Highway 401-ին Վրայ (Վրէժ-Արմէնի Հետքերով)

Ռուբէն Խաժակ
Կը փորձեմ գծագրել
Յիշողութեանս մէջ
Highway 401-ի անվերջ ճամբան,
Որուն վրայ դուն կը քշես տակաւին:
Խմբագրատան լոյսերը վառ էին միշտ,
Ինչպէս մայրուղիին լոյսերը,
Ու ինչպէս հիմա՝ քու բառերդ
Կը լուսաւորեն մեր ճամբան։
Քանի՜-քանի՜ անգամ անցար այս ճամբէն,
Խմբագրականներդ գրելով մտքիդ մէջ`
Մինչ գիշերային ձիւնը կը պարէր
Լուսարձակներուն տակ։
Թորոնթօ-Մոնթրէալ. հինգ ժամ երկարող
Այս ճամբան, որ անգիր գիտէի,
Այսօր միայն յիշողութիւն է արդէն։
Այժմ Երեւանը կը դիտեմ պատուհանէս,
Մինչ դուն կը շարունակես քու յամառ ճամբորդութիւնդ
Երկու քաղաքներու միջեւ,
Երկու սերունդներու միջեւ,
Երկու աշխարհներու միջեւ։
Քու գրիչդ կը հիւսէ կամուրջներ`
Աւելի ամուր քան պողպատէ կառոյցները Highway 401-ի,
Եւ ես, հեռուէն, կը սորվիմ տակաւին
Թէ ինչպէս ճարտարապետը կը դառնայ բառերու վարպետ,
Ինչպէս հայրենասէրը կը դառնայ անխոնջ ուխտաւոր։
Ձմրան գիշերներուն, երբ այս քաղաքը կը քնանայ,
401-ի վրայ դեռ լոյսեր կը վառին.
Ահա՛ խմբագիրը կ՚անցնի,
Ահա՛ ճարտարապետը կը նախագծէ,
Ահա՛ մշակը կը մշակէ
Վաղուան արշալոյսը։
Ես թողուցի այդ ճամբան, բայց ան չթողուց զիս.
Ամէն առաւօտ քաղաքը կը դիտեմ,
Կը յիշեմ խօսքերդ՝
«Այլապէս ի՞նչ իմաստ ունին այս ժողովները,
Այս «զոհողութիւնները»»։
Զոհողութիւն, այո, բայց առանց չակերտի․
Սէր անսակարկ, անվերջ,
Ինչպէս սէրդ՝ հանդէպ լեզուին,
Հաւատքդ՝ հանդէպ մեր գոյատեւման։
Highway 401-ը կը մնայ յաւերժօրէն
Որպէս վկան անոնց՝
Որոնք իրենց կեանքը դարձուցին կամուրջ
Երկու աշխարհներու միջեւ։
Եւ դուն,
Վրէժ-Արմէն,
Անոնց մէջ՝
Ճարտարապետ մը, որ կառուցեց
Ո՛չ թէ լոկ շէնքեր, այլ՝
Սերունդներու անխախտ հոգեւոր կամուրջներ։
***