Անդրադարձ.- Երեւանէն Պոլիս Մեկնած Քանատացի Լրագրող Նիլ Հաուըրի Թուրքիա Մուտքը Արգիլած Են, Քանի Որ Ան «Սեւ Ցուցակ»-Ի Վրայ Է – Անոր Վերջին  Տեղեկագիրին Խորագիրն է «ՔՈՓ29 Հիւրընկալող Ատրպէյճանը Յանցաւոր է 2023-ին Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Տեղի Ունեցած Յարձակումներու Ժամանակ «Ցեղային Մաքրագործումի» Մէջ»

2 0
Read Time:8 Minute, 40 Second
ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
27 Նոյեմբեր 2024
haroutchekijian.wordpress.com
Ծանօթ․- Երեւան հաստատուած քանատացի ազատ լրագրող՝ Նիլ Հաուըր (Neil Hauer), որուն կարգ մը գաղափարներուն եւ յօդուածներուն համաձայն չենք, Նոյեմբեր 24-ին «ՔՈՓ29 հիւրընկալող Ատրպէյճանը յանցաւոր է 2023-ին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցած յարձակումներու ժամանակ «Ցեղային մաքրագործումի» մէջ – Աւելի քան 100 հազար ազգութեամբ հայեր լքած են վիճելի շրջանը յարձակումի ընթացքին» խորագիրով եւ 8 փաստացի լուսանկարներով տեղեկագիր մը հրատարակած է Քանատայի պետական Սի Պի Սի CBC News կայքէջին մէջ (1): Ստորեւ անգլերէնէ թարգմանուած տեղեկագիրը հեղինակին օգտագործած նաեւ, յղում կատարած նկարներով.-
Հայաստան ապաստանելու յոյս ունեցող հայերը հաւաքուած են Ստեփանակերտի հրապարակը 25 սեպտեմբեր 2023-ին՝ Ատրպէյճանի ռազմական յարձակումին պատճառով: Հայերուն դէմ յարձակումները ուսումնասիրող նոր զեկոյցը կը փաստէ, որ Ատրպէյճան «Ցեղային զտումներ» կատարած է:
Ստեփանակերտի մէջ յարկաբաժին մը ռմբակոծուած Ատրպէյճանի բանակին կողմէ 19 սեպտեմբեր 2023-ին:
«Ատրպէյճանը «Ցեղային զտումներ» գործադրեց հայ բնակչութեան դէմ 14 ամիս առաջ՝ Լեռնային Ղարաբաղի վիճելի տարածքին վրայ յարձակումներու ժամանակ, կ՚եզրակացնէ Ուաշինկթընի մէջ գործող Ֆրիտըմ Հաուզ Freedom House, ոչ շահաբեր կազմակերպութեան նոր զեկուցումը» (2)։ 131 էջ զեկուցումին խորագիրն է. «Ինչո՞ւ հայեր չկան Լեռնային Ղարաբաղի մէջ», լոյս տեսած 11 նոյեմբեր 2024-ին, Why Are There No Armenians In Nagorno-Karabakh? *:
«Համապարփակ զեկոյցը, որ հրատարակուած է ՔՈՓ29-ի՝ ՄԱԿ-ի կլիմայական համաժողովին առաջին օրը, որ այս ամիս տեղի ունեցաւ Ատրպէյճանի մէջ, հիմնուած է աւելի քան 300 ղարաբաղցի հայերու հետ հարցազրոյցներու վրայ: Գագաթնաժողովը, որ սկսաւ նոյեմբեր 11-ին, աւարտեցաւ այս շաբաթավերջին երկրին մայրաքաղաք Պաքուի մէջ՝ նոյն կառավարութեան հովանիին տակ, որ կը մեղադրուի մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններ կատարելու մէջ:
«Իրաւապաշտպան խումբերը, բնապահպան ջատագով՝ Կրեթա Թունպերկը եւ Քանատայի ու Միացեալ Նահանգներու քաղաքական գործիչները հիասթափութիւն եւ տագնապ արտայայտողներէն էին, քանի որ համաժողովը տեղի կ՚ունենար  քարիւղ արտադրող այս երկրին մէջ, ուր մարդոց իրաւունքներու պաշտպանութիւնը կասկածելի է: Մեղադրանք մը, որ Ատրպէյճանի քաղաքական առաջնորդները «նողկալի» եւ «քարոզչական արշաւ» կ՚որակեն:
«Քանատայի ընդդիմադիր կուսակցութիւններուն մեծ մասը հրաժարած է մասնակցիլ Ատրպէյճանի մէջ կայանալիք կլիմայի փոփոխութեան ՄԱԿ-ի համաժողովին՝ պատճառաբանելով երկրին մարդու իրաւունքներու մասին մտահոգութիւններ (3):
«Մոնրէալի հայերը սրտցաւ են, որ Քանատան կը մասնակցի Ատրպէյճանի հիւրընկալած ՔՈՓ29-ին (4):
Հայ ծերունի մը 25 սեպտեմբեր 2024-ին Ստեփանակերտի իր բնակարանին առջեւ նստած կը յուսայ Հայաստան փախչիլ:
Տնազուրկ դարձած աղջնակ մը Ստեփանակերտի հրապարակին վրայ…
«Ֆրիտըմ Հաուզի զեկոյցը կը ներառէ անցեալ աշնան ռազմական գործողութիւններէն փրկուածներու պատմութիւնները, որոնց մէջ՝ այս կնոջ կողմէ յարձակումին սկիզբի վկայութիւնը. «Սեպտեմբեր 19-ի կէսօրին տուն եկայ՝ ճաշելու: Տղաս ըսաւ, որ պայթումի ձայն լսեր է: Պատուհանէն տեսայ, որ կը կրակէին բնակելի թաղամասին վրայ»։
«Երկու շաբաթ չանցած, այս տիկինը, անոր երեխան եւ աւելի քան 100 հազար այլ հայեր գաղթականներ դարձան՝ բռնի տեղահանութեան զոհեր, որ վերջ դրաւ Ղարաբաղի աւելի քան հազարամեայ հայկական բնակեցման (5):
«Ֆրիտըմ հաուզի «Ինչո՞ւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հայեր չկան» խորագիրով զեկոյցը սպառիչ մեղադրանք է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին եւ անոր կառավարութեան դէմ:
«Ֆրիտըմ հաուզի եւ վեց գործընկեր կազմակերպութիւններու հետազօտողներուն կողմէ՝ այսպիսի աշխատանքի փորձ ունեցող չորս հայաստանեան խումբերու, ուքրանական ՈԿԿ-ի NGO, որ կեդրոնացած է ռուսական ռազմական յանցագործութիւններու վրայ, եւ Պրիւքսէլի մէջ գործող խումբի մը եզրակացութիւնները առանց բառերը ծամծմելու կատարուածը կը բացայայտեն:
«Անցեալ տարի ատրպէյճանական զօրքերուն Ղարաբաղի վրայ վերջին 24-ժամեայ յարձակումը «տարիներ տեւած իրենց բուռն արշաւին գագաթնակէտն էր», որուն ընթացքին յանցագործները «դիտումնաւոր կերպով սպաննեցին խաղաղ բնակիչներ բացարձակ անպատժելի մնալով», կ՚ըսէ զեկոյցը։ «Ատրպէյճանի  պետութեան գործողութիւնները, ցեղային զտում կը համարուին՝ բռնի տեղահանումը իբրեւ միջոց գործածելով:
Ղարաբաղէն փախած հայեր Գորիսի մէջ վրանաբնակավայրի մը մօտ 30 սեպտեմբեր 2023-ին, երբ 97.700 հայեր արդէն տեղահանուած էին:
Սիւնիքի Գորիս քաղաք հասած Ղարաբաղցի ընտանիք մը կը սպասէ…
«Գրեթէ ամբողջ բնակչութեան զանգուածային արտագաղթը:
«Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը նախկին Խորհրդային Միութեան ամենէն երկարատեւ վէճերէն մէկն էր: Բնիկ հայերը, Հայաստանի աջակցութեամբ, 1990-ականներուն սկիզբը յաջող պատերազմ մը մղեցին նորանկախ Ատրպէյճանէն  անջատուելու համար: Ատրպէյճանը պատասխան հարուած հասցուց 2020-ի 44-օրեայ պատերազմին, գրաւելով տարածքին երեք քառորդը։ Պատերազմէն ետք, ռուս խաղաղապահները երկրամաս մտան, սակայն անկարող դարձան կանգնեցնելու Ատրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի ինն ամսեայ շրջափակումին, կամ՝  ռազմական յարձակումին՝ 19 սեպտեմբեր 2023-ին, որ պատճառ դարձաւ Ղարաբաղի ամբողջական գրաւումին եւ գրեթէ ամբողջ բնակչութեան տեղահանումին (6):
«Ատրպէյճանը մահացու ռմբակոծումի կ՚ենթարկէ Լեռնային Ղարաբաղի հայերը վերջին մագլցումին ժամանակ (7):
«Այս իրադարձութիւններուն վերաբերեալ Ֆրիտըմ հաուզի նոր զեկոյցին հարիւրաւոր վկայութիւնները, սարսափով կը կարդանք:
««Մարդիկ սովամահ էին եւ ուշաթափ կ՚ըլլային հացի հերթերուն», – կ՚ըսէ զրուցակիցներէն մէկը՝ նկարագրելով Ատրպէյճանի կողմէ շրջափակման ժամանակ սովի նման պայմանները: Անոնք փակած էին երթեւեկը դէպի արտաքին աշխարհ, նաեւ՝ սնունդի կարեւոր մատակարարումները: «Շատ դժուար էր գոյատեւելը, կը խորհէինք, որ ի վերջոյ սովէն պիտի մեռնինք»։
«Ատրպէյճանի վերջին յարձակումին եւ անոր յաջորդած գաղթին մասին վկայութիւնները ալ աւելի գէշ պատկեր կը ներկայացնեն: «Երեխաներով շրջապատուած էի ու կը փորձէի խուճապը կանխել»,- կ՚ըսէ Սառնաղբիւր գիւղէն կին մը. «Ես անոնց ըսի, որ չվախնան, եւ առաջարկեցի աղօթել: Եւ ճիշդ այդ պահուն մեր մօտ պայթում մը լսեցինք»,- կ՚ըսէ ան՝ նկարագրելով, թէ՝ ինչպէս Ատրպէյճանական ռմբակոծումը սպաննած է հինգ խաղաղ բնակիչներ, որոնց երեքը՝ երեխաներ:
84 ամեայ վիրաւոր ղարաբաղցի Սաշան հասած է Հայաստան:
Սի Պի Սի-ի տեսանիւթին նկարը:
«Ուրիշներ կը մանրամասնեն, թէ՝ ինչպէ՛ս ազերի զինուորները կը ծաղրէին եւ կը հետապնդէին զիրենք, երբեմն նոյնիսկ կը ծեծէին կամ կը գողնային իրենց ոսկեղէնները, երբ անոնք կը փախչէին դէպի Հայաստան՝ վտանգաւոր ուղեւորութեան ժամանակ: «Ազերիները բարձրացուցին իրենց երաժշտութիւնը, եւ մեր վրայ կը պոռային, միաժամանակ մատներու շարժումներով կը վիրաւորէին մեզ գոռալով. «Հեռացէ՛ք, հեռացէ՛ք», կը վկայէ այլ տեղացի մը։
«Աշխարհը ոչինչ ըրաւ» երբ ուժասպառ գաղթականները կը փախչէին Լեռնային Ղարաբաղի դէմ Ատրպէյճանի բռնաճնշումներէն (8):
«Հետազօտողները կ՚ըսեն, որ այս վկայութիւններուն սաստկութիւնը՝ յուզիչ եւ անմարդկային, նոյնի՛սկ  փորձառու զեկոյց պատրաստողներուն ընկալումը դժուարացուց:
««Ղարաբաղցի հայերուն կողմէ սահմռկեցուցիչ վկայութիւններ կան, որոնք նոյնիսկ մեզի համար դժուար էր կարդալ»,- ըսաւ Ֆրիտըմ Հաուզի հայաստանեան ներկայացուցիչ՝ Անդրանիկ Շիրինեանը։ «Մտաւոր եւ հոգեբանօրէն այս զեկոյցին վրայ աշխատիլը դժուար եղաւ բոլոր մասնակիցներուս համար»:
«Տեղեկագիրին փաստերը՝ իբրեւ «Միջոցներ ձեռք առնելու կոչ»:
«Ատրպէյճանի կառավարութեան բոլոր գործողութիւններուն գումարը եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ անոնց կողմէ ստեղծուած անբնակելի միջավայրը, հիմք կը հանդիսանան Ֆրիտըմ Հաուզի կողմէ երկրամասին մէջ ցեղային զտումներ կատարուած ըլլալու ստոյգ յայտարարութեան:
«Ցեղային զտումը» սահմանուած իրաւական եզր չէ, այլ քաղաքական եզր է, որ կը գործածուի տուեալ շրջանի մը մէջ տեղի ունեցած վայրագութիւններու ահաւորութիւնը շեշտելու համար»,- ըսաւ Շիրինեանը։
«Լեռնային Ղարաբաղի հայերուն աւելի քան 80 տոկոսը փախչեցաւ (9):
««Մենք վերլուծեցինք երեք ժամանակաշրջաններ՝ 2020-ի յետպատերազմեան շրջանը, ապա շրջափակումը եւ արտագաղթը: Այս քննութիւններուն ընթացքին հանդիպեցանք արտադատական սպաննութիւններու, խոշտանգումներու, մարդու իրաւունքներու ոտնակոխումներու եւ մարդկային իրաւանց ծանրակշիռ խախտումներու: Մենք անդրադարձանք, որ Ատրպէյճանը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ միջավայր մը ստեղծած է, որ չարտօներ հայկական համայնքին այնտեղ մնալ եւ արժանապատիւ կերպով ապրիլ»:
«Ֆրիտըմ Հաուզը իր գնահատականը մասամբ հիմնած է նախկին Եուկոսլավիոյ համար Միջազգային քրէական դատարանին իրաւական եզրակացութիւններուն վրայ, որ ՄԱԿ-ը կը դատէր 1990-ականներուն՝ Պալգանեան կռիւներու ժամանակ կատարուած պատերազմական ոճիրները:
«Դիտէ աւելի քան 100 հազար հայերու արտագաղթը Լեռնային Ղարաբաղէն» (10): Այստեղ ՍԻ ՊԻ ՍԻ-ի 5:25 վայրկեան տեսերիզի մը կապը դրուած է (11):
«Անոր բնակչութեան կէսէն աւելին տեղահանուած է: Շուտով Լեռնային Ղարաբաղը այլեւս գոյութիւն չունենար (12):
«Եուկոսլաւիոյ ռազմական ոճիրներուն եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Ատրպէյճանի կառավարութեան գործողութիւններուն նմանութիւնները «ցեղային զտումներ» եզրին ճշգրիտ դրսեւորումն են կ՚ըսեն մարդու իրաւունքներու այլ մասնագէտներ:
««Ֆրիտըմ Հաուզի խոր հետաքննութիւնը ցոյց կու տայ, որ ինչպէ՛ս Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն 2023-ի սեպտեմբերի յարձակումը նման է բռնի տեղահանութեան միջազգային դատարաններուն կողմէ քննարկուած նմանատիպ ոճիրներուն», – կ՚ըսէ Հարաւային Գալիֆորնիոյ համալսարանէն Սթիվ Սուերտլօն Steve Swerdlow՝ մարդու իրաւունքներու իրաւաբան եւ միջազգային յարաբերութիւններու փրոֆէսէօր:
««Անոնք կը ներառեն նախկին Եուկոսլաւիան, ինչպէս նաեւ աւելի նոր դէպքեր, ինչպիսիք են Մյանմարի կողմէ ռոհինկաներու ցեղային զտումները: Այս զեկոյցին դատապարտող փաստերը կոչեր են միջազգային ատեաններուն անպատժելիութեան դէմ գործողութիւններ կատարելու»:
«Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը մինչեւ տեղեկագիրիս հրապարակման պահը չէր պատասխանած մեր մեկնաբանութեան խնդրանքին։
Բռնի տեղահանութիւն:
Գորիսի մէջ գաղթական ղարաբաղցիներ օժանդակութեան կը սպասեն:
«Հիմա իսկապէ՛ս վերադարձի վայր չունիմ»
«Վայրագութեան պայմաններու մէջ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղակայուած շուրջ 2000 անդամ ռուսական խաղաղապահ զօրախումբը պարզապէս կանգնած էր եւ կը դիտէր, կ՚ըսուի զեկոյցին մէջ։ Շատ են դէպքերը, որոնք կը նկարագրեն անոնց անտարբերութիւնը եւ ատրպէյճանական բռնութեան դէմ դնելու մերժումը:
««Մենք տեսանք այնքան շատ դէպքեր, երբ ռուս զինուորները պարզապէս կանգնած էին, մինչ ազերի զինուորները կը սպառնային Լեռնային Ղարաբաղի հայերուն ապրուստին», – ըսաւ Շիրինեանը: «Կարելի է վստահաբար ըսել, որ ռուս խաղաղապահները չեն կրցած, կամ չեն ուզած կատարել իրենց պարտականութիւնները։
«Շիրինեանը ըսաւ, թէ յոյս ունի, որ զեկոյցը կ՚օգնէ գոնէ երկարաժամկէտ հեռանկարով որոշ պատասխանատուութեան ենթարկել Ատրպէյճանի կառավարութիւնը, հակառակ անոր, որ Պաքուն այժմ զբաղած է տարածաշրջանին մէջ հայկական ներկայութեան բոլոր հետքերը ջնջելով (13)։
«Շատ մը ղարաբաղցիներ այսպիսի յոյս կորսնցուցած են:
««Մինչեւ վերջերս փոքրիկ յոյս մը ունէի, որ հիմնուած էր հայերու Լեռնային Ղարաբաղ վերադառնալու միջազգային կոչերով», – կ՚ըսէ, այժմ դատարկ մայրաքաղաք Ստեփանակերտէն՝ լրագրող Լիլիթ Շահվերտեանը:
««Քանի մը օր առաջ քանդեցին մեր տունը, ինչպէս նաեւ ամբողջ թաղամասը, ուր մեծցած եմ: Անհամար այլ բնակելի շէնքեր ամեն օր կը յափշտակեն», – ըսաւ ան:
««Ես հաստատապէս կը հաւատամ, որ Ալիեւի նպատակն է ջախջախել  վերադառնալու մեր որեւէ յոյսը… Հիմա իսկապէս վերադառնալու տեղ չունիմ»:
Դժբախտաբար Հայաստանի այս անարժան ու թշնամիներուն ծառայող վարչապետն ու վարչախումբն ալ լծուած են Ալիեւի բոլոր փափաքները իրականացնելու գործին:
Սակայն, այսօր, 27 նոյեմբեր 2024-ին Լիբանանի մէջ վկայեցինք շուրջ երկու ամիս տեւած ամերիկեան օդանաւերով եւ հրթիռներով Իսրայէլի ցեղասպանական ռմբակոծումներէն ետք եւ Պէյրութ քաղաքի եւ զանազան այլ շրջաններու հազարաւոր բնակարանները քանդելէ ետք հերոս լիբանանցիներուն առաւօտեան ժամը 4-էն սկսեալ, զինադադարէն 6 ժամ առաջ իսկ յաղթական վերադարձը իրենց փլատակ թաղերը:
Սիրելի Լիլիթ հիմա իսկապէս վերադառնալու տո՛ւնդ չունիս, սակայն վերադառնալու յոյսը երբե՛ք պէտք չէ կորսուի, վկայ լիբանանցին, որ պարտութեան մատնեց «հզօր» կոչուած Իսրայէլը՝ Ատրպէյճանի դաշնակիցը, որ մասնակից էր Արցախի ցեղասպանութեան:
* Լուսաբանութիւններն ու ընդգծումները հեղինակին:
1. https://www.cbc.ca/news/world/azerbaijan-ethnic-cleansing-report-1.7391467
2. comprehensive report
3. https://www.cbc.ca/news/politics/bloc-critic-says-the-un-has-chosen-fossil-fuel-producing-hos-1.7374818
4. https://www.cbc.ca/news/canada/montreal/nagorno-karabakh-artsakh-cop29-armenian-montrealers-1.7383163
5. https://www.cbc.ca/news/world/nagorno-karabakh-refugees-1.6979410
6.  https://www.crisisgroup.org/europe-central-asia/caucasus/armenian-azerbaijani-conflict-armenia/armenia-struggles-cope-exodus
7. https://www.cbc.ca/news/world/azerbaijan-armenia-nagorno-karabakh-1.6971115
8. https://www.cbc.ca/news/world/nagorno-karabakh-refugees-1.6979410
9. https://www.cbc.ca/news/world/azerbaijan-nagorno-karabakh-exodus-1.6983642
10. https://www.cbc.ca/news/world/azerbaijan-nagorno-karabakh-exodus-1.6983642
11. https://www.youtube.com/watch?v=HoH0uRBFhZ0
12. https://www.cbc.ca/news/world/nagorno-karabakh-evacuation-1.6980696 13. https://acleddata.com/2024/09/20/destruction-of-armenian-heritage/
Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles