Աւելի քան 12տարի փակ մնալէ ետք, Հալէպի մէջ թրքական հիւպատոսարանը վերաբացաւ իր դռները՝ պաշտօնական արարողութեան մը ընթացքին, որուն ներկայ գտնուեցան Դամասկոսի մէջ թրքական պետական գործերու ժամանակաւոր յանձնակատար Պուրհան Քէօրողլուի, Հալէպի մէջ թուրք հիւպատոս Հաքան Ճենկիզի եւ այլ դիւանագէտներու եւ պաշտօնատարներու ներկայութեամբ։ Տեղին է նշել ,որ Դամասկոսի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատունը իր դռները վերաբացաւ անցեալ ամիս՝ նախկին վարչակարգին տապալումէն քանի մը օր ետք։
Քէօրօղլու յայտարարեց ,որ Թուրքիա պիտի նպաստէ Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ զարգացման, Սուրիոյ իսկական տէրերուն հետ անկեղծ յարաբերութիւններ հաստատելով։ Ան շեշտեց ,որ Թուրքիա իր կարելին պիտի ընէ, որպէսզի Թուրքիա ապաստանած սուրիացիները իրենց հայրենիքը վերադառնան։
*
Կը նախատեսուի, որ Թուրքիա եւ Միացեալ Նահանգներ կեդրոնանան իրենց միջեւ յարաբերութիւններու սերտացման, առեւտուրի, ուժանիւթի եւ պաշտպանութեան մարզերուն մէջ։ Անցեալ տարի, երկկողմանի առեւտուրը բարձրացած է 50 առ հարիւրով՝ բաղդատած 2020 տարեշրջանին հետ, հասնելով 32.5 միլիառ տոլարի։
Թուրքիա կը ջանայ Միացեալ Նահանգներու հետ առեւտուրը տարեկան հասցնել 100 միլիառ տոլարի։ Երկկողմանի ներդրումներն ալ իրենց որոշ դերակատարութիւնը պիտի ունենան՝ թուրքեւամերիկեան տնտեսական գործակցութեան խորացման մէջ, նկատի ունենալով, որ աւելի քան երկու հազար թրքական տնտեսական հաստատութիւններ ամերիկեան ներդրումներ ունին։
Փոխադրութեան մարզը իր կարգին յատկանշական դերակատարութիւն ունի։ Թրքական օդանաւային ընկերութիւնը որոշած է այս տարի իր թռիչքները բազմապատկել:
Ըստ Թուրքիոյ առեւտուրի նախարար Օմէր Պոլաթի, կը նախատեսուի, որ կերպասեղէնի տուրքերը նուազին եւ վերացուի մետաղի արտածման դէմ սահմանափակումները։
*
Լիպիա կը համարէ, որ Թուրքիա իր թիւ մէկ ռազմավարական եւ առեւտրական գործընկերն է՝ ենթակառոյցներու, քարիւղի ճարտարարուեստի, ուժանիւթի, առողջապահութեան եւ տնտեսութեան մարզերուն մէջ, յայտարարեց տնտեսութեան նախարար Մոհամէտէլ Հուայի։ «Այս մարզերուն մէջ Թուրքիոյ փորձառութիւնը մեծ է եւ մենք պիտի ջանանք օգուտներ քաղել այս իրողութենէն», ըսաւ ան։
Թուրքիա եւ Լիպիա կ՛աշխատին կնքել ազատ առեւտուրի համաձայնագիր մը՝ ներդրումները քաջալերելու նպատակով։Երկու երկիրներն ալ անդամ են Իսլամական Համագործակցութեան Կազմակերպութեան։Անոնք նաեւ կը ջանան վերացնել կրկնակի տուրքերու համակարգը իրենց միջեւ։
Լիպիական իշխանութիւնները կը նախատեսեն, որ Թուրքիա իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ քարիւղի արտահանման, զտման, քարիւղաքիմիական աշխատանքներու եւ քարիւղի մատակարարման աշխատանքներուն։
*
Թուրքիոյ Պոլու շրջանին մէջ գտնուող հանգստարանին մէջ ծագած հրդեհին զոհ գացին 74 անձեր եւ բազմաթիւ ուրիշներ վիրաւորուեցան։ Շատեր ստիպուեցան պատուհաններէն դուրս ցատկիլ՝ հրդեհէն փրկուելու համար։ Հրդեհը բռնկեցաւ ճաշարանին մէջ, կէս գիշերին, երբ հանգստարանին մէջ 238 անձեր կը գտնուէին։ Տեղին է նշել, որ Հայաստան միացաւ այլ պետութիւններու եւ ցաւակցութիւն յայտնեց թրքական իշխանութիւններուն՝ հրդեհին զոհերուն համար։
*
Թուրքիա- Շուէտ սակարկութիւններուն իբրեւ արդիւնք Սթոքհոլմի իշխանութիւնները որոշեցին չզօրակցիլ քրտական կազմակերպութիւններուն եւ ՖԵԹՕ-ի, որ Ռեճէփ Էրտողանի հակառակորդ Ֆեթհիւլլա Կիւլէնի կազմակերպութիւնն է։
Թուրքիա վերջերս հաւանութիւն տուած էր Շուէտի ՆԱԹՕ-ի անդամակցութեան, փոխարէնը ակնկալելով, որ Սթոքհոլմ դադրեցնէ Քիւրտ Աշխատաւորական կուսակցութեան եւ անոր սուրիական հատուածին իր զօրակցութիւնը։
Անգարայի մէջ բանակցութիւններէ ետք տրուած մամլոյ միացեալ ասուլիսին ընթացքին Շուէտի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարներ՝ Մարիա Մալմէր Սթեներկարտ եւ Հաքան Ֆիտան շեշտեցին գործակցութեան կարեւորութիւնը, մինչ Սթեներկարտ հրապարակաւ յայտարարեց, որ Սթոքհոլմ կը դադրեցնէ իր զօրակցութիւնը՝ քրտական կազմակերպութիւններուն, ընդառաջելով թուրքերուն պահանջին։