ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ԳՈՐԾԸՆԿԵՐՈՒԹԻ՞ՒՆ, ԹԷ՞ ԱՆՏԱՌԻ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ
«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական
Անտեսելի կէտ չէ, որ Միացեալ Նահանգներ-Հայաստան ռազմավարական գործընկերութեան փաստաթուղթը ստորագրուեցաւ նախագահ Պայտընի շրջանաւարտ վարչակազմին հետ, որ քանի մը օրէն իշխանութեան գրասենեակներու բանալին պիտի յանձնէ Թրամփի վարչակազմին։
Ամերիկեան կողմէն ստորագրողին՝ արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի հրաժեշտով, այս փաստաթուղթը կը մնայ ի զօրու, իր զանազան ոլորտներով՝ տնտեսական, առեւտրային, փոխադրութեան եւ ուժանիւթի համագործակցութիւն, պաշտպանութիւն եւ անվտանգութիւն, ժողովրդավարութեան, արդարադատութեան եւ ներառման ամրապնդում եւ մարդկային կապերու ու մշակութային փոխանակումներու խթանում։
Համաշխարհային անվտանգութեան առումով, եւ ընդհանուր յանձնառութեան ոգիով, Հայաստան մտադիր է միանալ միջազգային ահաբեկչութեան դէմ պայքարին, հաւատալով, թէ համատեղ գործողութիւնները էական նշանակութիւն ունին այս գործին մէջ։
Առաջին հարցումը հետեւեալն է. այս բոլորը ինչպէ՞ս պիտի ընկալէ նոր վարչակազմը։ Կրկնենք «քլիշէ» խօսք մը. ապագան ցոյց պիտի տայ…: Իսկ երկրորդ հարցո՞ւմը. Ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ոլորտը կ’ընդգրկէ՞ Թուրքիոյ հովանաւորած ահաբեկիչներն ու նոյնինքն ահաբեկիչ Ատրպէյճանը…: Կարելի է հարցումներու ցանկը շարունակել:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտնեց, թէ Հայաստան պատրաստակամ է գործակցելու Ուաշինկթընի նոր վարչակազմին հետ, եւ սա ողջունելի է բնականաբար։ Կարեւորը՝ դիմացի կողմին դիրքորոշումն է, կամ աւելի ճիշդը՝ յանձնառութիւնը գործադրութեան դնելն է։
Թրամփի վարչակազմին գործի անցնելէն ետք, կը նախատեսուի, որ Ուաշինկթընէն մաքսային եւ սահմանային պարեկային խումբ մը պիտի ուղարկուի Հայաստան՝ աշխատելու համար սահմանային անվտանգութեան կարողութիւններու զարգացման ուղղութեամբ։ Չմոռնանք, որ նման գործեր կ’ընէին ռուսերը…: Մինչ այդ, յստակ է, որ լայն առումով տարածաշրջանէն ներս, Թրամփի կիզակէտն է Ուքրայինայի հիմնահարցի լուծումը, մնացեալը երկրորդական է, առայժմ թղթածրարին վրայ գոյութիւն չունի։
Զուգահեռաբար, Եւրոմիութիւն-Հայաստան մերձեցման աշխատանքներն ալ կը շարունակուին։ Եւրոպական Միութիւնը մանրամասնօրէն կ՛ուսումնասիրէ Հայաստանի անդամակցութեան հաւանական դիմումը: Այս հեռանկարով, եւ ՔՊ-ականներու նախաձեռնութեամբ, օրէնքի նախագիծ մը պատրաստուած է եւ քննարկման համար՝ ուղարկուած է խորհրդարան: Աւելորդ չէ անմիջապէս նշել, որ Եւրոպական Միութեան անդամակցութիւնը, որքան ալ ցանկալի եւ լաւ հեռանկարներ բացող՝ ունի կտրելիք շա՜տ երկար ճամբայ, օրինական եւ այլ նախադրեալներու ամբողջացում (Հայաստանէն առաջ, բազմաթիւ երկիրներ տասնամեակներէ ի վեր շարքի կանգնած են), հետեւաբար, յիշելով Յովհաննէս Շիրազը, ըսենք. միայն ցանկութիւններով հարցեր չեն լուծուիր…
Մինչ այդ, Եւրոպական Միութիւնը անդուլ աշխատանք կը տանի, որպէսզի երկու տարիով երկարաձգուի Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Եւրոպական միութեան դէտերու առաքելութիւնը: Հոս ալ չմոռնանք, որ անոր ծիրը տարածուած է Եւրոպայէն անդին…
Յիշեցման կարգով մանրամասնենք Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան առաքելութիւնը։ Եւրոպացի դէտերուն պարտականութիւնն է մօտէն հետեւիլ սահմաններու վիճակին, դիտարկել եւ զեկուցել այդտեղ` գետնի վրայ Հայաստանի կողմէ հայ-ատրպէյճանական սահմանի կացութիւնը եւ օժանդակել՝ կարգաւորման քայլերու մէջ Եւրոպական Միութեան ջանքերուն: Ըստ տեղեկագրութեան, սահմանամերձ տարածքներուն մօտ զինեալ միջադէպերու թիւը զգալիօրէն նուազած է, արդիւնք մը, որ ձեւով մը կ’արդարացնէ անոնց ներկայութիւնը։
Անշուշտ այս դիտորդի առաքելութիւնը այդքան ալ «լաւ աչքով» չի դիտուիր Ռուսաստանի կողմէ, որուն արտաքին գործոց նախարարը՝ Սերգէյ Լաւրով կը պնդէ, թէ Հայաստանի մէջ տեղակայուած Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութիւնը ընդհանրապէս կը զբաղի արեւմտեան աշխարհի դաշինքներուն աչքին հետաքրքրական եղող հարցերով եւ նպաստ չի բերեր Հայաստանի շահերուն։
Աւելին՝ ան զարմանք կը յայտնէ, որ Արեւմուտքը հեռու է Կովկասեան բարձրաւանդակի գօտիէն, անոր աւանդութիւններէն եւ նոյնիսկ պատմութենէն, ուրեմն՝ յատկապէս անհասկնալի կը նկատէ, թէ Եւրոպական Միութեան առաքելութիւնը պիտի ապահովէ՞ Սիւնիքի անվտանգութիւնը:
Եւրոմիութեան անդամակցութեան գծով, շատ աւելի կարծր եւ կծու արտայայտութիւն մը ունեցաւ Ռուսաստանի փոխվարչապետը՝ Ալեքսէյ Օվերչուք, որ զգուշացման լուռ կոչ ուղղեց, մատնացոյց ընելով, որ Եւրասիական տնտեսական միութենէն հեռանալով եւ Եւրոմիութեան միանալով, Հայաստան պիտի դիմագրաւէ վիթխարի սղաճ, արտածումի անկում եւ տնտեսական լուրջ հարցեր։
Յառաջիկայ օրերուն, Հ․Հ․ արտաքին գործոց նախարար Ա. Միրզոյեան պիտի այցելէ Մոսկուա: Ըստ նախարարութեան, այցը ծրագրուած էր երկու ամիս առաջ։ Հոն ալ՝ այլ ռազմավարութիւն։
Լատինէրէն խորիմաստ խօսք մը կայ․ Homo homini lupus, այսինքն «Մարդը գայլ է այլ մարդու համար»։ Շա՛տ աւելի մտահոգիչ է, երբ գայլ-մարդուն դիմացինը ոչխար է…։