւ, ամենայն պաղարիւնութեամբ Կազայի բնակչութեան տեղահանութեան եւ ցեղային մաքրագործումի իր մտադրութիւնը յայտնեց:

«Մենք կը խօսինք շուրջ մէկուկէս միլիոն ժողովուրդի մասին, որոնց բոլորովին կը մաքրենք»… Նախկին շինարարութեամբ զբաղող նախագահը հիացմունքով արտայայտուեցաւ Կազայի ծովեզերեայ դիրքին եւ կլիմային, ուր հիանալի ծրագիրներ կարելի է կառուցել… ըսաւ ան (1): «Պարզապէս շուրջ մէկուկէս միլիոն ժողովուրդ Յորդանան եւ Եգիպտոս կը ղրկենք…»։

Իսրայէլի կողմէ Կազայի բնակուած թաղամասերու բնաջնջումը:

Նոյն օրը Թրամփ կը վերցնէ նախորդող նախագահ Պայտընի ժամանակաւոր արգելքը՝ ամենէն կործանիչ ամբողջ թաղամասեր կործանող 2000 լիպրա ռումբերուն առաքումը Իսրայէլին (2)… Ինչո՞ւ համար են այդ ռումբերը… Ամերիկացիները կ՚ըսեն՝ հրթիռի գիտնական ըլլալու պէտք չկայ որ կռահենք: Կանգուն մնացած թաղամասերն ալ քանդելու համար:

Որպէսզի Թրամփին նման մարդիկ հասկնան թէ ի՛նչ կ՚ընեն, օրինակով մը բացատրեմ իրեն. Երկրի մը նախագահը Ֆլօրիտայի նկարները տեսնելով հիացեր է անոր կլիմային ու ծովեզերքին, եւ այդ շրջանի մէկուկէս միլիոն բնակիչները, առանց իրենց կարծիքը առնելու, ամենամօտ դրացիին՝ Քուպա կը ղրկէ եւ ֆլօրիտայի շինութիւնները 2000 լիպրա ռումբերով գետնին կը հաւասարեցնէ, որպէսզի իր ճաշակով ծրագիրներ կառուցէ…

Պայտըն, Թրամփ, Նեթանեահու, Էրտողան եւ Ալիեւ անմարդկային արիւնարբու հրէշներ են որոնց համար ուրիշին երազը, տունը, հայրենիքը, մշակոյթը, ընտանիքը, ծերերը, կիներն ու երեխաները կարելի է փճացնել:

Այս բոլոր, քանի որ նախընթացը՝ Թուրքիոյ կողմէ մէկուկէս միլիոն հայերուն ցեղասպանութիւնը 110 տարի է անպատիժ կը մնայ:

 

  1. https://edition.cnn.com/2025/01/25/politics/trump-gaza-strip-jordan-egypt/index.html
  2. https://www.reuters.com/world/us/white-house-makes-2000-pound-bombs-available-israel-undoing-bidens-pause-2025-01-25/

 

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button