Յօդուածներ

Դաշնակցական Երիտասարդութիւնը Անգամ Մը Եւս Կը Հասնի Հայութեան

ԿԱՐԷՆ ՇԱՀԷ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

Յունուար 15, 2025

Քրիստոսի Ս. Ծննդեան տօնէն լոկ երկու օր ետք Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներուն մէջ բռնկեցաւ ահռելի եւ բոլորովին նախատեսելի հրդեհ մը: Հրդեհներու շարանը սկսաւ արեւածագին, կարծես ամբողջական մաս մը ըլլար արեգակի բոցերուն: Մինչեւ օրս` 15 յունուարին, կը տեսնենք նոր հրդեհներ, որոնք մէկ կողմէ` կը մարին, իսկ միւս կողմէ` կը բազմանան եւ կ՛ընդարձակին:

Քալիֆորնիա նահանգը այս մէկ շաբթուան ընթացքին ականատես եղաւ ընդհանուր 30 հրդեհներու, որոնք կուլ տուին հեկտարներով տարածքներ եւ խլեցին տասնեակ զոհեր: Մինչեւ օրս 3 շրջաններ տակաւին կ՛այրին: Անոնցմէ երկուքը ունին աշխուժ հայահոծ կեդրոններ: Աղէտները ունին անուանումներ` «Փալիսէյծ», «Իթըն» եւ «Հըրսթ», որոնք յաջորդաբար կը գտնուին Մալիպուի, Փասատինայի եւ Սան Ֆերնանտօ Հովիտի շրջաններուն մէջ: Ան, որ որոշ չափով ծանօթ է, կը հասկնայ, թէ այս շրջաններէն վերջին երկուքին մէջ որքա՜ն հայեր կը բնակին եւ կը գործեն:

Եւ այնպէս, ինչպէս նախօրօք փաստուած էր, Միջին Արեւելքի մէջ եւ այլուր անցած 134 տարիներուն ընթացքին, կայ հայ ժողովուրդին հասնող մէկ գերագոյն կուսակցութիւն` Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը: Կուսակցութեանս անդամները եւ անոր երիտասարդութիւնը միակներն են, որոնք վերջ կու տան այդ անվերջ խօսակցութիւններուն, երբ ժողովուրդը գետնի վրայ գործ կը պահանջէ: Եւ երբ պէտք եղաւ լքել ընտանիք, տուն տեղ` հասնելու համար հայութեան եւ հայկական համայնքին պահանջներուն, երբ պէտք եղաւ ծառայել հայ ազգի զաւակներուն, տատիկներուն եւ պապիկներուն, գետնի վրայ միայն ներկայ էին Հայ երիտասարդաց դաշնակցութեան տղաքն ու աղջիկները:

Հայ երիտասարդաց դաշնակցութեան էջերուն վրան կարելի է գտնել պաշտօնական թիւերը իրենց մատուցած օժանդակութիւններուն մասին: Այս սուրբ կազմակերպութիւնը օգնած է առաւել քան 600 տուժած ամերիկահայ ընտանիքներու` ապահովելով եւ բաշխելով աւելի քան 5 թոն նուիրատուութիւն` ջուր, ուտեստեղէն, կահ-կարասի եւ հագուստեղէն: Անոնք շրջեցան առաւել քան 80 ամերիկահայ տուներ` բաժնելով պահածոյ ճաշեր եւ շիշերով ջուր: Այս բոլորին կողքին, անոնք նոյնիսկ հասան հրշէջներուն եւ շտապ օգնութեան մասնագէտներուն` մատակարարելով ուտելիք ու փոխանցելով խանդավառութիւն:

Փա՛ռք եւ պատիւ մեր երիտասարդութեան: Անգամ մը եւս անոնք բոլորին փաստեցին, որ հայութեան միակ փրկութիւնը մեր երիտասարդութեան մէջ է: Մեր միակ փրկութիւնը Հայ երիտասարդաց դաշնակցութեան ընկերներ-ընկերուհիներուն ընդմէջէն է: Ուրեմն խօսքս կ՛ուղղեմ բոլոր այն մարդոց, որոնք իրենք զիրենք կը փառաբանեն եւ կը պատուեն` ըսելով. «Այս դարուն երիտասարդութիւնը կորսուած է: Մեր ատեն տարբեր էր: Մեր ատեն կար յարգանք, կրթութիւն եւ դաստիարակութիւն: Այսօրուանները շեղած են»: Բոլոր անոնց կ՛ըսեմ` տեսէ՛ք, դիտեցէ՛ք ու վայելեցէ՛ք երիտասարդութեան ուժը: Տեսէ՛ք, որ անոնք ունին նոյն կրթութիւնը եւ մարզումը, զորս ունէիք դո՛ւք` ձեր օրերուն: Հասկցէ՛ք, որ փոխուած է միջոցը եւ ոչ` կամքն ու ամրակուռ հաւատքը: Ընդունեցէ՛ք, որ Դաշնակցութիւնը եւ դաշնակցական գաղափարը տակաւին կը գոյատեւեն եւ կը մաքառին աշխարհի խառնուրդին մէջ` հսկայական ալիքներուն դէմ, անոնց գլխուն վրայ կը ծածանի Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան վրէժխնդրութեան կարմի՛ր դրօշակը եւ գաղափարախօսութիւնը` անոր հիմնադիր սուրբ առաքեալներուն, որոնք կը կոչեն` «Մահ կամ ազատութիւն»:

 

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button