Պոսթընի Մէջ Նշուեցան «Հայրենիք»-ի 125-ամեակն Ու «Արմինիըն Ուիքլի»-ի 90-ամեակը

1 0
Read Time:2 Minute, 45 Second

ՈՒԱԹԸՐԹԱՈՒՆ․- Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 21-ին, «Բաբգէն Սիւնի» ակումբին մէջ նշուեցան «Հայրենիք»-ի 125-ամեակն ու «Արմինիըն Ուիքլի»-ի 90-ամեակը, կազմակերպութեամբ Պոսթընի «Սարդարապատ» կոմիտէութեան։
Գեղարուեստական յայտագրով ելոյթ ունեցաւ երիտասարդ ջութակահար Հայկ Յովսէփեան, որ հմայեց ներկաները, նուագելով երեք գործեր՝ Կոմիտաս Վարդապետի «Ծիրանի Ծառ»-ն ու «Կռունկ»-ը, եւ Արամ Խաչատուրեանի «Ուսունտարա»-ն։
Օրուան հանդիսավարն էր Սարդարապատ» կոմիտէութեան ներկայացուցիչ Արա Նազարեան, որ կրցաւ քանի մը վայրկեաններու ընթացքին, ներկայացնել «Հայրենիք»-ի եւ «Արմինիըն Ուիքլի»-ի պատմականը։ Ապա, Նազարեան բեմ հրաւիրեց «Հայրենիք»-ի խմբագիր՝ Զաւէն Թորիկեանը, որուն նիւթն էր «125-ամեակ եւ անդին»։ Ան շեշտեց, թէ լուրեր չափազանցելու ստապատիր ոճ, այսինքն Yellow կամ tabloid journalism չէ որ կը կատարէ Հ․Յ․Դ․ Արեւելեան Ա․Մ․Ն․-ի Կեդրոնական Կոմիտէի օրկան «Հայրենիք»-ը, մանաւանդ, երբ դէպի առցանցային եւ ելեկտրոնային դրութիւն կիրարկող աշխարհը, ներառեալ մեր հայրենիքը մեծամասնութեամբ նմանօրինակ ոճ կ՛որդեգրէ։ Ան նաեւ, յայտնեց, թէ ազգային նեղմիտ եւ սահմանափակ «տուփ»-էն դուրս է «Հայրենիք»-ը, անշուշտ պահելով հաւասարակշռութիւնն ու ցեխարձակումներէն եւ այդ կարմիր գիծէն հեռու մնալու հրամայականը։
«Արմինիըն Ուիքլի»-ի խմբագիր՝ Փօլին Կէցոյեանի կիզակէտը անգլերէն լեզուով հրատարակութեան մասին էր, որ սկսաւ 1934-ին, առաջին տարիներուն «Հայրենիք Ուիքլի» եւ ապա «Արմինիըն Ուիքլի»։ Ան մանրամասնօրէն ներկայացուց, թէ առաջին տարիներուն թերթը կը գործածուէր իբրու ազգականներ եւ հարազատներ փնտռող հաստատութիւն։ Հետզհետէ հեռաւոր, թէ մօտակայ գաղութներէ եկած լուրեր եւ վերլուծական գրութիւններ սկսան լոյս տեսնել եւ այժմ «Արմինիըն Ուիքլի»-ն կը մնայ ամերիկահայ տան բաղձալի ներկայութիւն մը։
Ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը,քանի մը ամիսներէ ի վեր գործող «Անդրանիկ եւ Ալիս Գարճեան – Հայրենիք Մետիա»-ի մասին, որմէ ետք խօսք առաւ այս նորակառոյց կեդրոնի գործադիր տնօրէն Ալիսըն Թահմիզեան-Միւզ։ Օրուան հանդիսութենէն ծայր աստիճան ազդուած եւ յուզուած, ան արցունքով լի աչքերով խօսեցաւ իր պարտականութեան մասին, թէ որքան կարեւոր է այս արդի լսատեսողական ճամբով խօսիլ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին, շարունակ արթուն պահել երիտասարդութիւնը եւ անշուշտ մօտէն հետեւիլ Հայաստանի մէջ տիրող ահաւոր կացութեան։
«Անդրանիկ եւ Ալիս Գարճեան – Հայրենիք Մետիա»-ի հայերէն բաժնի պատասխանատու եւ «Հայրենիք»-ի օգնական խմբագիր՝ Արմէն Ապտալեան շեշտեց, թէ առաջնահերթ ու կարեւոր է այս գաղութէն ներս, հայերէն լեզուին ներկայութիւնը եւ յատկապէս ապագային հետ կապ պահելու համար, այս կեդրոնին հիմնումը, շնորհիւ Հ․Յ․Դ․ Արեւելեան Ա․Մ․Ն․ Կեդրոնական Կոմիտէին։ Ան նշեց, թէ հակառակ դժուար պայմաններուն, կարելի է ամէն գնով պահպանել Մեսրոպաունչ լեզուն, աւելցնելով, թէ արդէն իսկ հազարներով հետեւողներ կան, այս կեդրոնի սփռած յայտագիրներուն։ Ան եզրակացուց, թէ Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան շրջանի մասին շարունակ տեղեկութիւններ կը փոխանցուին, հայրենի եւ սփիւռքահայ այլ օճախներու կողքին։
Վերջին խօսք առնողն էր Հ․Յ․Դ․ Արեւելեան Ա․Մ․Ն․-ի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ եւ Հ․Յ․Դ․ արխիւներու Ճորճ Աղճայեանը, որ ընդհանրապէս խօսեցաւ «Հայրենիք» հաստատութեան մասին, տեղեկութիւններ փոխանցելով շէնքին եւ անոր դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին։ Ան յաւելեալ մանրամասնութիւններ փոխանցեց, թէ ինչպէս կարելի եղաւ «Անդրանիկ եւ Ալիս Գարճեան – Հայրենիք Մետիա» կեդրոնը ստեղծել, պատրաստել, սարքաւորել եւ գործի լծել, աւելցնելով, թէ հետեւողական աշխատանքի արդիւնք, կարելի եղած է նաեւ Կեդրոնական Կոմիտէի սենեակը նորոգել եւ օժտել արդի կազմածներով։
Այս մտերմիկ մթնոլորի մէջ ընթացող ընթրիքին, Հ․Յ․Դ․ Արեւելեան Ա․Մ․Ն․-ի Կեդրոնական Կոմիտէութիւնը, «Սարդարապատ» կոմիտէութիւնն ու «Հայրենիք»-ը հաճելի անակնկալ մը պատրաստած էին, երկար տարիներու սրբագրող Կարպիս Զէրտէլեանին, որուն յանձնուեցաւ յուշանուէր մը։ Իր խոր շնորհակալութիւնը յայտնեց Զէրտէլեանը, որ շեշտեց, թէ սովորութիւն դարձած է այս պարտականութիւնը, որ սիրով կը կատարէ։
Հուսկ, Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ հովիւ Հրանդ ծայր. վարդապետ Թահանեան խօսք առնելով յայտնեց, թէ «Հայրենիք»-ը հիմնուած ու ստեղծուած էր, երբ հայրենիք չկար եւ նոյնիսկ ներկայ դաժան պայմաններուն, ուր հայրենիքի ապագան վտանգուած է, «Հայրենիք» կը շարունակէ իր ուղին։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles