Հայ Դատի գրասենեակը կը փոխանցէ թէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսին մէջ յարգուեցաւ Սումկայիթի հայկական ջարդերու զոհերու յիշատակը: Այս առթիւ, հանդէս գալով Ա.Մ.Նահանգներու Ներկայացուցիչներու պալատէն ներս, Էն Իշու յայտարարեց« թէ բոլորը պէտք է յիշեն այդ ողբերգական օրերը եւ յարգեն հայկական ջարդերու զոհերու յիշատակը: Ինծի համար այդ անձնական հարց է: Իմ ընտանիքի անդամները փրկուեցան Օսմանեան կայսրութեան Հայոց Ցեղասպանութենէն: Երբ մենք կը դիտենք 1988ի Սումկայիթի դէպքերը« կը տեսնենք« որ պատմութիւնը կը կրկնուի: Պէտք է խստօրէն դատապարտել բռնութեան նման դէպքերը« յայտնեց Իշու:
Միւս կողմէ, Ֆրէնք Փալոն, քոնկրեսականներու ուշադրութիւնը հրաւիրեց 1988ի ողբերգական դէպքերուն վրայ« որոնց ընթացքին Սումկայիթի մէջ սպաննուեցան տասնեակ հայեր: եԱտրպէյճանի 450.000 հայ հաշուող համայնքը երկու օրուան ընթացքին ոչնչացուեցաւ այդ երկրի երեսէն: Ատրպէյճանական ղեկավարութիւնը իրականացուց էթնիքական զտումներ« հաստատեց Փալոն, որ աւելցուց թէ Սումկայիթի դէպքերու 23ամեայ տարելիցը կրկին կը յիշեցնէ Ա.Մ.Ն.ի՝ պատմական անարդարութեան մասին« որու հետ դէմ յանդիման եկած է հայ ժողովուրդը: ե1988ին Ատրպէյճանի մէջ հայերու զանգուածային ջարդեր տեղի ունեցան: Փետրուարին միայն Սումկայիթի մէջ երեք օրուան ընթացքին տասնեակ հայեր սպաննուեցան: Մօտ 14 հազար սումկայիթցի հայեր ստիպուեցան լքել քաղաքը«: