Սեւրի Դաշնագիր 104-ամեակ Ի. Նախագահ Ուիլսընի «Ամերիկեան Զինուորական Առաքելութիւնը Դէպի Հայաստան». Յաղթական Դաշնակիցները Զինաթափ Չըրին Օսմանեան Բանակին Մնացորդը – Սեւրի Դաշնագիրի Պատրաստութեան Ընթացքի՛ն Իսկ Քեմալական Ըմբոստութիւն

2 0
Read Time:6 Minute, 12 Second

 

 

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

25 Նոյեմբեր 2024

haroutchekijian.wordpress.com

Առաջին աշխարհամարտը, որ կը բնութագրուի «Արեւմտեան ճակատ»-ով եւ «Արեւելեան ճակատ»-ով՝ աւարտեցաւ 11 Նոյեմբեր 1918-ին, որ այդպէս ալ՝ զինադադար հաստատուեցաւ երկու անջատ անձնատուութեան դաշնագրերով: Արեւմտեանը՝ շուրջ 7 ամիս ետք, Վերսայի դաշնագիրով, 28 Յունիս 1919-ին «Անթանթ»-ին՝ դաշնակիցներուն եւ Գերմանիոյ միջեւ, իսկ Արեւելեանը՝ շուրջ 21 ամիս ետք, Սեւրի դաշնագիրով, 10 Օգոստոս 1920-ին, «Անթանթ»-ին եւ Օսմանեան կայսրութեան միջեւ, 30 հոկտեմբեր 1918-ի Մուտրոսի (յունական Լեմնոս կղզիին նաւահանգիստը)՝ Անգլիոյ եւ Օսմանեան կայսրութեան միջեւ զինադադարէն ետք: Ինչպէս յստակ է, Սեւրի դաշնագիրին պատրաստութիւնը երեք անգամ աւելի երկար տեւեց, որ թուրքերուն նպաստեց: Ինչպէ՞ս…

Գերմանիոյ հետ «Զինադադարի բանակցութիւնները իրականութեան մէջ կը վարէին ո՛չ թէ դաշնակից կառավարութիւնները, այլ անոնց գլխաւոր հրամանատար Ֆերտինանտ Ֆոշը։ Ան ապահովեց, որ դաշնագրի պայմանները անկարելի դարձնեն գերմանիոյ բանակին՝ շուտով պատերազմ վերսկսիլ» (1)… Գերմանիան 20 տարի ետք միայն, 1 Սեպտեմբեր 1939-ին, Լեհաստանի վրայ յարձակումով սկսաւ համաշխարհային Բ. պատերազմը:

Ձախին՝ Ա. Պատերազմի անգլիական բանակի հրամանատարը զօրավար Տակլըս Հէյկ եւ «Անթանթ»ին ընդհանուր հրամանատարը՝ ֆրանսացի զօրավար Ֆերտինանտ Ֆօշ կը քննեն սկովտիական զօրամաս մը:
Գերմանացիները հրասայլ մը կը քանդեն, գործադրելով Վերսայի դաշնագիրի պայմաններէն՝ կազմաքանդել բանակին զինանոցը եւ միջոցները:

 

Դժբախտաբար, Սեւրի պարագային՝ կառավարութիւննե՛րը բանակցեցան… Չունեցանք Ֆօշի նման բանակցող մը, որ ապահովէր Օսմանեան բանակին լրիւ կազմաքանդումը՝ ոչնչացնելով անոր զինանոցը եւ միջոցները: Դաշնակիցները բաւարարուեցան Կոստանդնուպոլիսը գրաւելով եւ Սուլթանն ու կառավարութիւնը անձնատուր ընելով: Յունաստանը գրաւեց Փոքր Ասիոյ արեւմտեան մասը, եւ կղզիները, Իտալիան՝ Անտիոքը, իսկ Ֆրանսան՝ Կիլիկիան:

Թուրքիոյ արեւելեան մասը վստահած էին Ռուսիոյ եւ հայկական կամաւորական գունդերուն, տես՝ Զ. Եւ Է. մասեր: Դժբախտաբար, ռուսական պոլշեւիկ յեղափոխութեան հետեւանքով, ռուսական բանակը անկանոն կերպով լքեց ճակատները եւ 15 Դեկտեմբեր 1917-ին, Լեհաստանի Պրեսթ Լիթովսք քաղաքին մէջ պոլշեւիկ Ռուսերը նուաստացուցիչ պայմաններով առանցին զինադադար ստորագրեցին «Կեդրոնական ուժեր»-ուն հետ:

Կիպրոսի մէջ մարզուած, Պաղեստինէն մինչեւ Կիլիկիա ազատագրումին գլխաւոր դերակատար՝ Հայկական Լէգէոնէն խումբ մը:              

Հայաստանի Հանրապետութեան կերտումը եւ հայերուն օժանդակութեամբ Անթանթին կողմէ «Արեւելեան ճակատ»-ին յաղթանակը:

Շուրջ 80 հազար ռուսեր իրենց զինատեսակներով անկանոն կերպով լքեցին ռազմաճակատը, մի՛այն հայկական կամաւորական գունդերը եւ ռուսական բանակին ծառայող հայ զինուորներն ու սպաները մնացին, առանց Ռուսիայէն գումակային որեւէ օժանդակութեան: 100 հազար հաշուող ռուսական բանակէն ճակատ մնաց շուրջ 20 հազար հայ սպայ եւ զինուոր: Իբրեւ ոչ կանոնաւոր բանակ, անհաւասար կռիւով եւ նահանջելով անոնք հասան 1914-ի ռուս-թրքական սահմանը ու անկէ ալ ներս:

Մարտունակ Հայ ժողովուրդը, Արամ Մանուկեանի գլխաւորութեամբ, հակառակ համաճարակին, 100 հազարաւոր գաղթականներուն ու սովին, առանցինն դիմադրելով, 28 մայիս 1918-ին՝ Ա. Պատերազմի աւարտէն 6 ամիս առաջ, Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի յաղթական մարտերով պարտութեան մատնեց օսմանեան բանակը, հռչակելով անկախ Հայաստանի Հանրապետութիւնը:

Օսմանեան բանակը Ալեքսանդրապոլը՝ Գիւմրին գրաւած էր, ուր կը մնար հրամանատարը՝ Խալիլ փաշա Քութը: Վանէն ծանօթ Արամ Մանուկեանին, Խալիլ, հոկտեմբեր 1918-ի սկիզբը գաղտնի հանդիպում մը կը խնդրէ եւ իր կեանքը փրկելու համար կարեւոր գաղտնիք մը կը յայտնէ (2). «Արա՛մ ջան, լուրերը մեզի համար շատ վատ են: Անգլիացիները (եւ ֆրանսացիները, 19 սեպտեմբեր 1918-ին*) հայերուն հետ միասին մեծ հարուած տուած են թրքական բանակին` Արարայի մէջ (Պաղեստին, Ռաֆաթ-Արարա բարձունք, 5000 հայ լեգէոնականներ պարտութեան մատնեցին 12000 հաշուող թրքական բանակը*): Թրքական բանակը ջախջախուած է, խառնիճաղանճ խուժանի պէս` ցիր ու ցան եղած: Անգլիացիները մեզի կը հետեւին եւ կը մաքրագործեն թրքական ուժերը:

«Պուլկարիան հաշտութիւն խնդրած է արդէն: Մենք ալ հաշտութիւն պիտի խնդրենք: Ուրիշ ելք չկայ, քանի որ դաշնակից բանակներն ալ Ամերիկայէն եկած ահագին նոր` մեծաթիւ թարմ ուժով յարձակած են Հինտենպուրկեան գիծին (գերման արեւմտեան ճակատի ռազմական պատնէշ*) վրայ, ճեղքած են զայն եւ, գերմանացիներուն մեծ հարուած տուած (սեպտեմբեր 29-10 հոկտեմբեր 1918*): Անոնք նոյնպէս յուսահատութեան մատնուած են: Մօտ ատենէն անոնք ալ զինաթափ կ՛ըլլան: Յաղթանակը ձերն է: Մենք որոշած ենք այս ճակատէն (Կովկաս*) բոլորովին հեռանալ եւ Էրզրում (Կարին*) քաշուիլ: Մեր նահանջէն ետք դուք կրնաք գրաւել (վերատիրանալ*) մեր լքած վայրերը: Թերեւս Էրզրումը նաեւ ստիպուինք յանձնել ձեզի: Այս գաղտնիքները ձեզի կու տամ` իբրեւ հին բարեկամ»:

Արամի պահանջով Խալիլ Քութ 409.5 թոն ցորեն կը ղրկէ Հայաստան:
Խալիլ մեծաքանակ փամփուշտ կը ղրկէ Արամին:

 

Իրականութեան մէջ, իր կեանքը փրկելու համար էր Խալիլին այցելութեան նպատակը, որ նահանջելու ընթացքին հայերը զինք չսպաննեն, որուն դիմաց՝ Արամը փամփուշտ, ցորեն եւ Բաշգեառնիի Միլլի ձորէն թաթարներուն հեռացումը կը պահանջէ դէպի թրքական շրջան, որ Խալիլ շուտով կը գործադրէ: Միլլի ձորը զօրքով եւ թնդանօթներով կը դատարկուի թաթարներէն (3):

Ինչպէս Գ. Մասին մէջ Ճէյմս Ճերըրտ՝ Հայաստանի Անկախութեան Ամերիկայի յանձնախումբին նախագահը, դեմոկրատ, ազգային պահակագունդի հազարապետ, իրաւաբան, Գերմանիոյ մէջ Ամերիկայի նախկին դեսպան եւ Նիւ Եորքի գերագոյն ատեանի դատաւորը, երբ քեմալական Թուրքիան արեւմուտքէն եւ պոլշեւիկները արեւելքէն ու ներսէն՝ գործակցաբար կը յարձակէին Հայաստանի հանրապետութեան վրայ, 15 Նոյեմբեր 1919-ին հաստատած էր. «Ամերիկան եւ դաշնակիցները հայերուն հանդէպ ՄԵԾ ՊԱՐՏԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԻՆ, ՈՐՈՎՀԵՏԵՒ ԱՌԱՆՑ ՀԱՅԵՐՈՒՆ, ՌՈՒՍԻԱՆ ՉԷՐ ԿՐՆԱՐ ԻՐ ՅԱՋՈՂ ՃԱԿԱՏԱՄԱՐՏԵՐԸ ՄՂԵԼ ԿՈՎԿԱՍԻ ՄԷՋ, ԵՒ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ՊԻՏԻ ԿԱՐԵՆԱՅԻՆ ՄԻԱՆԱԼ ԿԱՍՊԻՑ ԾՈՎՈՒ ԵՐԿՈՒ ԿՈՂՄԵՐՈՒՆ ԳՏՆՈՒՈՂ ԹՈՒՐԱՆԱԿԱՆՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ»: Այս ընթացքին՝ տակաւի՛ն Սեւրի դաշնագիրը կը պատրաստուէր…

Ինչպէս Խալիլ փաշան ալ կը խոստովանի, Պաղեստինեան կարեւոր ճակատը եւ ապա Կիլիկիոյ մէջ՝ հայ կամաւորական բանակներուն շնորհիւ է, որ Անթանթը յաղթանակ կ՚արձանագրէ: Կ՚արժէ նշել, որ ընդհանուր առմամբ, լեգէոնը 212 գերի, որոնց մէջ՝ 16 սպայ բռնած էր թուրք-գերմանական զօրքէն եւ նաեւ ազատագրած էր Երուսաղէմը եւ այժմու իսրայէլեան ցեղասպանութեան ենթակայ՝ Կազան։            Պաղեստինի մէջ Հայկական լեգէոնը 22 նահատակ տուաւ, 80 վիրաւոր եւ չորս անհետ կորած։ 21 հոկտեմբեր 1918-ին, անգլիացի զօրավար Էտմոն Ալենպին գոված է հայկական ուժերը դաշնակիցներուն բարձր հրամանատարութեան յղած իր պաշտօնական ուղերձին մէջ. «Աջին, ծովահայեաց բլուրներուն վրայ, Հայկական Լեգէոնի ստորաբաժանումները մեծ քաջութեամբ կռուեցան։ Հակառակ միջավայրի դժուարութեան եւ թշնամիին պաշտպանական գիծերուն հզօրութեան, առաւօտեան կանուխ ժամերուն անոնք գրաւեցին Տիր էլ Քասսիս բլուրը: Հպարտ եմ, որ իմ հրամանատարութեան տակ ունէի հայկական զօրախումբը, անոնք փառաւորապէս կռուեցան եւ մեր յաղթանակին մէջ մեծ դեր ունեցան» (4)։

Անթանթին պահանջով, Թուրքիոյ կեդրոնական եւ արեւելեան շրջաններուն մէջ տակաւին զինաթափ չեղած բանակը եւ զինեալ խուլիկանները ցրուելու եւ զինաթափ ընելու համար, հեգնօրէն, Սուլթան Մեհմետ Ե.-ի հրամանով, Մուսթաֆա Քեմալը կը գործուղուի… 19 Մայիս 1919-ին, երբ Քեմալ Սամսոն նաւահանգիստ կ՚իջնէ, արդէն հերոսի մը նման ժողովրդային ջերմ ընդունելութեան կ՚արժանանայ…

Քեմալը նենգօրէն, զինք գործուղող հրամանը այնպէ՛ս շարադրել տուած էր, որ իրեն կը տրուէր անսովոր, լայն լիազօրութիւններ, ներառեալ՝ ամբողջ Անատոլիոյ մէջ հրամաններ արձակելու եւ գաւառներու կառավարիչները իրեն հնազանդեցնելու իրաւունքով:

«Անատոլիոյ մէջ կարգ ու կանոն հաստատելու իր պաշտօնական առաքելութենէն հրաժարելով՝ ան Ամասիա կ՚ուղղուի: Այնտեղ խանդավառ ամբոխին կ՚ըսէ, որ սուլթանը դաշնակիցներուն գերին դարձած է, եւ ինք եկած է թոյլ չտալու, որ թուրք ազգը սպրդի իր ժողովուրդին ձեռքէն» (5)։

Քեմալ այսպիսով Սուլթանին եւ յաղթանակը չկատարելագործած Անթանթին դէմ կ՚ապստամբի, Սեւրի դաշնագիրի պատրաստութեան իսկ ընթացքին՝ ստորագրուելէն գրեթէ մէկուկէս տարի առաջ… Իսկ Հարպորտին հետ իբրեւ անուղղայ տեսակցութիւն ունեցած էր 20 Սեպտեմբեր 1919-ին, ԺԳ. մաս:

Դաշնակիցները ճնշում բանեցուցին Սուլթանին վրայ՝ ետ կանչելու Մուսթաֆա Քեմալը, որ կ՚անտեսէր կեդրոնին բոլոր հրամանները: Սուլթանը պաշտօնանկ ըրաւ Քեմալը հեռագրեց բոլոր նահանգապետերուն՝ հրամայելով անտեսել Քեմալի հրամանները։ Քեմալը պարզապէս քրէական յանցագործ մը դարձաւ, որ փախստականի կարգավիճակ ունէր: Պէտք է նշել, որ Թուրքիոյ Զինուորական ատեանը Աթաթուրքի դէմ մահապատիժ վճռեց 11 մայիս 1920-ին, իսկ 24 մայիս 1920-ին ատեանին վճիռը հաստատուեցաւ Մոհամետ Զ.-ի կողմէ: Սակայն պոլշեւիկ Ռուսիան եւ Անգլիան իրարու հակադիր նպատակներով, օգնեցին պարտուած ու քայքայուած քեմալական Թուրքիոյ, որպէսզի բանակը վերաշինէ եւ ոտքի կանգնի, ոտնակոխելով Սեւրի դաշնագիրը:

* Լուսաբանութիւններն ու ընդգծումները հեղինակին:

  1. https://www.iwm.org.uk/history/how-did-the-armistice-end-the-first-world-war
  2. https://www.aztagdaily.com/archives/388004
  3. «Հայ յեղափոխականի մը յիշատակները», Ռուբէն Տէր Մինասեան, 7-րդ հատոր, Բ. հրատարակութիւն, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարան, 1979, Պէյրութ, էջ 145-146:
  4. https://en.wikipedia.org/wiki/Battle_of_Arara
  5. https://www.britannica.com/biography/Kemal-Ataturk/The-nationalist-movement-and-the-war-for-independence

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles