«ՀԱՅՐԵՆԻՔ» 125-ԱՄԵԱԿ․- ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԵԱՆ ԶՕՐԱՑՈՒՄԸ՝ «ՄԵՂՄԱՑՄԱՆ ԴԷՄ»…

0 0
Read Time:2 Minute, 52 Second

Խմբագրական

Նոյեմբեր 19, 1975

Մօտաւորապէս երկու տարի առաջ, երբ «մեղմացման քաղաքականութիւնը» Նիքսընեան վարչութեան կողմէ կը նկատուէր «ճակատումէ խուսափելու եւ համաշխարհային խաղաղութեան սպառնացող վտանգները բանակցութեան ճամբով հարթելու» բանաւոր ուղին «այսինքն ողջմիտ եւ տրամաբանական միջոցը»՝ շատերո՜ւ կարգին նաեւ մենք դիտել կու տայինք թէ նման քայլ մը կրնայ ժամանակ շահիլ տալ կողմերուն, իրենց որոշ ծրագիրներն ու նպատակները իրականացնելու համար, սակայն չի կրնար ապահովութիւն մը նկատուիլ այն մասին թէ կրնայ նպաստել խաղաղութեան գործին։

Ինչպէս ըսինք՝ մեր այս ենթադրութեան մէջ մենք… բացառութիւն մը չէինք կազմեր։ Շատերէն մէ՜կն էինք միայն։

Խորհրդային կուսակցատիրութեան «լենինեան» սկզբունքներուն եւ Լենինի թէ իր յաջորդներուն կողմէ բանաձեւուած «համաշխարհային յեղափոխութեան» նպատակին ծանօթ ոեւէ անձ, եթէ իր այդ գիտութեան հետ նաե՛ւ վերջին քառասնամեակի դէպքերուն հետեւած է, չի կրնար տարբեր որեւէ ենթադրութիւն ընել։ Փաստերը խօսուն են բոլոր ցամաքամասերուն վրայ. բոլոր տեղական ու միջազգային խմորումներուն մէջ։

Մեր այդ նկատողութեան եւ խորհրդածութիւններուն մէջ… ռազմատենչական հակումներ տեսնելով՝ Երեւանի «Սովետական Հայաստան» ամսագիրը «Սփիւռքի հետ … մշակութային կապի պաշտօնաթերթ» կ’աճապարէր մարտկոցները ուղղել «Հայրենիք»¬ի խմբագրութեան դէմ, մեզ դասելով … պատերազմասէրներու խումբին մէջ, անշուշտ հետեւողական մնալու համար Կոմկուսի կողմէ յանձնարարուած ուղղութեան. «պայքար՝ Հ.Յ.Դաշնակցութեան դէմ»։

Ժպտեցանք, ու մոռցանք…

Երկու տարի անցաւ. «մեղմացման քաղաքականութիւնը» շարունակեց իր ընթացքը եւ յանգեցաւ ի վերջոյ որոշ համաձայնութիւններու,¬ ամէնէն վերջինը՝ Հելսինքիի խորհրդաժողովէն բխած այն որոշումին թէ ստորագիր արեւելեան եւ արեւմտեան պետութիւնները ամէն միջոց ի գործ պիտի դնեն, մարդկութիւնը առաջնորդելու համար դէպի բաղձալի խաղաղութիւն, եւ՝ մարդ էակին թէ ազգերու իրաւունքներուն հանդէպ յարգանքի։

Սակայն համաձայնութեան մելանը չորցած չէր տակաւին, երբ պետական եւ քաղաքական դիրքերու վրայ մազ ու մօրուք ճերմկցուցած դէմքեր, նախկին պաշտօնատարներ եւ դիւանագիտական կեանքի մէջ եփած մարդիկ փութացին դիտել տալ որ «մեղմացման քաղաքականութեան» ճամբով ակնկալելի շահերն ու օգուտները խնդրական են։ ¬ Օրինակ՝ Ճորճ Պոլի նման անձնաւորութիւն մը, որ նախագահներ Քենետիի եւ Ճանսընի վարչութեան օրով փոխ արտաքին նախարարի պաշտօն կը վարէր, ո՛չ միայն ամուլ՝ այլեւս վնասակար նկատեց իւրացուած ուղղութիւնը, «Նիուզուիք» շաբաթաթերթի Օգոստոս 4, 1975¬ի թիւին մէջ ստորագրելով ուշագրաւ մեկնաբանութիւն մը, որ կը կրէր «Անձնատրութիւն՝ Հելսինքիի մէջ» խորագիրը։

Նախագահ Ֆորտի եւ Խորհրդային Միութեան Կոմկուսի պարագլուխ Պրեժնեւի ներկայութեամբ գումարուած այդ ժողովէն ասդին երեք ամիս ու քիչ մը աւելի ժամանակ է անցած արդէն եւ «մեղմացման քաղաքականութեան» նուիրագործումը ֆինլանտայի մայրաքաղաքին մէջ՝ ցարդ որեւէ գործնական արդիւնք չէ տուած։ Իսկ ինչ որ յատկանշականն է, բազմապատկուած է թիւը ամերիկացի թէ օտար քաղաքական հեղինակութիւններու՝ որոնք մտահոգուած են լրջօրէն, «մեղմացման» կարգախօսին ետեւ տեսնելով Քրեմլի նոր մէկ խաղը Արեւմտեան դաշնակցութիւնը տկարացնելու եւ մէկիկ¬մէկիկ չէզոքացնելու խորհրդային ծաւալապաշտութեան ընդդիմացող բոլոր մեծ ու փոքր պետութիւնները։

Աւելի՛ն։ ¬ Որեւէ ատենէ աւելի այսօ՛ր՝ նոյնինքն Խորհրդային Միութեան մտաւորական ու գիտական ընտրանին ոտքի ելած է, գլխաւորաբար Միացեալ Նահանգներն ու ընդհանրապէս Արեւմտեան Աշխարհվ զգուշաւորութեան հրաւիրելու նպատակով։

Սոլժենիցինէն վերջ, որ արտաքսուեցաւ երկրէն ու զրկուեցաւ քաղաքացիական իրաւունքներէ, այսօր գլուխ բարձրացուցած են Անտրէյ Զախարով «պսակաւոր Նոպելեան խաղաղութեան մրցանակի» եւ Անտրէյ Ամալրիք՝ 37 տարու պատմաբանը, որ տակաւին նոր լրացուց հինգ տարուան բանտարկութեան իր պատիժն ու աքսորը ու ներկայիս իրաւունք չունի ապրելու Մոսկուայի մէջ…

Այս վերջինը անուղղա՜յ… «ռազմապաշտ եւ կապիտալիստական երկիրների լաքէյ»՝ հազիւ վերադարձած իր նոր բնակավայրը, «մեղմացման քաղաքականութեան» մասին երկարաշունչ «չորս մանրատառ սիւնակ» յօդուած մը գրած է ռուսերէնով, որուն անգլերէնով ամբողջական թարգմանութիւնը հրատարակուած էր «Նիւ Եորք Թայմզ»¬ի Հոկտեմբեր 22¬ի, թիւին մէջ, ¬ էջ 41։

Հարկ է տող առ տող, բառ առ բառ կարդալ պատմաբանին պատգամը՝ ուղղուած մասնաւորաբար Միացեալ Նահանգներու հանրային կարծիքին եւ Արեւմտեան աշխարհի քաղաքական ղեկավարութեան, հաստատելու համար թէ խորքին մէջ ի՛նչ նպատակներ կը հետապնդուին «մեղմացման» քաղաքականութեամբ եւ թէ Արեւմուտքը ի՜նչ փորձանաւոր գետնի վրայ է։

Պիտի ուզենք անդրադառնալ արծարծուած գոնէ քանի մը հիմնական կէտերու, նկատի ունենալով մանաւանդ, որ Փեքինի մէջ եւս՝ Պ. Քիսինճըրի այցելութեան օրերուն՝ տարբե՜ր հաշիւներով սակայն նո՛յն մտահոգութեամբ ձայներ լսելի դարձան…

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles