Հ.Օ.Մ.-Ը ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ Մ.Ա.Կ.-Ի ԿԱՆԱՆՑ ԻՐԱՎԻՃԱԿԻ ՔՆՆԱՐԿՄԱՆ 55-ՐԴ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎԻՆ

Հայ Օգնութեան Միութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը կը գտնուի Նիւ Եորք մասնակցելու համար Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Կանանց Իրավիճակի Քննարկման 55-րդ Խորհրդաժողովին, որուն բացումը տեղի պիտի ունենայ 22 Փետուարին: Խորհրդաժողովին կը մասնակցին ՄԱԿ-ի անդամ պետութիւններու, Մ.Ա.Կ.-ի կառոյցներու եւ Տնտեսական եւ Ընկերային Խորհուրդին (ECOSOC) կողմէ պաշտօնական ճանաչումի արժանացած ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ: Խորհրդաժողովի այս տարուան հիմնական թեման կանանց ընծայուած կրթական առիթներն են, յատկապէս գիտական եւ արհեստագիտական մարզերէն ներս ու անոնց աշխատանքի հաւասար առիթներ ընծայուելու խնդիրները:
Պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմեն Սթեֆանի Քիլեան, Վալենթին Պէրպէրեան, Համեստ Պէօճէքեան եւ Հուրի Կէօտելէքեան, առաջին կարգին, Փետրուար 22-ի առաւօտուն հանդիպում մը ունեցաւ Մ.Ա.Կ.-ի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ Կարէն Նազարեանի հետ: Կ’արժէ նշել, որ Կանանց Իրավիճակի Քննարկման յանձնաժողովի նախագահութիւնը 2011-ին կը զբաղեցէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը:
Յառաջիկայ օրերուն, Հ.Օ.Մ.-ի պատուիրակութիւնը պիտի մասնակցի խորհրդաժողովի զանազան նիստերու, Ոչ-Կառավարական Կազմակերպութիւններու կազմակերպած աշխատանիստերու եւ Հ.Օ.Մ.-ի պատկերացումն ու տեսակէտները ներկայացնէ կանանց վերաբերող զանազան հարցերու մասին:
ՄԱԿ-ի Կանանց Իրավիճակի Քննարկման 55-րդ Խորհրդաժողովի նիստերը պիտի տեւեն մինչեւ Մարտ 4, 2011: