Լրահոս

Մուրատ Փափազեան Պարգեւատրուեցաւ Ֆրանսայի «Պատուոյ Լեգէոնի Ասպետ»-ի Մետալով

ՓԱՐԻԶ․- Դեկտեմբեր 2-ին Ֆրանսայի նախկին վարչապետ Կապրիէլ Աթալ «Պատուոյ լեգէոնի ասպետ»-ի շքանշան յանձնեց Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ եւ Ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեանին:

Շքանշանը Փափազեանին շնորհուեցաւ անոր առաւել քան քառասուն տարիներու գործունէութեան, ինչպէս նաեւ մասնագիտական յաջողութիւններուն համար:

Ձեռնարկին ներկայ էին շուրջ 300 հիւրեր, որոնց կարգին` բազմաթիւ քաղաքական գործիչներ, գործարարներ եւ Ֆրանսայի հայ համայնքի ներկայացուցիչներ: Հիւրերու շարքին էին` Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինիյ, Մարսէյի քաղաքապետ Պընուա Փայան, ինչպէս նաեւ` Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեան:

Նշենք, որ Մուրատ Փափազեան կարեւոր դեր ունեցած է եւ ունի Հայաստան-Ֆրանսա յարաբերութիւններուն մէջ եւ, ընդհանուր առմամբ, Ֆրանսայի մէջ հայկական պետականութեան շահերու պաշտպանութեան հարցերուն մէջ:

«Պատուոյ լեգէոնի ասպետ»-ի շքանշանը Ֆրանսայի ազգային շքանշան է, որ սահմանուած է Նափոլէոն Պոնափարթի կողմէ 19 Մայիս 1802-ին: Այս շքանշանով կը պարգեւատրուին Ֆրանսայի համար զանազան ոլորտներու մէջ մեծ ներդրում ունեցած անձեր:

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button