ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՇՈՒՐՋ
Ատրպէյճանի մէջ նորանշանակ դեսպան Պիրոլ Աքգիւն X կայքէջին վրայ կատարած իր գրառման մէջ նշեց, որ իր նպատակն է աւելի խորացնել թուրքեւատրպէյճանական յարաբերութիւնները։«Եղբայրական յարաբերութիւններու առաւել զարգացման պիտի նպաստեմ՝ մէկ ազգ, երկու պետութիւն սկզբունքին հիմամբ», կը գրէ ան։ Ագքիւն նախապէս ղեկավարած է Թուրքիոյ կրթական հիմնադրամը։ Անոր պաշտօնավարութեան օրերուն կրթական համակարգին մէջ պայթած էր գայթակղութիւն մը, մօտաւորապէս 17 միլիոն տոլարի վատնման կասկածով։ Այս գործով սկսած դատավարութիւնը տակաւին կը շարունակուի։
Պիրոլ Ագքիւն Փետրուարին Պաքու պիտի ժամանէ եւ ստանձնէ իր պաշտօնը։
*
Թուրքիա եւ Ատրպէյճան նշեցին իրենց միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 33 ամեակը, որուն առիթով Պաքուի մէջ թրքական հիւպատոսարանը դեսպանատան վերածուած էր 33 տարի առաջ։ Այնուհետեւ թուրքեւատրպէյճանական յարաբերութիւնները ապրեցան զարգացման փուլ մը, վերածուելով երկու դաշնակիցներու, որոնք յատկապէս Հարաւային Կովկասի մէջ վարեցին երկու ազգ, մէկ պետութիւն նշանաբանը, հզօրացնելով տնտեսական, ռազմական,քաղաքական թէ այլ մարզերու մէջ իրենց միջեւ գործակցութիւնը։
Այս առիթով Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան այցելեց Պաքու, ուր խորհրդակցութիւններ ունեցաւ Իլհամ Ալիեւի, իր պաշտօնակից Ճէյհուն Պայրամովի եւ այլ պատասխանատուներու հետ։ Քննարկուեցան թուրքեւատրպէյճանական յարաբերութիւնները առաւել ամրապնդելու հեռանկարները։
*
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան յայտարարեց, որ Թուրքիա ուժ, կարողութիւն եւ ամէնէն կարեւորը վճռականութիւն ունի իր գոյութեան սպառնացող բոլոր վտանգները չէզոքացնելու համար։ Ան կ՛ակնարկէր Սուրիոյ մէջ գործող քրտական ուժերուն, որոնց կ՛աջակցին Միացեալ Նահանգներ եւ Ֆրանսա։ Ըստ Ֆիտանի, Քրտական Աշխատաւորական Կուսակցութեան եւ անոր սուրիական մասնաճիւղերուն վերջաւորութիւնը հորիզոնի վրայ երեւելու սկսած է։
Թուրքիոյ դիւանագիտութեան պետը շեշտեց, որ Անգարայի իշխանութիւնները միայն կը խօսին Միացեալ Նահանգներու հետ՝ Սուրիոյ հիւսիս արեւելեան շրջաններուն մէջ արձանագրուող զարգացումներու հարցով։ Անգարա կը սպառնայ այս շրջաններուն մէջ զինուորական գործողութիւններ կատարել։«Մենք մտադրութիւն չունինք Սուրիոյ շրջաններ գրաւելու», աւելցուց ան։
Իսկ ինչ կը վերաբերի Ֆրանսայի, ապա Ֆիտան նկատել տուաւ, որ Անգարա կ՛անտեսէ այն ուժերը, որոնք թաքնուելով Միացեալ Նահանգներու ետին, Սուրիոյ մէջ սեփական շահեր կը հետապնդեն։
*
Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարներ՝ Սերկէյ Լաւրով եւ Հաքան Ֆիտան հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին քննարկեցին Ուքրանիոյ եւ Սուրիոյ իրավիճակները եւ շեշտեցին ուժանիւթային տագնապ ստեղծելու կարողութիւնը ունեցող ռիսքերու չէզոքացման կարեւորութիւնը։
Ինչ կը վերաբերի Սուրիոյ, ապա Լաւրով եւ Ֆիտան շեշտեցին ազգային երկխօսութեան ստեղծման կարեւորութիւնը՝ Սուրիոյ քաղաքական բոլոր կողմերուն եւ արտաքին դերակատարներու մասնակցութեամբ, որոնք կարողութիւնը ունին նպաստելու համապատասխան համաձայնութիւններու հաստատման։