«ՄԻՒԶԻՔԸԼ ԱՐՄԻՆԻԱ»-Ի 40-ՐԴ ՏԱՐԵԿԱՆ ՀԱՄԵՐԳԸ՝ ՄԱՐՏ 9-ԻՆ
Կիրակի, Մարտ 9-ին, տեղի պիտի ունենայ Ազգային Առաջնորդարանի «Միւզիքըլ Արմինիա» ծրագրի 40-րդ տարեկան համերգը, Նիւ Եորքի Քարնըկի Հոլի «Ուէյլ» համերգասրահին մէջ։ Այս տարուան համերգին մաս պիտի կազմեն նորարար երգահան ու դաշնակահար Առնօ Մելքոնեան եւ խոստմնալից դաշնակահար Վարդան Առաքելեան։
Անոնց պիտի ընկերակցին երաժիշտներ Անալունա Շահին (ջութակ), Ալիա Շին (ջութակ), Մինճուն Սէօ (ջութակ), Տէվին Քանոլի (թաւջութակ) եւ Ալիրեզա Խոտայարի (թառ)։
«Միւզիքլ Արմինիա» հաստատուած է 1982-ին Թեմի նախկին Առաջնորդներէն՝ լուսահոգի Մեսրոպ Արք. Աշճեանի, եւ Առաջնորդարանի Տիկնանց Միութեան կողմէ։ Անոր նպատակն է քաջալերել երիտասարդ հայ արուեստագէտներ եւ հայ երգահաններու երաժշտութեան կատարումը։ Վերջին քառասնամեակին, ծրագրի մեկնաբաններէն շատերը յաջող դէմքեր դարձած են իրենց ասպարէզին մէջ։
Առնօ Մելքոնեան ծնած է Երեւան եւ ապրած՝ Միջին Արեւելքի եւ հարաւարեւելեան Ասիոյ մէջ։ Անոր ստեղծագործութիւնը կը միախառնէ ուշ վիպապաշտ շրջանի երաժշտութիւնը փոփ, ճազ եւ հայկական ժողովրդական երաժշտութեան ու երգի ազդեցութիւններու հետ։ Ներկայիս կ՚ուսանի Պոսթընի «Պըրքլի» երաժշտական գոլէճին մէջ։
Վարդան Առաքելեան սկսած է դաշնակի դասերու 4 տարեկանին Լիլիթ Կարապետեան-Շուգարեանի հետ։ Մասնակցած ու բարձր մրցանակներու արժանացած է միջազգային մրցոյթներու մէջ։ Ներկայիս երկրորդականի 3-րդ տարուան աշակերտ է Քէյմպրիճի (Մասաչուսէց) «Պաքինկհէմ Պրաուն – Նիքըլզ» դպրոցին մէջ։
Յայտագրին մաս պիտի կազմեն Պախի, Պէթհովէնի, Շոփէնի, Շումանի, Առնօ Բաբաջանեանի եւ Առնօ Մելքոնեանի գործերը։
Տոմսակներուն գիները 35 եւ 25 տոլար են։ Տոմսակներու համար կարելի դիմել Քարնըկի Հոլին, հեռաձայնելով 212-247-7800 թիւին կամ այցելելով www.carnegiehall.org կայքէջը։ Համերգի հովանաւոր դառնալու համար, դիմել Ազգային Առաջնորդարանին հեռաձանելով 212-689-7810 թիւին կամ գրելով sophie@armenianprelacy.org հասցէին։